Քրիստոնեաներու դէմ բռնութիւնները կը շարունակուին Սուրիոյ մէջ


 

«Վատիկան նիուզ» 27 նոյեմբերին հաղորդեց, որ Քարայի մէջ յոյն կաթողիկէներու Ս.Միքայէլ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Ժորժ Լուիս յայտնած է, որ Դամասկոսի հիւսիսը գտնուող քրիստոնէական եւ ոչ քրիստոնէական գիւղեր արտասահմանեան զինեալ ժիհատական խմբաւորումներու համար թիրախներու վերածուած են։ Այդ զինեալները մահ եւ աւեր կը տարածեն։ Վարդապետը կը բացատրէ, որ Մաալուլա, Սետնայա, Սատատ, ապա Քարա եւ Տէյր Աթիյէ, իսկ այժմ Նեպեք նոյն ճակատագիրին ենթարկուած են։ Զինեալ ժիհատականներ ամէնուրէք նոյն գործելաոճը կը կիրարկեն՝ անոնք գիւղ մը թիրախ կը դարձնեն, գիւղ կը ներխուժեն, կը սպաննեն, կը հրկիզեն եւ կ՚աւերեն։ 

Հայր Լուիս կը պատմէ, թէ նոյեմբեր 16-20-ին Քարայի մէջ ինչ պատահած է։ Գիւղը Սուրիական ազատ բանակին եւ Սուրիոյ կանոնաւոր բանակին միջեւ լռելեայն համաձայնութեան մը հիմամբ՝ ամիսներով ապրած է ոչ պատերազմական եւ մասնակի ինքնավարութեան վիճակի մը մէջ։ Հակամարտութիւն գոյութիւն չունէր եւ գիւղը Սուրիական ազատ բանակի վերահսկողութեան տակ էր։ Մինչ այդ՝ պետութիւնը կը շարունակէր ելեկտրականութիւն եւ ջուր մատակարարել բնակչութեան։ Հարցերը վատթարացած են, երբ 16 նոյեմբերին 3000 ժիհատականներ մուտք գործած են գիւղ եւ զայն վերածած ռազմաճակատի։

Սուրիական ազատ բանակի զինուորները, որոնք փոքրամասնութիւն կը կազմէին, հեռացած են գիւղէն, իսկ բնակիչները սկսած են փախուստ տալ։ Շրջակայ քրիստոնեայ գիւղերէն 6000 քաղաքացի անմիջապէս փախուստ տուած են։ Սակայն Քարայի քրիստոնեայ համայնքը, որ գիւղին պատմական կեդրոնին մէջ հաւաքուած է, չէ ուզած հեռանալ։ Վարդապետը յայտնած է, որ տուներու եւ փողոցներու հրթիռակոծում մը սկսած է եւ իրենք քրիստոնեայ 35 ընտանիքներու հետ եկեղեցւոյ մէջ ապաստանած են աղօթելու համար։ Ռումբ մը հարուածած է եկեղեցւոյ դարպասը։ Երեսնին ծածկուած, երկար մազերով եւ ոչ սուրիացի զինեալներ մուտք գործած են եկեղեցի եւ ըսած. «Կ՚ուզենք ձեր բոլորը սպաննել, քրիստոնեայ շուներ։ Եւ պիտի հրկիզենք այս կրապաշտութեան վայրը»։ Գիւղացիներէն Էմիլ անունով անձ մը քաջաբար առարկած է՝ մէջբերելով Քուրանէն տողեր՝ յայտնելով, որ իսլամութիւնը կը յարգէ քրիստոնեաներն ու այլ փոքրամասնութիւնները։ Զինեալներէն մէկը պատասխանած է, որ իր ղեկավարին պիտի դիմէ այդտեղ հաւաքուածներուն ճակատագիրը վճռելու համար։ Մինչ այդ վարդապետն ու գիւղացիները եկեղեցիէն դէպի հին քաղաքի նեղ փողոցներ հեռացած են, ապա միացած Տեր Աթիէի մէջ գտնուող այլ գաղթականներուն։ Այդտեղ այլ յարանուանութեան պատկանող տեղւոյն քրիստոնեաներուն կողմէ ջերմ ընդունելութեան արժանացած են։ Յոյն ուղղափառ վարդապետն ու ժողովուրդը իրենց հանդէպ առատաձեռնութիւն ցուցաբերած են։ Շատ չանցած սակայն, Տեր Աթիէն նոյնպէս ժիհատականներու ձեռքը անցած է։ Վերջիններս «մարդորսութեան» ձեռնարկած են եւ քրիստոնեաներ պատանդ բռնած։ 

Հայր Լուիս կը պատմէ, որ իրենք 4 օր եւ 4 գիշեր տան մը նկուղին մէջ պահուըտած են՝ առանց կերակուրի, ջուրի եւ ելետրականութեան։ Գիշեր մը աղօթքով անցնելէ ետք կ՚որոշեն փախչիլ։ Անոնք կը հասնին մէկ այլ աւերուած քաղաք մը՝ Սատատ, ուր Սելուանոս Պութրոս Ալնեմեհ արքեպիսկոպոսի եւ քաղաք վերադարձած հաւատացեալներուն կողմէ ջերմ ընդունելութեան կ՚արժանանան։

Մինչ այդ՝ Քարայի մէջ օրեր տեւած բախումներուն պատճառով Ս. Միքայէլ եկեղեցին աւերուած ու հրկիզուած է։ Բազմաթիւ տուներ եւ ճամբաներ ականուած են։ Տեր Աթիէի մէջ գտնուող յոյն կաթողիկէ եւ ուղղափառ այլ եկեղեցիներ նոյն ճակատագրին կ՚ենթարկուին։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.