ՉԵՉԵՆ ԶԻՆԵԱԼՆԵՐԸ՝ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ, ՀԱՅԵՐՈՒ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ


 

 

«Անտին» կայքէջը կը հաղորդէ, որ վերջին շրջանին ընկերային ցանցերու վրայ աշխոյժ կերպով կը քննարկուի ղարաբաղեան պատերազմի մասնակից՝ չեչեն նախկին զինեալ Ալի Համզատովի խոստովանութիւնը եւ գնահատումները պատերազմի, հայերու եւ ազրպէյճանցիներու մասին։ Այդ գրութիւնը համացանցին վրայ առաջին անգամ յայտնուած է 2010-ին, նաեւ ի յայտ եկած է ներկայիս Ապու Տապիի մէջ բնակող հեղինակի ինքնութիւնը։

«Անտին» յարմար նկատած է այդ բաւական պերճախօս գրութենէն հատուածներ ներկայացնել ընթերցողի ուշադրութեան՝ աւելցնելով այլ մանրամասնութիւններ ու վկայութիւններ։

ԱԼԻ ՀԱՄԶԱՏՈՎԸ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԱՍԻՆ

Ես աքք եմ (աքք, աքքիացի-չեչենեան ցեղախումբ, տոհմ)։ Ծնած եմ 1970-ին, Կրոզնի։ 1991-էն սկսեալ մասնակցած եմ ժողովուրդիս ազատագրական պայքարին։ 1993-ին գրեթէ երկու ամիս ուղղահաւատներու խումբի հետ Ղարաբաղի մէջ կռուած եմ հայերու դէմ։ Ազրպէյճանցի-թուրք եղբայրներու հետ կը կռուէինք անհաւատներու դէմ։ Մեր իշխանի հետ համաձայնած էինք, որ իւրաքանչիւր սպաննուած հայի դիմաց պիտի ստանանք 200 տոլար։

1993-ի յունիսին մեզ (շուրջ 120 ժիհատականներ) ուղարկեցին հայկական Ագդերա (Մարտակերտ) գիւղի շրջան, ուր ամրացանք թիւ 203 բարձունքին վրայ, անտառապատ լեռնալանջերու մօտ։ Ճիշդը, հայերուն մենք «Պազարներ» (առեւտրական, արհամարհական) կ՚ըսէինք, ես հայեր քանի մը անգամ Կրոզիի շուկային մէջ տեսած եմ։ Ճիշդը, զիրենք կ՚ատէի, ինչպէս ռուսերը կ՚ատեմ։

Գիտցանք, որ մեզմէ ոչ հեռու Մարտակերտի ուղղութեամբ տեղակայուած են եղբայր թալիշները։ Անոնք շատ էին, քանի մը հարիւր հոգի։ Թուրք-ազերիները կանգնած էին Լենինաւանի մօտ։ Յուլիս 24 կամ 26-ին ազերիները թալիշներու հետ յարձակումի գացին, հայերը մղեցին դէպի ջրամբար։ Ինչպէս հետագային իմացայ, անոնք (հայերը) 60-70 հոգի էին։

Մենք անոնց հետ առաջին անգամ բախում ունեցանք յաջորդ գիշեր, երբ անոնք փորձեցին թիկունքէն մուտք գործել մեր ու թալիշներու միջեւ։ Մենք ճնշեցինք թշնամիի կրակը։ Ես մարտերու ժամանակագրութեան մէջ չեմ խորանար, սակայն մէկ բան կ՚ըսեմ, այդպիսի տոկունութիւն եւ քաջութիւն չէինք սպասեր անոնցմէ։ Հայերը սկզբունքով չէին յանձնուիր, սովորաբար կը յարձակէին գիշերները, առանց անկանոն կրակոցներու։ Մենք այդ յարձակումները իսկոյն կնքեցինք «տարօրինակ», որովհետեւ ֆետայիները, ինչպէս իրենք զիրենք կը կոչէին, բարոյական բարձր պատրաստուածութիւն ունէին, հմտօրէն կը քողարկուէին, կը սիրէին յարձակիլ անսպասելի, անպատրաստից կերպով։ Ատիկա սարսափի կը մատներ թուրք «եղբայրները», որոնք քանի մը զոհէ ետք անկանոն կը փախչէին։ Ազերիական երկու զօրամաս փոխարինուեցաւ դասալքութեան եւ իրարու վրայ կրակելու պատճառով։

Օգոստոսի սկիզբը ինծի վիճակուեցաւ լսել թալիշներուն ուղղուած կոչ, որուն մէջ հայերը կ՚ըսէին խօսքեր, որոնք մինչեւ հիմա կը յիշեմ.«Թալիշ եղբայրներ, կովկասցիներ, պատերազմը մեր միջեւ աւարտած է արդէն 1000 տարի առաջ, այն պահուն, երբ թուրք քոչուորները ներխուժեցին Կովկաս։ Եկած է միաւորուելու ժամանակը։ Մենք միասին թուրքերը դուրս պիտի մղենք Կովկասէն։ Մենք յառաջ պիտի շարժինք մինչեւ մեր պատմական սահմանները, ապա կանգ պիտի առնենք, պիտի սպասենք ձեզ»։ Կ՚առաջարկէին յանձնուիլ։ Եւ շատերը յանձնուեցան, իսկ միւսները հետագային զէնքը շրջեցին թուրքերու դէմ։

Հայերը ճիշդ կ՚ըսէին, իշխան Ասլանբէկը վստահ էր, որ անոնք ուշ կամ կանուխ պիտի վտարեն ազրպէյճանցիներուն եւ մինչեւ վերջ հետապնդեն զանոնք։ Ապշեցուցիչ է։ Մենք, թալիշներն ու այլ կովկասցիներ կը կռուէինք Կովկասի մէկ այլ ժողովուրդի դէմ, երբ թուրքերը կը փախչէին ու չէին մասնակցիր բախումներուն։

Հայերը ուժեղ ու համարձակ ռազմիկներ են, ռուսերուն ու ազրպէյճանցիներուն պէս չեն։ Կը յիշեմ, լեզգիները անոնց (ազրպէյճանցիներուն) կը կոչէին ազերոչխարներ՝ կեղծաւորութեան ու վախկոտութեան համար։

Ես վստահ եմ, որ այն ժամանակ մենք ճիշդ ընտրութիւն չենք կատարած՝ կովկասցին կովկասցիի դէմ պէտք չէ կռուի, անկախ այն բանէն, թէ ինչ կրօն կը դաւանի։ Կարեւորը անոր ազգային-հոգեւոր նկարագիրն է։ Հայերը չէին թալաներ, իսկ թուրքերը կը կռուէին միայն թալանի համար: Հայերը կը կռուէին խիզախօրէն, իսկ ազրպէյճանցիները կը վախնային անոնց դէմ մենամարտի ելլելու եւ օրերով կը սպասէին օդուժի հարուածներուն։

Անոնք գիտէին, որ իրենց դիմաց կանգնած ենք մենք նախչիներս (չեչեններու ինքնանուանումներէն), եւ մեզ կը յարգէին, ինչպէս մենք կը յարգէինք զիրենք։

Անոնք պիտի շարունակեն պատերազմը, կանգ պիտի չառնեն, մինչեւ թուրքերը չվռնտեն նաեւ Գիանջայէն։

ԻնշաԱլլահ։

Իսկ դուք՝ լեզգիներ, աւարներ եւ թալիշներ, պէտք է վճռէք. կամ պիտի ոչնչանաք, կամ ձեր հողի վրայ ապրելու արժանապատիւ կեանք վաստկեցէք։ Կովկասցիներու դէմ պատերազմին մէջ, ինչպիսին ալ ատիկա ըլլայ, դուք ոչինչի կը հասնիք…

Ի միջի այլոց, պիտի ուզէի հայերու մասին պատմութիւն մըն ալ պատմել։

Օգոստոսի կէսերուն մեր ջոկատը ազրպէյճանցիներու հետ տեղակայուած էր Ասկերանի մերձակայքը, լեռներու ստորոտը։

Երեկոյեան կողմ մարտ սկսաւ, եւ չէզոք գօտիի մէջ խասավիւրտցի Վահիտը ուսէն գնդացիրի կրակոցէ վիրաւորուեցաւ։ Նախկին դիրքեր նահանջելէ անմիջապէս ետք ամիր Ասլանբէկը մեզի առաջարկեց վիրաւոր եղբայրը դուրս բերել չէզոք գօտիէն։ Այն պահուն, երբ որոշած էինք ձայն տալ հայերուն, որպէսզի դուրս բերենք մեր վիրաւոր եղբայրը, ազրպէյճանցիները յանկարծ յայտարարեցին, որ իբրեւ թէ ատիկա չի թոյլատրուիր, արգիլուած է։ Վահիտէ կը պոռար, բարձրաձայն կը խօսէր չեչեներէն։ Ազրպէյճանցիները հայերուն անոր մօտենալ չէին արտօնէր՝ կը կրակէին, իսկ մեզի կ՚ըսէին, թէ հայերը գազան են, պիտի սպաննեն զինք։ Կէս ժամ ետք մեր եղբայրներէն մէկը՝ տուպայուրտցի, հակառակ այդ բոլորին որոշեց խիզախել ու հասնիլ մեր եղբօր մօտ։ Մենք ձայն տուինք «խաչերուն», թէ կ՚երթանք վիրաւորը տանելու, անոնք «եկէք» պատասխանեցին։ Ազրպէյճանցիները փորձեցին զէնքի սպառնալիքով մեզի արգիլել, սակայն Իսրան չենթարկուեցաւ։ Մեր եղբօր հասնելէ ետք կը տեսնէ՝ կարճահասակ հայ բժիշկը պառկած է անոր քով, կը փորձէ Վահիտի ոտքը ազատել պայթումէն յառաջացած փլուզումի տակէն։ Ի վերջոյ Իսրան կը կարողանայ հանել իր եղբայրը, շալկել, հայը իր կարգին անոր կու տայ լեցուն ջրամանը։ Իսկ կէս վայրկեան ետք, ազրպէյճանցիներէն մէկը հարուածեց հայը։ Անոնք պատասխանեցին հուժկու, համատարած կրակով, սակայն վիրաւորի եւ Իսրայի վրայ չկրակեցին։

Վերջաւորութեան, երբ Ղարաբաղէն կը հեռանայինք, ազրպէյճանցիները ոչ մէկուս դրամ տուին, իբրեւ թէ վատ կռուած ենք։ Մենք զայրացանք, սակայն իշխանը, իմաստուն մարդ, մեզ հանդարտեցուց։ Հետոյ Իչքերիա գալով իմացանք, որ գերագոյն հրամանատար իշխան Պասայեւը եւս կռուած է Ղարաբաղի մէջ։ Ղարաբաղէն ետք ամբողջովին փոխուած էր բոլորին վերաբերմունքը ոչ միայն հայերու, այլ նաեւ թուրք-ազրպէյճանցիներու նկատմամբ։

Հայերը խիզախ եւ ուժեղ ժողովուրդ են, իրենց նպատակին պիտի հասնին։ Անոնք իսկական լեռնցիներ են, նամուս ունեցող, ճակատումի օրէնքները յարգող։ Մեզի պէս ուժեղ չեն, ի հարկէ, սակայն արժանի թշնամիներ էին։ Կը կարծեմ՝ կրնան նաեւ ըլլալ արժանի բարեկամներ։ Մենք 38 ժիհատական կորսնցուցինք, անոնք հիմա Ալլահի գիրկն են։

Այս է հայերու եւ ազրպէյճանցիներու մասին իմ պատմութիւնս։

Ցաւոք, ռուսերը գրաւած են մեր երկիրը, եւ ես ստիպուած եմ հայրենիքէս հեռու գտնուիլ, սակայն պիտի գայ օրը, եւ ես պիտի վերադառնամ, պիտի հաւաքեմ եղբայրներս, որոնց հետ կռուած եմ Ղարաբաղի մէջ, ու պիտի փորձեմ գտնել հայ ֆետայիները, որոնց դէմ կռուած եմ Ղարաբաղի մէջ։ Մէկուն կը կոչէին Մարդ/տ/իրոս Ս/Կ/ամսարեան, դասակի հրամանատար էր, աբխազահայ։ Արդեօք մէկը գիտէ՞ անոր մասին, ո՞ղջ է, թէ՞ զոհուած է։

Ի միջի այլոց, աբխազներու հետ վրացիներու դէմ կռուած եղբայրները Իչքերիայի մէջ նոյնպէս կը պատմէին հայերու մասին։ Նոյնպէս մեծ յարգանքով ու ջերմութեամբ։ Մենք չէինք յիշեր, որ անոնք անհաւատներ են։ Եւ արդեօ՞ք կարելի է այն ամէնէն ետք, ինչ ես տեսած եմ, ազրպէյճանցիները մահմետական համարել, ի հարկէ՝ ոչ։

Ազրպէյճանցիներու կողմէ խոզութիւնը համատարած էր։ Սկիբզէն խլեցին զէնքերը, որ մեր հետ բերած էինք կռուելու, հետոյ կ՚ուզէին մեզ բաժան-բաժան ընել եւ առջեւ նետելով՝ օգտագործել իրենց հիմնական ուժերու համար իբրեւ վահան, մեր վիրաւորները կը ձգէին եւ իրենց դիակները կը տանէին։ Կը ստիպէին իրենց համար խրամատներ փորել այն ժամանակ, երբ իրենք խոզի պէս կը լափէին։ Մէկ խօսքով, իշխան Ասլանբէկը որոշեց մեզ դուրս բերել Ղարաբաղէն։

Ձեզի խորհուրդ կու տամ, մի հաւատաք ազրպէյճանցիներու փանիսլամական կոչերուն։ Ատիկա ես կ՚ըսեմ՝ մարդ մը, որ մօտէն տեսած է ազրպէյճանցիներու «ուղղափառութիւնը»։

Ղարաբաղի մէջ իսլամ զինուորները 300-350 հոգի էին։ Անոնց 30 առ հարիւրը զոհուեցաւ հերոսաբար։

Հայերը գերիներուն ձեռք չէին տար, ի տարբերութիւն ազրպէյճանցիներուն, որոնց «խիզախութիւնը» ի յայտ կու գար անզէններու դէմ միայն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.