Հայութիւնը Ցեղասպանութեան Որբերուն Գորգը Ցուցադրելու Կոչ Ըրաւ Օպամային
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի Կլենտէյլ այցելութեան առիթով մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ. ընթացքին Սպիտակ տունէն պահանջուեցաւ, որ անյապաղ արտօնութիւն տրուի ցուցադրելու Հայկական Ցեղասպանութեան որբերուն կողմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քելվին Քուլիճին՝ 1925 թուականին նուիրուած պատմական գորգը:
Մամլոյ ասուլիսին բացումը կատարեց Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ա-տենապետ Պերճ Կարապետեանը՝ Սպիտակ տունէն յստակ քայլեր պահանջելով այս կապակցութեամբ:
Իր կարգին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Համբարեան հայութեան կողմէ երախտագիտական զգացումներ արտայայտեց Ցեղասպանութեան օրերուն հայութեան ցուցաբերուած ամերիկեան առատաձեռն օժանդակութեանց համար՝ միաժամանակ պահանջելով Օպամայի կառավարութենէն, որ վերջ տայ պատմական այս գորգը բանտարկուած պահելու իր քաղաքականութեան՝ նման քայլ մը «ամերիկեան պատմութեան մէկ մասնիկը հանդիսացող նման կարեւոր առարկայի մը հետ վարուելու արտասովոր քաղաքականութիւն» որակելով:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան՝ նշելով, թէ ինչպէ՛ս հայութեան երախտագիտութիւնը արտայայտող այս գորգը կարեւոր մէկ մասն է ամերիկեան պատմութեան:
Իր կարգին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան նշեց, թէ ամերիկացի եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան խորհրդանիշը հանդիսացող այս գորգը, ամերիկեան պատմութեան այս մասնիկը, կղպանքի տակ պահելու արարքը անարգական է ոչ միայն զայն պատրաստած որբերու յիշատակին, այլ նաեւ Ամերիկայի պատմութեան պատուաբեր էջերէն մէկը ծածկելու փորձ մըն է, որ կը կատարուի Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու ճնշումներուն տակ:
Հաւաքին նամակ մը յղած էր նաեւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որ իր պաշտօնակից Տէյվիտ Վալատաոյի հետ ապահոված էր աւելի քան 30 քոնկրեսականներու ստորագրութիւնը նամակի մը, որ Սպիտակ տունէն կը պահանջէ վերացնել գորգը ցուցադրելուն դէմ դրուած արգելքը:
Ելոյթներ ունեցան նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան, «Շամլեան»ի տնօրէն Վազգէն Մատէնլեան եւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան, իսկ մամլոյ ասուլիսի աւարտին ներկաները ստորագրեցին նամակ մը, որով բարի գալուստ կը մաղթուի նախագահ Օպամային՝ միաժամանակ պահանջելով իրմէ, որ գորգը ցուցադրելու արտօնութիւն շնորհէ:
Նամակը ստորագրողներու շարքին էին նաեւ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան փոխնախագահ Նայիրի Նահապետան, Կլենտէյլի համայնքային քոլեճի հոգաբարձութեան փոխնախագահ դոկտ. Վահէ Փիրումեան եւ ՀՕՄի, ՀՄԸՄի, ՀԵԴի, Հայ ուսանողներու միացեալ միութեան, Հայկական գորգի միութեան, Միացեալ երիտասարդ հայերու, Հայ տարեցներու միութեան եւ Համազգայինի ներկայացուցիչները: