Տաւութօղլու «Պատմական Յանձնաժողով»ի Նախապայմանը Եւս Կ՛աւելցնէ
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հետ կապուած յայտարարութիւններուն մէջ նոր փոփոխութիւն մը ըրած է՝ նախապայմաններուն մէջ ներառելով նաեւ «պատմական յանձնաժողով»ի պայմանը:
Թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան համաձայն՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը խորհրդարանին առջեւ ամավարկին առնչուող քննարկումի մը ընթացքին խօսած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին՝ ըսելով, որ Անգարայի համար շատ կարեւոր է «Հայաստանի կողմէ եղբայր Ատրպէյճանէն գրաւուած հողերուն շուտափոյթ վերադարձը» եւ շեշտելով, թէ այդ նպատակով տարուող աշխատանքներուն զուգահեռ, կ՛ընթանան Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւններով նախատեսուած քայլեր, որոնց մէջ կը ներառուի նաեւ համատեղ «պատմական յանձնաժողովը»:
Միւս կողմէ, «Մարմարա» կը հաղորդէ, թէ Տաւութօղլու Չորեքշաբթի օր հանդիպում մը ունեցած է Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլեըմ Հէյկի հետ եւ հանդիպումէն ետք տրուած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին բացատրութիւններ տուած է օրակարգի բերուած նիւթերուն մասին։ Նախարար Տաւութօղլու պատասխանած է նաեւ Հայաստանէն եկած հրաւէրին մասին ուղղուած հարցումի մը։
Ինչպէս հաղորդած էինք, յառաջիկայ ամիս Երեւանի մէջ պիտի գումարուի Սեւծովեան համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը, որուն համար հրաւէր եկած էր նաեւ Տաւութօղլուին։
Տաւութօղլու ըսած է, որ այս հրաւէրը սովորական հրաւէր մըն է, որ կը ղրկուի բոլորին, եւ սխալ է յատուկ նշանակութիւն մը տալ այդ հրաւէրին։
Այս առիթով, ան կրկնած է, որ Թուրքիոյ տեսիլքն ու պաշտպանած հեռանկարն է Հայաստանի հետ ունենալ բնականոն յարաբերութիւններ եւ լուծուած տեսնել Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւնն ու Արցախի հարցը։