ՍՈՒՐԻՈՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՄԷԿ ԵՐՐՈՐԴԸ ՀԵՌԱՑԱԾ Է


 

 

«Ուորլտ Ուաչ Մոնիթըր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ ըստ Սուրիոյ բարձրաստիճան կրօնաւորներէն մէկուն, քաղաքացիական պատերազմի սկիզբէն ի վեր, Սուրիոյ քրիստոնեաներուն մէկ երրորդ հեռացած է երկրէն։

Յոյն կաթողիկէներու Կրեկորիոս Գ Լահամ պատրիարքը «Պի.Պի.Սի.»-ի յայտնած է, որ Սուրիոյ շուրջ 1.75 միլիոն քրիստոնեաներէն աւելի քան 450 հազարը հեռացած է։ Բայցեւայնպէս, ան վստահ է, որ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքը պիտի գոյատեւէ։

«Ուորլտ Ուաչ Մոնիթըր» կը նշէ, որ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու ճշգրիտ թիւը, ինչպէս նաեւ երկրէն հեռացած քրիստոնեաներու թիւը վիճելի հարցեր են։

Իրենց հաւատքին համար ճնշումի ենթակայ քրիստոնեաներուն զօրակցող «Օփըն Տորզ Ինթըրնաշընըլ» կազմակերպութեան մէկ բանբերը կը յայտնէ, որ իր կարծիքով՝ երկրէն հեռացածներուն թիւը նկատառելի չափով աւելի ցած կրնայ ըլլալ։

Պատերազմին սկիզբէն առաջ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու թիւին շուրջ վէճ մը գոյութիւն ունի։ Ոմանք քրիստոնեաներուն թիւը երկրին բնակչութեան 8 առ հարիւր նկատող պնդումները լաւատեսական կը նկատեն։ Երկրէն հեռացած սուրիացիներուն մէջ ալ, ըլլան անոնք դրացի երկիրներու մէջ գտնուող գաղթականական ճամբարներու մէջ, թէ հեռաւոր երկիրներու մէջ, քրիստոնեաներուն համեմատութիւնը կը կարծուի 8 առ հարիւրէն նուազ ըլլալ։

Կաթողիկէ միջազգային օժանդակութեան գործակալութիւն «Կարիքաւոր եկեղեցւոյ օժանդակութիւն»-ի հրապարակած «2013 հալածուած եւ մոռցուա՞ծ» տեղեկագիրը կը հաղորդէ, որ բազմաթիւ երկիրներէ քրիստոնեաներու հեռացումը կը վտանգէ քրիստոնէութեան աշխարհատարած կրօնք մը ըլլալու կարգավիճակին։ Ըստ զեկուցումին, ամէնէն վատ հարցերը գոյութիւն ունին Հիւսիսային Քորէայի եւ Էրիթրիոյ մէջ։

Զեկուցումին հեղինակներէն մէկը կը նշէ, որ քրիստոնեաներու հալածանքի թատերաբեմ եղող երկիրներու երկու երրորդին մէջ այդ հարցը վատթարացած է եւ կարգ մը շրջաններու մէջ, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցւոյ գոյութիւնը վտանգուած։

Զեկուցումը կը նշէ, որ «Արաբական գարուն»-ը «Քրիստոնէական ձմեռ»-ի վերածուած է, որովհետեւ քրիստոնեաները այդ գարնան համար սուղ գին վճառած են։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.