24 Պելճիքացի Երեսփոխաններ Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանի Կողմէ Ինթըրփոլի Քաղաքական Շահագործումը

Պելճիքացի 24 երեսփոխաններ ստորագրած են հաղորդագրութիւն մը` ընդգծելով, որ Արցախ այցելելը յանցագործութիւն չէ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը:

Անոնք հաղորդագրութեան մէջ նշած են. «Կ՛ափսոսանք, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեանը ձերբակալելու պահանջով հարցում ներկայացուցած են Ինթըրփոլին` Լեռնային Ղարաբաղ-Արցախ այցելելուն համար: Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը հանրային նշանակութեան կազմակերպութիւն է, որուն գործունէութիւնը ուղղուած է քաղաքացիական գործունէութեան միջոցով հանրային տեղեկացուածութեան բարձրացման:

«Հակառակ անոր որ միջազգային իրաւունքին մէջ նախատեսուած չեն իրաւապատասխանատուութեան համապատասխան հիմքեր, որոնք կրնան որեւէ մէկուն համար Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու արգելք հանդիսանալ, ազրպէյճանական իշխանութիւնները վախի մթնոլորտ ստեղծելու նպատակ կը հետապնդեն եւ կը փորձեն քրէականացնել այդպիսի այցելութիւնները:

«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման այլընտրանք չկայ: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դէմ ուղղուած մեկուսացման քաղաքականութեան պարտադրումը կը խախտէ անոնց` Մարդու իրաւունքներու ընդհանուր հռչակագիրին մէջ ամրագրուած հիմնարար իրաւունքները եւ կառուցողական չէ տագնապի լուծման համար:

«Մենք համոզուած ենք, որ Ինթըրփոլը պէտք չէ քաղաքական հետապնդման կամ ահաբեկման հարթակ դառնայ: Մենք ընդսմին կ՛ընդգծենք, որ տագնապի տեւական լուծման կարելի է հասնիլ միայն երկու կողմերուն միջեւ անկողմնակալ երկխօսութեան միջոցով` ներգրաւելով նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի-Արցախի ժողովուրդը»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.