ՀՅԴ Հայաստանի «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւնը STOP կ’ըսէ կառավարութեան
1659
0
Անակնկալ նուէր մը յանձնեց ՀՅԴ Հայաստանի «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւնը Հայաստանի վարչապետին, բողոքի բաժակ մը նուիրելով իրեն։ Ուսանողական միութեան անդամներ, Նոյեմբեր 14-ին բողոքարշաւի դիմեցին բողոքելու համար ուսման բարձր վարձքերուն, ցած կրթաթոշակներուն, արտագաղթին, կաշառակերութեան, մոնոփոլներուն դէմ:
Երթը կազմակերպուած էր ուսանողի օրուան՝ Նոյեմբեր 17-ին ընդառաջ: Երթի մասնակիցները յայտնեցին թէ գրեթէ բոլոր համալսարաններուն մուտքերուն առջեւ կանգնած էին ուսուցիչներու խորհուրդի նախագահները, փակելով դռները որպէսզի ուսանողները չկարողանան մասնակցիլ երթին: