ԹՐՔԱԿԱՆ ԳԱՂՏՆԻ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԵԱՆ՝ ՄԻԹ-Ի ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ


 

Օմեր Այմանլի թրքական «Ուորլտ Պուլեթին» կայքէջին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Ապտուլհամիտ Բ. սուլթանը, Օսմանեան կայսրութեան ներքին թէ արտաքին զարգացումներուն լոյսին տակ, հիմնած է Թուրքիոյ տեղեկահաւաքի առաջին արդի գործակալութիւնը։ «Եըլտըզ» տեղեկահաւաքի կազմակերպութեան հաստատման նպատակը եղած է պետութեան եւ անոր վարչակազմին դէմ դաւադրութիւնները բացայայտել։ Այս գործակալութեան գործունէութիւնը 33 տարի ետք դադրեցուած է, երբ Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կուսակցութիւնը Ապտուլհամիտ Բ-ը հեռացուցած է իշխանութենէն։ Յեղաշրջումէն ետք, նշեալ տեղեկահաւաքի կազմակերպութեան պատկանող 100,000 էջ փաստաթուղթեր պալատէն դուրս բերուելով հրկիզուեցան։

Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կուսակցութեան իշխանութեան օրերուն՝ կայսրութեան մէջ աշխուժացող եւ հետզհետէ աճող անջատողական խմբակներու դիմակայման համար՝ տեղեկահաւաքի ծառայութիւնը բարելաւելու յաւելեալ քայլեր առնուած են։ Պալքաններու մէջ աղէտալի աւարտ մը ունեցած արշաւէ մը ետք, անոնք լաւ գաղտնի սպասարկութեան մը կարեւորութիւնը հասկցած են, ուստի 17 նոյեմբեր 1913-ին հինմած են «Թեշքիլաթ-ի Մահսուս»-ը։

Նոր կազմակերպութիւնը երեք տարուան ընթացքին իր աշխատակազմին թիւը բարձրացուցած է երեսուն հազար գործակալներու, որոնք տեղաւորուած տարբեր բաժանմունքներու մէջ եւ տարածուած ամբողջ կայսրութեան տարածքին եւ արտասահմանի մէջ։ Ըստ յօդուածագրին, այդ գործակալներուն շարքին եղած են բժիշկներ, ճարտարապետներ, լրագրողներ, քաղաքագէտներ, զինուորներ եւ հրոսակներ (հեղինակը զարմանալի կերպով մոռցած է նշելու բանտերէն ազատ արձակուած ոճրագործներն ու մարդասպանները «Հ»)։ Կայսրութեան երեք ցամաքամասերուն վրայ գտնուող գործակալները Պոլսոյ Տուրուօսմանիյէ շրջանին մէջ գտնուող կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին հրամանատարութեան տակ եղած են։ Համաշխարհային Ա պատերազմին ընթացքին անոնք Պենկազիի, Թրիփոլիի, Պասրայի եւ Եգիպտոսի մէջ հրոսակներու խումբեր կազմակերպած են։ Այմանլի կը նշէ, որ կայսրութեան վերջին տարիներուն անջատողական տարրերու դէմ հասարակութեան միութիւնը ապահովելու իր ջանքերուն ընթացքին «կազմակերպութիւնը իսկապէս արդի գաղտնի սպասարկութեան մը ձեւով գործեց»։

Օսմանեան կայսրութեան տապալումէն ետք, Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ղեկավարները ստիպուեցան փախուստ տալ։ Կուսակցութեան ղեկավար Թալեաթ Փաշան փախուստի դիմելէ առաջ վերջին հրաման մը տուած է։ Ան հիմնադրած է գաղտնի կազմակերպութիւն մը, որ «ազգային պայքարին» մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է։ Անոր անդամները Պոլսոյ եւ Անատոլուի մէջ զէնք, զինամթերք եւ զինուորներ մաքսանենգած են։ Անատոլուի շրջանին մէջ եւս բազմաթիւ նոյնպիսի խմբակներ կազմուած են։

23 սեպտեմբեր 1923-ին, այդ խմբակներէն մէկը, որ ծանօթ էր «Համզա» անունով Անգարայի մէջ թրքական խորհրդարանին կողմէ իբրեւ պաշտօնական գաղտնի սպասարկութիւն ճանչցուած է։ Սակայն, երբ անգլիացիները գաղտնազերծած են տեղեկութիւններու փոխանցման համար խմբակին օգտագործած գաղտնագիրը, անոր անդամները այլ անունի տակ համախմբուած են։ Անոնք իրենց կազմակերպութիւնը կոչած են տարբեր անուններով ինչպէս՝ «Մուճահիտ», «Մուհարիպ» եւ «Ֆելահ»։ Հուսամեթին Էրթուրքի եւ Ֆեւզի Փաշայի կողմէ կազմուած է մէկ այլ կազմակերպութիւն մը, որ ծանօթ էր «Մուտաֆաա-ի Միլլի» կամ «Միմ Միմ» կրճատուած անունով։ Անոր անդամները երկրին տարածքին զէնքեր, զինուորներ եւ զինամթերք մաքսանենգած են եւ թշնամիներու կեդրոններէն ձեռք բերուած տեղեկութիւններ Անգարա փոխանցած են։

«Ազգային պայքար»-ի ընթացքին Ռազմական ոստիկանութիւն կազմակերպութիւն անունով տեղեկահաւաքի գործակալութիւն մը կազմուած է արեւմտեան ճակատին վրայ, սակայն անոր գործակալներուն ոչ արհեստավարժ վարմունքին պատճառով մէկ տարի ետք փակուած է։ 1921-ին զայն փոխարինած է Հետաքննութեան իշխանութեանց վարչութիւնը, սակայն կարճ ժամանակ ետք լուծարուած է։ Մուտանիայի զինադադարէն Լոզանի դաշնագիր երկարող ժամանակահատուածին ընթացքին այս մարզին մէջ առաջնակարգ դերակատարութիւն ունեցած է «Էրքան-ը Հարպիէ-ի Ումումիէ Ռիասեթի»-ն։

Հանրապետութեան հաստատումէն ետք, Թուրքիոյ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Ֆեւզի Փաշայի հրամայած է տեղեկահաւաքի նոր գործակալութիւն մը ստեղծել։ 6 յունուար 1926-ին ստեղծուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, որ կցուած է «Էրքան-ը Հարպիէ-ի Ումումիէ Ռիասեթի գրասենեակին։ Ֆեւզի Փաշան անոր ստեղծման մասին խօսելով կը նշէ, որ այդ գործակալութեան կեդրոնատեղին Անգարայի մէջ էր եւ ունէր Պոլսոյ, Իզմիրի, Ատանայի, Տիգրանակերտի եւ Կարսի մէջ մասնաճիւղեր, որոնք ուղղակի կերպով կապուած էին կեդրոնատեղիին՝ աւելցնելով, որ «այսուհետեւ, տեղեկահաւաքի ծառայութիւնները, որոնք բանակային սպաներու կողմէ կը կատարուէին՝ այս կազմակերպութեան կողմէ պիտի կատարուին»։

Այս քայլէն ետք, Համաշխարհային Ա պատերազմին ընթացքին գերմանական գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար զօր.Վալթեր Նիքոլայը Թուրքիա հրաւիրուած է։ Վերջինիս կողմէ իրեն ուղղուած հրաւէրին ընդունումէն ետք, համաձայնութիւն գոյացած է թուրք գործակալներ ուղղարկելու Գերմանիա, ուր անոնք անձնապէս գերմանացի զօրավարին կողմէ կը մարզուին։ Դասընթացքները սկսած են Մարտ 1926-ին։

Մինչ կազմակերպութեան կանոնագրութիւնը կը բանաձեւուէր, զինուորներ եւ քաղաքայիններ տեղեկահաւաքի շուրջ խորհրդաժողովներ կը կատարէին։ Տարուան աւարտին, կազմակերպութիւնը չորս բաժանմունքներու բաժնուած է Ա) տեղեկահաւաք, Բ) պաշտպանութիւն, Գ) քարոզչութիւն եւ Դ) թեքնիք օժանդակութիւն։

1932-էն 1939-ի միջեւ կազմակերպութիւնը սկսած է աւելի սերտօրէն գործակցիլ ապահովական մարմիններուն հետ, մինչեւ որ 1939-ին, ամբողջական կերպով զետեղուած է ապահովական մարմիններու հրամանատարութեան տակ։ 1960-ին կցուած է Ազգային անվտանգութեան վարչութեան եւ 1965-ին վերանուանուած Ազգային տեղեկահաւաքի կազմակերպութիւն (Milli ?stihbarat Te?kilat? – MIT)։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.