Արցախի Հարցին Շուրջ Հակասական Դրոյթներ՝ Եւրոխորհրդարանին Մէջ
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Հոկտեմբեր 23-24ին, Սթրազպուրկի մէջ գումարուած Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին, եւրոպատգամաւորները նախնական քուէարկութեամբ հաստատած են Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումը եւ մինչ այսօր արձանագրուած յառաջխաղացքն ու անյաջողութիւնները ներկայացնող զեկոյցին փոփոխութիւնները:
Զեկոյցի կէտերէն 16րդը եւ 23րդը կ՛առնչուին Լեռնային Ղարաբաղի: Այս կէտերուն վերաբերող լուրերը տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու պատճառ դարձած են:
Մասնաւորապէս, ատրպէյճանական կողմի նախաձեռնութեամբ տարածուած լուրերուն համաձայն՝ Եւրոխորհրդարանը հաստատած է այդ երկու կէտերը, որոնք իրարու կը հակասեն: Անոնցմէ առաջինին մէջ, Եւրոխորհրդարանը կը յիշեցնէ իր դիրքորոշումը այն մասին, թէ՝ «Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրի մէկ կողմէն միւսին տարածքին բռնագրաւումը խախտում մըն է Արեւելեան գործընկերութեան հիմնարար սկզ-բունքներուն ու նպատակներուն», իսկ 23րդ կէտը կը կրկնէ այս կէտի որոշ դրոյթները:
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Գասպար Կարապետեան այս մասին ըսած է, թէ արդէն իսկ 16րդ կէտը մերժուած է, իսկ 23ը, որուն մէջ 16րդ կէտի դրոյթները կան, տակաւին կը մնայ զեկոյցին մէջ, հակառակ այն իրողութեան, որ այդ դրոյթները վերցնելու նախնական համաձայնութիւն գոյացած էր:
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Հայաստանի դեսպանատունը արդէն իսկ դիմած են Եւրոխորհրդարան, այս թիւրամացութիւնը սրբագրելու համար: