Ռուսիոյ Մէջ Կայ Հայաստանի Աւելի Քան 300 Հազար Քաղաքացի
1539
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ռուսիոյ գաղթականութեան ծառայութիւնը հրապարակած է վիճակագրական տուեալներ՝ առնչուած օտար քաղաքացիներուն, որոնք կը գտնուին Ռուսիոյ տարածքին: Վիճակագրութիւնը կատարուած է տարիքային դրութեան հիման վրայ:
Համաձայն կայքէջին, Ռուսիոյ մէջ կը բնակին մինչեւ 17 տարեկան 29,053, 18-29 տարեկան աւելի քան 106,193 եւ 30-39 տարեկան 76,309 Հայաստանի քաղաքացիներ: 40-49 տարեկաններուն թիւը 58,033 է, 50-59 տարեկաններունը՝ 52,048, 60 տարեկան եւ աւելի տարիք ունեցողներունը՝ 16,713: Ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի քաղաքացիներուն թիւը 338,349 է: