Արցախի Շարժման 25ամեակին Նուիրուած Միջազգային Խորհրդաժողով
ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- ԼՂՀ պատկան պետական յանձնաժողովի եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Հոկտեմբեր 4-5, Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային խորհրդաժողով մը՝ նուիրուած Ղարաբաղեան շարժման 25ամեակին:
Խորհրդաժողովի կազմակերպման իրենց ներդրումը բերած են նաեւ Հայաստանի քաղաքական գիտութեանց միութիւնը եւ Պելճիքայի Լուվենի համալսարանը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ խորհրդաժողովի համակազմակերպող, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը, քաղաքական էական նշանակութիւն ունեցող սոյն խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ Արցախի ազգային ազատագրական պայքարի ակունքները՝ քննելով նաեւ Կիւլիստանի պայմանագիրի կարեւորութիւնը:
Նախատեսուած ելոյթներով հանդէս կու գան յայտնի քաղաքագէտներ, փորձառու գիտնականներ, որոնց շարքին՝ փրոֆեսէօրներ Պեռնարտ Քուլի, Ճեֆրի Ռապըրթսըն, Աշոտ Մելքոնեան, Միհրան Տապաղ եւ Արա Պապեան:
Արցախի տնտեսական զարգացման շուրջ կլոր սեղանի զրոյցին պիտի մասնակցին ԼՂՀ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբէկեան, ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Դաւիթ Լոքեան եւ Աւստրիայէն Ռայնհոլտ Էքհարթ:
Յունաստանէն ներկայ պիտի ըլլան երեսփոխան Միխայիլ Թամիլոս (Հայ-յոյն խորհրդարանական խմբակցութեան փոխնախագահ) եւ երեսփոխան Քաթերինա Մարքու, ինչպէս նաեւ՝ լրագրող-հրապարակախօս-վերլուծաբան Սաւաս Քալենտերիտիս եւ լրագրող Քոսթաս Փլիաքոս:
Կիպրոսէն պիտի մասնակցի եւրօերեսփոխան Էլենի Թէօխարուս (Եւրոխորհրդարանի եւ Արցախի միջեւ բարեկամութեան խումբի նախագահ) եւ «Լիտրա» քոլեճի նախագահ Իաննիս Խարալամպիտիս: Պիտի մասնակցին նաեւ պելճիքացի ծերակուտական Ան-տրէ տիւ Պիւս, երեսփոխան Ժան Տեֆոսէ եւ թրքական ծագումով պելճիքացի լրագրող Մեհմետ Քէօքսալ:
Նաեւ, զրոյցին ներկայ պիտի ըլլան Պելճիքայի եւ Անգլիոյ Հայ Դատի յանձնախումբերու ատենապետները:
Այս խորհրդաժողովը առիթ պիտի տայ ԼՂՀ պետական անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներու, խորացուած քննարկումներու, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակի այցելութիւններու: