Հայ Եկեղեցւոյ Միութիւնը Շեշտող Պատմական Իրադարձութեամբ Մը. Ս. Էջմիածինի Մէջ Իր Աշխատանքներուն Սկսաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովը


 

Նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի, Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Սեպտեմբեր 24-ին սկսաւ Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ժողովը:

Ժողովին մասնակցելու համար աշխարհի տարբեր ծայրերէն Ս. Էջմիածին ժամանած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր թեմերու առաջնորդները եւ պատուիրակները: Հայ եկեղեցւոյ 75 արքեպիսկոպոսներէն եւ եպիսկոպոսներէն ներկայ էին 62-ը:

Եպիսկոպոսաց այսպիսի համահաւաք ժողով մը տեղի ունեցած է 600 տարի առաջ:

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս ողջունեց ներկաները Ս. Էջմիածինի մէջ: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ առաջին անգամն է, որ Եպիսկոպոսաց ժողով կը գումարուի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եպիսկոպոսաց դասի մասնակցութեամբ:

Ժողովի մասնակիցներուն ողջոյնի խօսք ուղղեց նախագահ Սերժ Սարգսեան` վերյիշելով այն կարեւորագոյն առաքելութիւնը, որ Հայ առաքելական եկեղեցին կատարած է հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար: «Իրապէս դարակազմիկ իրադարձութեան ականատես կը դառնանք: Հանգամանքներու բերումով դարեր շարունակ, մասնաւորաբար վերջին վեց հարիւրամեակներու ընթացքին, կարելի չէ եղած գումարել Հայոց եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց դասի ժողով: Ուրախութեամբ պէտք է արձանագրեմ, որ այժմ կարելիութիւն ստեղծուած է յաղթահարելու այդ հարցը»:

Նախագահ Սարգսեան նաեւ վստահութիւն յայտնեց, որ ժողովը «նոր յառաջընթաց պիտի ազդարարէ հայոց հոգեւոր կեանքին մէջ եւ թոյլ պիտի տայ համայն հայութեան նոր եռանդով ու լիցքով լծուելու ազգային իղձերու իրականացման»:

«Եպիսկոպոսը Աստուծոյ տնտեսն է, կ՛ըսէ Պօղոս առաքեալը եւ «խնամք կը տանի Եկեղեցւոյ, որ է քաղաք Աստուծոյ», կ՛աւելցնէ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի մեծ վարդապետը: Այս պատասխանատուութեամբ Եպիսկոպոսաց սոյն ժողովը պիտի քննարկէ եւ որոշումներ տայ մկրտութեան ծէսի եւ սրբադասման օրակարգային հիմնական հարցերուն վերաբերեալ: Մկրտութեան ծէսի միօրինակութեան ապահովման եւ սրբադասման կանոնի հաստատման ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանք իրականացուցած են Ամենայն Հայոց հայրապետութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միացեալ յանձնախումբերը», շեշտեց Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Մեծ Եղեռնի զոհերու սրբադասման հարցին: Նախագահը յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշէմին ամբողջ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ իր «ոչ»-ը հնչեցնել մարդկութեան դէմ ոճիրներուն: Նախագահը պարտք նկատեց մեր նախնիներուն, մեր անմեղ զոհերուն եւ ամբողջ մարդկութեան նկատմամբ, որպէսզի ապագային կարելի ըլլայ կանխել նոր ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը: Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ այս օրերուն Սուրիոյ մէջ կը շարունակուի կործանարար քաղաքացիական պատերազմը, որ դարձաւ սուրիահայ համայնքի ծանրագոյն փորձութիւնը: «Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցողը մեր մեծագոյն ցաւն է եւ մեր ամէնօրեայ թիւ մէկ մտահոգութիւնը: Սուրիոյ ժողովուրդը հայերուս համար ամէնէն ծանր պահուն գրկաբաց ընդունեց ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղածները եւ իր ունեցածը կիսեց մեզի հետ: Մենք կը ցանկանք, որ ստեղծուած իրավիճակին համար ըստ կարելւոյն շուտ քաղաքական լուծում գտնուի եւ դադրի արիւնահեղութիւնը մեր բարեկամ երկրին մէջ»:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ ներկայացուց իր պատկերացումը եւ տեսլականը եկեղեցական բարեփոխումներուն մասին: «Ի՞նչ կը հասկնանք «բարեկարգութիւն» ըսելով-սոսկ անցեալի աւանդութեանց վերականգնո՞ւմը, մեր եկեղեցւոյ ծիսական կարգին վերադասաւորո՞ւմը կամ կրճատո՞ւմը, լոկ լեզուի փոփոխութի՞ւնը եւ կամ ծիսական նոր համակարգի մը հաստատո՞ւմը` մեր կեանքին ներկայ դրուածքին պատշաճող: Մեր հայեցողութեամբ, բարեկագութիւնը ըստ էութեան պէտք է ըմբռնել իբրեւ եկեղեցւոյ կեանքին ու մտածողութեան, վկայութեան եւ առաքելութեան վերարժեւորումը, վերանորոգումը եւ վերակենսաւորումը: Արդարեւ, եկեղեցին կը վերածուի թանգարանի, եթէ չվերանորոգուի», ընդգծեց Արամ Ա. կաթողիկոս (նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի խօսքերը ամբողջութեամբ պիտի տանք հետագային):

Մինչեւ 27 սեպտեմբեր ներառեալ շարունակուելիք Եպիսկոպոսաց ժողովի ծրագիր-օրակարգին վրայ նշուած են մասնաւորաբար երկու հարցեր. Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման հարցը եւ Ս. մկրտութեան ծիսական կանոնական արարողակարգին առնչուող խորհուրդի ծրարը:

Երկու վեհափառներուն ելոյթներու տեսանիւթերը դիտել հետեիեալ կապերով։

http://www.youtube.com/watch?v=3prfO36Zpb0

http://shoghakat.am/am/telecasts/457


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.