Թուրքիոյ Հայկական Վագըֆ Գիւղը Պիտի Պահպանէ Իր Կարգավիճակը


 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարած է, որ ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի Թուրքիոյ միակ հայկական՝ Վագըֆ գիւղը, պահպանէ իր կարգավիճակը, հակառակ քաղաքներու վերաբերեալ օրէնսդրական նոր փոփոխութիւններուն:
Ըստ թրքական «Միլլիյէթ» թերթին՝ թուրք կուսակցապետը այս յայտարարութիւնը կատարած է Վագըֆ կատարած այցելութեան մը ընթացքին:
Քըլըճտարօղլուի հետ զրոյցի մը ընթացքին, գիւղի բնակիչները անհանգստութիւն յայտնած են, թէ քաղաքներու մասին նոր օրէնքով՝ Վագըֆը կրնայ իբրեւ թաղամաս միացուիլ Հաթայ քաղաքին, ինչի հետեւանքով՝ գիւղին հայկական դիմագիծը կրնայ ջնջուիլ:
Քեմալ Քըլըճտարօղլու հայ գիւղացիներուն խոստացած է Վագըֆ գիւղի կարգավիճակը պահպանելու համար օրէնսդրական առաջարկութիւն մը ներկայացնել խորհրդարանին: Ըստ նոր օրէնքին՝ 500էն նուազ բնակչութիւն ունեցող գիւղերը պիտի կորսնցնեն առանձին վարչական միաւորի իրենց կարգավիճակը՝ կցուելով մօտակայ մեծ բնակավայրերուն, միաժամանակ զրկուելով գիւղապետ ունենալու իրաւունքէն:
Թուրքիոյ հայկական միակ գիւղին մէջ ներկայիս կ՛ապրի միայն 135 հոգի: Գիւղը ունի իր գիւղապետը, եկեղեցին, հիւրանոցն ու մշակոյթի կեդրոնը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.