Գերմանիոյ նորընտիր խորհրդարանին մէջ կայ 11 թուրք պատգամաւոր


 

Գերմանիոյ մէջ կայացած խորհդարանական (Պունտըսթակ) ընտրութիւններու ընթացքին, ազգութեամբ թուրք 11 խորհրդարանական թեկնածու ընտրուած է նորընտիր խոհրդարանի անդամ: Ամոնցմէ վեցը անդամ են «Քրիստոնիա-դեմոկրատական միութիւն» կուսակցութեան, երեքը` կանաչներուն, իսկ երկուքը` ձախերու կուսակցութեան: Գերմանական խորհրդարանը ունի պատգամաւորական 630 աթոռ։

Ուշադրութեան արժանի երեւոյթ է այն պարագան, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անժելա Մերքէլի ղեկավարած «Քրիստոնիա-դեմոկրատական» կուսակցութեան անդամներէն 35-ամեայ թրքուհի Ճեմիլէ Կիոսուֆը խորհրդարանի անդամ ընտրուելով դարձած է Գերմանիոյ խորհրդարանի առաջին իսլամ պատգամաւորը:

Նշենք, որ Գերմանիոյ մէջ կը գտնուի թրքական սփիւռքի ամենամեծ համայնքը, որուն թիւը 3 միլիոն է: Թրքական համայնքը Գերմանիոյ մէջ կը նկատուի ամենամեծ ազգային փոքրամասնութիւնը: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.