Սփիւռքի Նախարարութեան Նախաձեռնութեամբ. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Ընդառաջ Եռօրեայ Համաժողով` Երեւանի Մէջ


 

19 սեպտեմբերին սկիզբ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրը կրող հայկական հիմնախնդիրներու իրազեկման կառոյցներու ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովը:

Համաժողովը տեղի կ՛ունենայ 19-21 սեպտեմբեր Երեւանի մէջ եւ անոր կը մասնակցին հայկական հիմնախնդիրներու իրազեկման կառոյցներու շուրջ 50 ներկայացուցիչներ սփիւռքէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն:

Համաժողովին ընթացքին քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ սփիւռքի մէջ ձեւաւորուած շրջանային յանձնախումբերու, հայկական հիմնախնդիրներու կառոյցներու ներկայացուցիչներու գործունէութիւնը եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան արդի հարցեր:

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ` «Ժողովրդական դիւանագիտութեան հիմնախնդիրները» նիւթով քննարկում տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ խորհրդարանական պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն հետ:

Այնուհետեւ քննարկումները շարունակուեցան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ, ուր նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ նախարարութեան բարձրաստիճան հրամանատարական կազմին հետ քննարկուեցան Հայաստանի պաշտպանութեան վերաբերող հարցեր:

Համաժողովը իր աշխատանքային առաջին օրը ամփոփեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման հարցերուն քննարկումով:

 

Սեպտեմբերի 20-ին համաժողովի մասնակիցները հանդիպեցան ՀՀ սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի հետ: Հանդիպման ներկայ էր ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը: ՍԴ նախագահը ներկայացուց ՀՀ սահմանադրաիրաւական ոլորտի բարեփոխումներուն վերաբերող խնդիրները:

 

Համաժողովը իր աշխատանքը շարունակեց Սփիւռքի նախարարութեան շէնքին մէջ, որտեղ համաժողովի մասնակիցները հանդիպեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանի, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեանի, Արտաքին գործերու նախարար Կարէն Միրզոյեանի և այլ բարձրաստիճան պաշտոնեաների հետ:

 

 

Ողջունելով համաժողովի մասնակիցներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան բարձր գնահատեց Սփիւռքի մէջ գործող իրազեկման կառոյցներու գործունէութիւնը: Ան յայտնեց. «Այն, որ մեր բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարուել են Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան շնորհիւ, անժխտելի ու անվիճելի իրողութիւն է: Մենք պէտք է գիտակցենք, որ արցախեան ազատամարտը սկսուեց,  որ այլևս ցեղասպանութիւն չլինի: Կարծում եմ, դուք առաւել պէտք է ձեր  ջանքերը ներդնէք Արցախի հիմնախնդրի իրազեկման և Լեռնային Ղարաբաղի  Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործում»:

 

Ամփոփելով քննարկումըՙ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՂՀ Նախագահին, բարձրօրէն գնահատեց անոր ներդրումը Արցախեան ազատամարտին գծով: Նախարարը յոյս յայտնեցՙ որ Սփիւռքի 30000 հայկական կազմակերպութիւններն ու հայկական հիմնախնդիրներու իրազեկման կառոյցները նոր եռանդով կը գործեն՝ նպաստելով համահայակական խնդիրներու լուծման:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.