Սուրիահայերու Ապահովութիւնը Կախեալ Է Տագնապին Դիւանագիտական Լուծումէն. Շիֆ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Սուրիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններու ապահովութիւնը երաշխաւորելու գործին մէջ, հակամարտութեան դիւանագիտական լուծում մը գտնելը կենսական նշանակութիւն ունի. այս մասին գրած է քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ:
Ըստ Շիֆի՝ Սուրիոյ մէջ ձգձգուող քաղաքացիական պատերազմին մէջ ամենախոցելիները կրօնական փոքրամասնութիւններն են, որոնց շարքին են նաեւ աւելի քան հարիւր հազար հայերը, որոնց ապահովութիւնը կախեալ է պատերազմին վերջ տալու բանակցութիւններուն ընթացքէն:
«Սուրիական պատերազմին սկիզբէն, ես մօտէն հետեւած եմ իրադարձութեանց, գիտնալու համար, թէ ի՛նչ հետեւանքներ կ՛ունենան բախումները եւ սուրիական հասարակութեան փլուզումը՝ երկրի քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց վրայ: Յատկապէս վտանգուած է ապահովութիւնը հայ քրիստոնեաներուն, որոնց մեծ մասին նախահայրերը Սուրիա գաղթած են Հայկական Ցեղասպանութեան տրիներուն, եւ որոնք ներկայիս իրենք զիրեքն գտած են վարչակարգին եւ ապստամբներուն միջեւ: Վերջիններուն մէկ մասը ծայրայեղ իսլամականներ է, որոնց նպատակն է ոչնչացնել քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները», նշած է Շիֆ:
Ան կ՛աւելցնէ, որ տեղեակ ըլլալով քրիստոնէական շարք մը գիւղերու վրայ սուրիական ապստամբներու կատարած յարձակումներուն մասին՝ ինք եւս, սփիւռքահայերուն նման, մտահոգ է ներկայ վարչակարգի տապալումէն ետք հաւանական հետեւանքներով:
Շիֆ ողջունած է Սուրիոյ քիմիական զէնքը միջազգային վերահսկողութեան յանձնելու եւ 2014ի առաջին վեց ամիսներուն զանոնք ոչնչացնելու վերաբերեալ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը:
Շիֆ նաեւ բազմիցս դէմ արտայայտուած է ապստամբներուն զէնքեր տարամադրելու ռազմավարութեան՝ շեշտը դնելով դիւանագիտական ջանքերուն վրայ:
Ան նաեւ անդրադարձած է սուրիացիներուն յատկացուելիք մարդասիրական օգնութեան՝ խոստանալով յաւելեալ օգնութիւն ապահովել անոնց: