1941 թուականի Յունիսի 22-ին սկիզբ առած Մեծ Հայրենական Պատերազմի ընթացքին զոհուեցան 200 հազար հայ զինուորներ

  • Հայրենական մեծ պատերազմին մասնակցած է 500 հազար հայ, որոնցմէ 300 հազարը եղած է Խորհրդային Հայաստանէն, իսկ մնացեալ 200 հազարը` Խորհրդային Միութեան այլ հանրապետութիւններէ:
  • 1939 թուականի տուեալներով հայերու թիւը Խորհրդային Միութեան մէջ մօտ 2 միլիոն էր, այսինքն` հայերու 25 տոկոսը մարտի դաշտին վրայ էր:
  • 200 հազար հայ հերոսաբար ինկած է ռազմադաշտին վրայ:

1941 թուականի Յունիսի 22-ին Մեծ Հայրենականը մտաւ հայերու տուները։ Երեք հարիւր հազար հայ կռուելու գացին Հայաստանէն (1941 թուականին հանրապետութեան բնակչութիւնը մէկ միլիոն երեք հարիւր հազար էր), մնացած մարդիկ, որոնք տունը ձգեցին հայրերը, մայրերը, երեխաները (ոմանք չորս տարիով, ոմանք ալ՝ ընդմիշտ) Խորհրդային Միութեան այլ երկիրներէ էին։ Չվերադարձան մօտ երկու հարիւր հազար հայ զինուոր, եւ եթէ տունը մնացեր էին մեծ եղբայրներ եւ քոյրեր, այդ կը նշանակէր, որ ընտանիքը բախտաւոր է։

Մուտքի դուռն ու բարձրախօսի սեւ շրջանակը. ահա այն երկու կէտերը, զորս գիշեր ու ցերեկ, անհանգստութեամբ եւ յոյսով կը դիտէին թիկունքին յայտնուած մարդիկ։ Կը նայէին դրան, քանի որ ճակատէն նամակներ բերող նամակաբերը կը թակէր զայն (եռանկիւնաձեւ ծալուած էջեր` առանց նամականիշի եւ ծրարի), եւ ամբողջ օրը ձայնասփիւռը մտիկ կ’ընէին, քանի որ ռազմաճակատէն նորութիւններ կը հաղորդէր։ Պատերազմի առաջին տարուան ընթացքին ձայնասփիւռը ոչ մէկ լաւ բան կը յայտնէր։

Ամենակարեւորը հայերուն համար այն էր, ինչ որ կը յայտնէին ձայնասփիւռի լրատուական յայտագիրները։

«Վեց հայկական հրաձգային զօրաբաժին ձեւաւորուեր էր (№ 76, 89, 309, 409, 408 եւ 261), որոնք կը գտնուէին Կովկասի նախալեռներէն մինչեւ Պերլին եւ Պալքանեան թերակղզի, բայց աւելի շատ աչքի կը զարնէր, կը յայտնէր ձայնասփիւռը, 89-րդ զօրաբաժինը, որուն «Թամանեան» անուանումը տրուած էր Թամանի թերակղզիին ազատագրման պատճառով։ Պերլին հասած ֆաշիստական Գերմանիոյ մայրաքաղաքի գրոհին մասնակցած զօրաբաժինի հրամանատարը զօրավար Նուէր Սաֆարեանն էր։ Զօրաբաժինը իր հաշւոյն ունի աւելի քան ինը հազար սպանուած եւ տասնմէկ հազար գերեվարուած հիթլերական։

Նուէր Սաֆարեանը, ի հարկէ, միակ հայ հրամանատարը չէր, որ զօրավարի կոչում ունէր, Անոնք մի քանի տասնեակ էին, իսկ Խորհրդային Միութեան մարշալ, ռազմօդային մարշալ եւ Զրահատանկային զօրքերու մարշալ կոչումներուն արժանացան միայն Յովհաննէս Բաղրամեանը, Սերգէյ Խուդիակովն ու Համազասպ Բաբաջանեանը։

Բաղրամեանն ու Բաբաջանեանը` երկուսն էլ Արցախի Չարդախլու գիւղէն էին։ Միայն այդ գիւղէն պատերազմի մեկնած է 1250 հոգի, անոնցմէ 12-ը զօրավար դարձած են, 57-ն` գնդապետ, իսկ 7 չարդախլեցի արժանացեր են Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչման։ Ահա թէ ինչպիսի՛ գիւղ է։ Ընդհանուր առմամբ, Խորհրդային Միութեան հերոսի աստղին արժանացեր է 106 հայ, իսկ ծովային օդաչու Նելսոն Ստեփանեանը երկու անգամ արժանացեր է անոր։

Երեւանը, ի հարկէ, երբեք ճակատին մօտ քաղաք չէ եղած, բայց դիւրութեամբ կրնար ըլլալ։ Եթէ Խորհրդային բանակը պարտուէր, այդ պարտութիւնը հայերուն համար ազգային աղէտ կը դառնար. արդէն պատերազմի սկիզբը Թուրքիան` Գերմանիոյ ռազմական գործընկերը, Հայաստանի հետ սահմանին մինչեւ ակռաները զինուած վեց զօրաբաժին կը պահէր եւ յարմար առիթ կը սպասէր ներխուժելու համար։ Այս կողմէն սահմանը կը պաշտպանէր 1942 թուականին ձեւաւորուած 261-րդ հրաձգային զօրաբաժինը։ Այստեղ հարկ է նշել, որ այն դարբնոց հանդիսացաւ ճակատներուն վրայ կռուող հայ ազգային զօրաբաժիններուն համար։ Համընդհանուր ռազմական ուսման զօրամասերուն Հայաստանի մէջ պատրաստուեցան մօտ 85 հազար զինապարտ, որոնք, ռազմական գործին տիրապետելով, ձուլուեցան գործող բանակին շարքերուն։ Հրաձգային զօրաբաժինին առաջին հրամանատարը գնդապետ Ներսէս Բալոյեանն էր։

Իսկ մինչ այդ, բարձրախօսները կը փոխանցէին ոչ միայն նորութիւններ ճակատամարտէն, այլեւ աշխատանքային ճակատներէն. զանոնք անմիջապէս կը հոգային առաջնագիծ գտնուողներուն մայրերը, կիներն ու երեխաները։

Պատերազմի տարիներուն հայ դերձակները Խորհրդային Բանակի մարտիկներուն համար կարեցին 136 հազար կտոր տաքցնող հագուստեղէն, ռազմական գործողութիւններու տարածք ղրկուեցան 206 հազար կապոցնուէրներ, 45 բեռնասայլ պարենամթերք, իսկ արքեպիսկոպոս Գէորգ Չորեքճեանի հրամանով ստեղծուած է «Սասունցի Դաւիթ» հրասայլային շարասիւնը։

«Ճակատ ուղարկուած է «Т-34» 43 հրասայլ,- յայտնած էր ձայնասփիւռը:- Հրասայլային շարասիւնը մասնակցած է Ուքրանիոյ ռազմական գործողութիւններուն, որոնցմէ ետք, համալրուելով կրկին 22 ռազմական մեքենայով, մասնակցած է Մերձբալթիկայի ճակատին»:

Ձեռքերը ծալած նստած չէր նաեւ հայկական սփիւռքը։ Մօտ 20 հազար հայ կը կռուէր Միացեալ Նահանգներու հետեւազօրքին, նաւատորմին եւ օդային ուժերուն մէջ։ Անոնցմէ յատկապէս ակնառու էին հրամանատար Հայկ Շեքերճեանը, հազարապետ Զաւէն Նալպանտեանը, հարիւրապետ Ճորճ Ճասկալեանը, տեղապահ Չարլզ Առաքելեանը, գնդապետ Սեմ Զաքիոնն ու Ճոն Խուդոյեանը, տասնապետ Ճեյմս Թոփալեանը, պահեստային Լիւսի Ստեփանեանը եւ այլք։ Սակայն այդ մասին հայկական ձայնասփիւռը յաճախ չէր խօսեր։ Եւ ահա եկաւ այն օրը, երբ ձայնասփիւռը հայերէնով յայտարարեց եւ ամբողջ օրը կրկնեց Հայրենական Մեծ պատերազմի գլխաւոր հաղորդագրութիւնը. «Յաղթանակ»։ Իսկ յետոյ մարշալ Ժուկովը ըսաւ. «Ֆաշիզմի նկատմամբ տարած մեր յաղթանակին ընթացքին հայերը` սկսած շարքայիններէն մինչեւ մարշալ, անմահացուցին իրենց անունները խիզախ մարտիկներու չնսեմացող փառքով»։

Սերգէյ Բաբլումեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.