100 տարուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ ոչնչացուած է աւելի քան 2000 հայկական եկեղեցի


 

 

 

Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան վերջերս անդրադարձած է հայկական պատմական եկեղեցիներու եւ յուշարձաններու տխուր իրականութեան, թրքական Հապերլեր լրատուական կայքէջին յայտնելով, թէ   Սասուն-Սիլվան-Պիթլիս ուղղութեամբ ժամանակին գոյութիւն ունեցած է հայկական շուրջ 2000 եկեղեցի, այսօր, սակայն, նոյն այդ տարածքին մէջ, 10 հատը հազիւ կանգուն են:

Աթէշեան Սրբազան նշած է, որ մինչև 1914 թուականը, ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ հայերը ունէին 2170 եկեղեցի, սակայն 100 տարուան ընթացքին մնացած է միայն 45-ը:

Միևնույն ժամանակ Սրբազանը ընդգծած է, որ Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնը համեմատաբար աւելի հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ հայկական եկեղեցապահպանութեան ենդրին, քան նախորդ վարչակազմերը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.