1920 թուականի գաղտնի փաստաթուղթը կը բացայայտէ Թուրքիոյ ծրագիրները, ինչպէս այսօր, այնպէս ալ այն ժամանակ` վերացնել Հայաստանը
- (0)

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Վերջին ամիսներուն բազմիցս յղումներ կը կատարուին թրքագէտ, դոկտոր Ռուբէն Սաֆրաստեանի 2019 թուականին Երեւանի մէջ հրատարակուած կարեւոր հայերէն գիրքին՝ «Մուսթաֆա Քեմալ․ պայքարը Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ 1919-1921 թուականներին» խորագրեալ:
Գիրքը ներկայիս յատուկ ուշադրութեան կիզակէտ դարձաւ այն պատճառով, որ արժէքաւոր այլ տեղեկութիւններու շարքին կը ներկայացնէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ահմետ Մուհթարի կողմէ 8 նոյեմբեր 1920-ին Արեւելեան ռազմաճակատի (Հայաստանի սահման) բանակի գլխաւոր հրամանատար Քեազիմ Քարապեքիրին ուղարկուած ծածկագրուած հեռագիրին բովանդակութիւնը: Այս փաստաթուղթը առաջին անգամ հրապարակուած է Պոլսոյ մէջ, 1960 թուականին, Քարապեքիրի «Մեր անկախութեան պատերազմը» գիրքին մէջ:
Դոկտոր Սաֆրաստեանի համաձայն, այս փաստաթուղթը կ՛արտացոլացնէ Թուրքիոյ նախագահ Մուսթաֆա Քեմալի (հետագային նշանաւոր իբրեւ Աթաթուրք) դիրքորոշումը եւ չէր կրնար գրուիլ առանց անոր յատուկ ցուցումներուն եւ հաստատման: Մուհթարը նշած է, որ՝ «Այս գաղտնի հրամանը կը պարունակէ (թրքական) կառավարութեան իրական նպատակը»: Ատոր կողքին, Քեմալը 1920 թուականի փետրուար 5-ին ծածկագիր հեռագիր յղած է Քարապեքիրին` հրահանգելով անոր նախապատրաստուիլ Հայաստանի վրայ յարձակումի:
Այս պատմական փաստաթուղթին արժէքն այն է, որ 1920-ին թրքական կառավարութեան թշնամական դիրքորոշումը զարմանալիօրէն նման է անոր ներկայի դիրքորոշման՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ: Ապշեցուցիչ զուգահեռներ կան այն մասին, թէ Թուրքիան ինչպէ՛ս Հայաստանը կը դիտարկէր անցեալին եւ ինչպէս կը վերաբերի այսօր: Նման բաղդատական վերլուծում մը կարեւոր է նաեւ հասկնալու համար մտածելակերպը Ազրպէյճանի ղեկավարութեան, որ Թուրքիոյ «կրտսեր գործընկերն» է: Գաղտնի փաստաթուղթը անմիջականօրէն կ՛առնչուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետեւողական ջանքերուն` «Խաղաղութեան պայմանագիր» ստորագրելու նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ` այն համոզմամբ, թէ նման թուղթի կտոր մը կրնայ կանխել Ազրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի վրայ:
Բազմաթիւ վախազդու զուգահեռներ նկատելի են 1920 թուականին գրուածին եւ այսօր տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն միջեւ: Յատուկ կերպով կ՛ընդգծեմ թրքական գաղտնի փաստաթուղթին այն հատուածները, որոնք մեր օրերուն եւս նոյնքան չարագուշակ են․
«Կասկած չկայ, որ Հայաստանի զինադադարի առաջարկը այս պահուն, երբ ան մեկուսացուած է թէ՛ արեւմտեան, թէ՛ արեւելեան աշխարհներէն, նպատակ ունի խուսափիլ վրայ հասնող աղէտէն: Հազիւ զօրացած՝ Հայաստան բնականաբար պիտի աշխատի իրականացնել Սեւրի պայմանագիրով իր վրայ դրուած Արեւելքի հետ մեր կապը խզելու պարտականութիւնը, ինչպէս նաեւ յոյներուն հետ միասին պիտի վտանգէ մեր կեանքն ու զարգացումը: Անկարելի է, որ Հայաստանը, որ կը գտնուի մեծ իսլամական շրջանակի կեդրոնը, այդ դաժան ժանտարմի պարտականութենէն սրտի համոզմունքով հրաժարի եւ որոշէ իր բախտը լիովին կապել Թուրքիոյ եւ իսլամութեան հետ: Այդ պատճառով բացարձակ անհրաժեշտութիւն է, որ Հայաստանը քաղաքականապէս ու նիւթապէս մէջտեղէն վերցուի: Ասոր հետ մէկտեղ, քանի որ այդ նպատակի իրականացումը կախեալ է մեր հզօրութեան ընձեռած կարելիութենէն եւ ընդհանուր քաղաքական իրադրութեան բարենպաստ ըլլալէն, ապա անհրաժեշտ է վերեւ նշուած կարեւոր նախապայմաններու համաձայնեցուած նախապատրաստութիւն: Անկէ կը բխի, որ քննարկման առարկայ չի կրնար ըլլալ հայերուն հետ պարզ զինադադարի համաձայնութեան մը իբրեւ արդիւնք մեր ետ քաշուելը: Հայերուն փոխանցուող զինադադարի հիմնադրոյթները ուղղուած պիտի ըլլան ոչ թէ Հայաստանէն դուրս գալուն, այլ՝ հայերը մոլորեցնելուն եւ Եւրոպայի նկատմամբ խաղաղասէր երեւալուն: Սակայն իրականութեան մէջ արդիւնքը պիտի ըլլայ մեր նպատակի աստիճանական նախապատրաստութեան ու հասունացման համար անհրաժեշտ նախապայմաններու ստեղծումը:
«Ներկայիս բացարձակ անհրաժեշտութիւն է զօրացրել հայկական բանակը եւ բռնագրաւել անոր զէնքը` այդպիսով կարելիութիւն չտալով, որ վերականգնի անոր ռազմական կառոյցը: Երկաթուղիները հսկողութեան տակ պահելու եւ իսլամ բնակչութեան իրաւունքները պաշտպանելու պատրուակով անհրաժեշտ է մեր ռազմական հսկողութիւնը հաստատել Հայաստանի ողջ տարածքին վրայ եւ այդպիսով մեր ձեռքին մէջ պահել Թուրքիան Ազրպէյճանին կապող բոլոր ուղիները: Վերոնշեալ նպատակը պէտք է իրականացնել քողարկուած ու փափուկ ձեւով` ինչպէս խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութեան, այնպէս ալ անոնցմէ բխող գործողութիւններուն մէջ` հայերուն համար մնայուն կերպով խաղաղասէր երեւելու պայմանով։
«Ընդունումը սահմանին վերաբերեալ հանրաքուէ կատարելու սկզբունքին, որ կը հանդիսանայ առաջին կէտը այսօր ձեզի ուղարկուած զինադադարի համաձայնագիրին, զոր պէտք է փոխանցէք Հայաստանի կառավարութեան, կը բխի Հայաստանի հետ սահմաններու վերջնական որոշումը խոչընդոտելու ձգտումէն: Կրնաք ժամանակաւորապէս ընդունիլ Պրեստ Լիթովսքի սահմանագիծը, քանի որ նպատակ դրուած է այդ հարցին մէջ հայերուն ձեռքէն նախ եւ առաջ սահմանի վերաբերեալ գրաւոր առաջարկ ստանալ եւ այդպիսով խոչընդոտել բանակցութիւններու փակուղի մուտքը: Սակայն անհրաժեշտ է յարատեւ միջամտութեան համար հող նախապատրաստել` սահմանի միւս կողմը մնացող իսլամ փոքրամասնութեան իրաւունքները պաշտպանելու պատրուակով: Պայմանագիրին մէջ պէտք է ներառել կէտեր, որոնք պիտի ապահովեն կարելի եղածին չափ արագ թշնամիին ձեռքէն զէնքի բռնագրաւումը եւ անոր բանակի զօրացրումը: Անհրաժեշտ է յատուկ ջանքեր գործադրել քայլ առ քայլ տարածաշրջանի թուրքերը զինելու եւ ազգային զինուած ուժեր ստեղծելու ուղղութեամբ: Անոնք իրարու պիտի կապեն Արեւելքն ու Արեւմուտքը եւ Ազրպէյճանը դարձնեն ինքնուրոյն թրքական պետութիւն»:
Կան շարք մը մտահոգիչ նմանութիւններ 1920-ի թրքական փաստաթուղթին մէջ արտայայտուած թշնամական մտադրութիւններուն եւ այսօրուան իրավիճակին միջեւ․
1․- Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստորագրուելիք «Խաղաղութեան պայմանագիրը» չի խանգարեր նախագահ Ալիեւը իր բազմիցս յայտարարած մտադրութիւնը իրականացնելէ` ներխուժելու եւ գրաւելու ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, զոր ան կը կոչէ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»: Ալիեւի չարամիտ մտադրութեան լաւագոյն ապացոյցը անոր մնայուն սպառնալիքներն են, որոնք Հայաստանէն անվերջ զիջումներ կը պահանջեն: Որքան Նիկոլ Փաշինեան բաւարարէ Ալիեւի փափաքները, այնքան Ալիեւի պահանջները պիտի աւելնան:
2․- Եթէ Փաշինեանն ընդունի Ալիեւի պահանջը` վերաբնակեցնել 300 հազար ազրպէյճանցիներ Հայաստանի մէջ, ատիկա հաւանաբար պիտի նշանակէ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջը: Ալիեւ կրնայ ամէնէն դոյզն պատրուակն անգամ օգտագործել իր զօրքերը Հայաստան ուղարկելու համար` իբր թէ իր հայրենակից ազրպէյճանցիները պաշտպանելու նպատակով:
3․- 1920 թուականի փաստաթուղթին մէջ նշուած «մեր ձեռքը պահել Թուրքիան Ատրպէյճանին կապող բոլոր ճամբաները» յղումը նման է «միջանցք»-ի ներկայի պահանջին, ուր կ՛արտացոլայ Թուրքիոյ դարաւոր ձգտումը դէպի «Թուրանի ճանապարհ»` կապելու Կեդրոնական Ասիոյ թուրքական հանրապետութիւնները Թուրքիոյ։