Հրանդ Տինքի Դատավարութեան Մասին Ֆէթհիյէ Չէթինի Գիրքը


 

 

ՄԱՐՄԱՐԱ.- Գորայ Չալըշքան Սեպտեմբեր 13-ին  «Րատիքալ»ին կայքէջին վրայ հրատարակած է «Կարդացէք, ամօթ պիտի զգաք» խորագրեալ յօդուած մը ուր օրակարգի կը բերէ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը եւ այն գիրքը զոր փաստաբան Ֆէթհիյէ Չէլիք գրած է Հրանդ Տինքի դատավաորւթեան մասին եւ որ հրապարակ պիտի ելլէ այսօր Մէթիս մատենաշարէն։

Յօդուածագիրը նախ կը պատմէ թէ Հրանդ Տինքի սպանութեան օրը ինք ի՞նչպէս իմացած էր այդ լուրը։ Կը պատմէ այն հոգեցնցումը զոր ապրած էր այդ պահուն, համալսարանի մէջ կամ իր տունէն ներս։ Հեռատեսիլէն տեսած էր Հրանդին անշնչացած մարմինը, գետինը պառկած վիճակով։ Մտածած էր որ ի՞նչ կրնար ընել, հասկցած էր որ բան մըն ալ չէր կրնար ընել։

Ապա ան կանգ կ՚առնէ դատավարութեան խայտառակ ընթացքին վրայ, կը յիշեցնէ թէ դատարանը մերժած էր ընդունիլ այս սպանդը ծրագրած գաղտնի կազմակերպութեան մը գոյութիւնը, հակառակ որ այլեւս ամէն մարդ հասկցած էր որ կազմակերպութիւն մը կար այդ ոճրին ետին։ Դատարանը ոճիրը նկատած էր պարզապէս Օկիւն Սամասթի անհատական յանցագործութիւնը։ Բարեբախտաբար փաստաբաններ ու ողջամիտ շրջանակներ միջամտեցին ու դատարանին որոշումը բեկանուեցաւ վերին դատարանին կողմէ։ Հիմա, դատավարութիւնը դարձեալ պիտի սկսի։

Ճիշդ այս փուլի վրայ է որ Մէթիս Մատենաշարէն հրապարակ պիտի ելլէ Հրանդ Տինքի դատավարութեան փաստաբան Ֆէթհիյէ Չէթինի նոր մէկ գիրքը, որուն անունն է. «Ամօթ Կը Զգամ – Հրանդ Տինքի Դատավարութեան Վճիռը»։ Յօդուածագիրը այս գիրքը արդէն կարդացեր է եւ կը յիշեցնէ Հրանդ Տինքի այն խօսքը թէ ամէնէն վաւերական վճիռը դատարանին տուածը չէ, ժողովուրդին խղճմտանքին արձակած վճիռն է։ Ֆէթհիյէ Չէթինն ալ իր գիրքին մէջ կը պատմէ թէ առաջին անգամ ի՞նչեր զգաց երբ լսեց Հրանդ Տինքի սպաննուած ըլլալը։ Ապա ան կը պատմէ առաջին օրէն մինչեւ այսօր այն հանգրուանները որոնցմէ անցաւ այս դատավարութիւնը։ Կը պատմէ թէ ինչպէս դատարանը պէտք է երթայ այս խնդրին տակէն եկող գարշահոտութեանց վրայ։

Յօդուածագիրը կ՚եզրակացնէ.«Կարդացէք այս գիրքը, պիտի չզղջաք»։

 

ԳԻՐՔԻՆ ՄԱՍԻՆ ԱՅԼ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ֆէթհիյէ Չէթինի վերոյիշեալ գիրքին մասին անդրադարձում մը հրատարակուած է նաեւ Պիանէթ կայքէջի վրայ։ Այստեղ կը պատմուի որ Ֆէթհիյէ Չէթին իր գիրքին մէջ շատ հետաքրքրական եղելութիւններ կը պատմէ, կը պատմէ թէ որո՞նք կարգ մը վկայութիւններ բերած են իրեն սա կամ նա անձի սպանութեան, բայց մանաւանդ Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ։ Կը խօսի նաեւ լրատուութեան մը մասին, ըստ որու այժմ արտասահմանի մէջ ապրող Տրապիզոնցի մը դիմագրաւած է Տինքի սպանութեան ծախսերը։ Ըստ Չէթինի, բոլոր այդ լրատու անձերը, մանաւանդ մէկ երկու գաղտնի վկաներ, աւելի վերջ մէջտեղերէն անհետացած են։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.