«Ղարաբաղ Պատրաստ Է Ընդունելու Սուրիահայ Գաղթականները» Կ՛ըսէ Արթուր Աղաբեկեան


 

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Ղարաբաղի մէջ ընդունելու սուրիահայ գաղթականները:

Ան վստահեցուց, որ կառավարութիւնը անհատական մօտեցում պիտի ցուցաբերէ Ղարաբաղի մէջ հաստատուած իւրաքանչիւր սուրիահայու նկատմամբ:

Աղաբեկեան ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ սուրիահայերուն` ոչ թէ խմբակային, այլ անուն առ անուն, ընտանիք առ ընտանիք: «Այս առումով ինչո՞ւ սպասենք, նորէն տեսնենք, թէ ի՞նչ իրադարձութիւններ կրնան տակաւին տեղի ունենալ: Կոչ կ՛ուղղեմ սուրիահայ մեր եղբայրներուն, ուր որ ալ գտնուիք` Դամասկոսի մէջ թէ այլ տեղ, բոլոր անոնց, որոնք անհանգիստ կը զգան եւ իրենց ընտանիքը վտանգուած է, ապա անոնք կրնան գալ եւ լիարժէք հասարակութեան անդամ ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», ըսաւ Աղաբեկեան:

Նշենք, որ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան շուրջ շաբաթ մը առաջ յայտարարեց, որ սուրիահայերը պէտք է կարենան շրջափակումէն որոշ ձեւով դուրս գալ, եւ այդ խնդիրը իրենք կը քննարկեն նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն ներկայացուցիչներուն հետ:

Արթուր Աղաբեկեան, վերահաստատելով Տիգրան Սարգսեանի յայտարարութիւնը, նշեց, որ այս առնչութեամբ արդէն որոշակի քայլեր ձեռնարկուած են:

«Վարչապետին այցելութեան ժամանակ քննարկում տեղի ունեցաւ, թէ արդեօք Լեռնային Ղարաբաղը կարելիութիւններ ունի՞ գաղթականներ ընդունելու: Միանշանակ մեր վարչապետը պատասխանեց, որ մենք, այո՛, պիտի դիմենք այդ քայլին, եթէ կայ անոր անհրաժեշտութիւնը, նոյնիսկ վարչապետը հարց դրաւ, որ սկսինք համայնքներուն մէջ ուսումնասիրել, տեսնենք` քանի դատարկ տուներ կան, ուր անհրաժեշտութեան պարագային կրնանք օգտուիլ այդ կարելիութենէն», ըսաւ Ղարաբաղի փոխվարչապետը:

Վերջին երկու տարուան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղ տեղափոխուած են շուրջ երեսուն սուրիահայ ընտանիքներ, որոնց մեծ մասը բնակութիւն հաստատած է Քաշաթաղի շրջանին մէջ: Սուրիահայերը կ՛ըսեն, որ Քաշաթաղի շրջանը ընտրած են` հաշուի առնելով տեղի եւ իրենց նախկին բնակավայր Գամիշլիի կլիմայի ընդհանրութիւնը: Այդ շրջանին մէջ վերահաստատուած սուրիահայերը հիմնականին մէջ կը զբաղին հողագործութեամբ: Երկու տարիներու ընթացքին տեղական իշխանութիւնները մասամբ լուծում տուած են անոնց բնակարանային, ինչպէս նաեւ գործի հարցերուն:

Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ Սուրիոյ մէջ իրադարձութիւններու յաւելեալ սրման եւ սուրիահայերու մեծ արտահոսքին պարագային պատրաստ են ընդունելու անսահմանափակ թիւով սուրիահայեր` խոստանալով ապահովել անհրաժեշտ կենսապայմանները:

Պաշտօնական Պաքուն այս տարուան յուլիսին ՄԱԿ ուղարկած է ցուցակ մը, որուն մէջ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին պնդումով, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակած սուրիահայերու անուններն են: Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ վերջերս տարածուած նամակին մէջ ալ կը նշուի, որ այդ ցուցակին մէջ նշուած անձերէն ոեւէ մէկը երբեք եւ ոչ ալ ներկայիս գտնուած է կամ կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ:

Միւս կողմէ ալ, Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետը յայտարարեց, որ մէկ կողմ դնելով քաղաքական շահարկումները` Ղարաբաղը պիտի շարունակէ ձեռք երկարել գաղթական այն ընտանիքներուն, որոնք ապաստան պիտի գտնեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

«Գաղթական ընդունիլը միշտ ալ եղած է  միջազգային հանրութեան կողմէ ընկալելի պատուաբեր իրադարձութիւն մը եւ գաղթական ընդունող երկրի մը նկատմամբ միշտ ալ խոնարհում տեղի ունեցած է: Հիմա, եթէ Ազրպէյճան ինքզինք ցոյց կու տայ իբրեւ հակառակ մօտեցում ունեցող, թող միջազգային հանրութիւնը եզրակացութիւն յանգի, թէ ինչպիսի՛ երկիր կայ ՄԱԿևի անդամ երկիրներուն ցանկին վրայ», ընդգծեց Արթուր Աղաբեկեան:

Փոխվարչապետը կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին` Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան որոշումներուն վերաբերեալ այլեւս դիրքորոշում չյայտնելու:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.