Հարիւրաւոր Ուխտագնացներ Մասնակցեցան Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Պատարագին


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Կիրակի, Սեպտեմբեր 8ին, Հայաստանէն ու արտասահմանէն հարիւրաւոր ուխտագնացներ, ինչպէս նաեւ Պոլիսէն եւ Թուրքիոյ զանազան նահանգներէն հաւատացեալներ այս տարի դարձեալ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ համախմբուեցան, ամէնամեայ Ս. պատարագին առիթով։ Չորրորդ տարին է, որ Աղթամարի Ս. Խաչ պատմական եկեղեցին կը շնչէ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ խունկը եւ կը վերյիշէ պատարագի աղօթքներն ու երգեցողութիւնները, իսկ հաւատացեալներ խորախորհուրդ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ աղօթքի իրենց ձայնը կը հասցնեն Աստուծոյ։ Առաջին անգամ ըլլալով, մօտաւորապէս 100 տարի ետք, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Սեպտեմբեր 8ին տեղի ունեցաւ նաեւ Ս. Մկրտութիւն։
Պատրիարքական աթոռի կարգադրութեամբ, հոգեւոր հայրեր, սարկաւագներ եւ դպիրներ, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ «Ս. Մեսրոպ-Ս. Սահակ» երգչախումբի անդամներն ու վարիչները Շաբաթ առաւօտեան մեկնեցան Վան, ուրկէ անմիջապէս ուղղուեցան դէպի Աղթամար կղզի՝ նախապատրաստուելով հանդիսաւոր Ս. պատարագին։
Հայաստանէն ու զանազան երկիրներէ, ինչպէս նաեւ Սասունէն, Մուշէն, Տիարպեքիրէն եւ Պոլիսէն հաւատացեալներ շաբաթավերջին ճամբայ ելան դէպի Վան ու իջեւանեցան քաղաքի պանդոկներուն մէջ՝ սպասելով աւանդական պատարագին։ Ուխտաւորներուն մէջ այս տարի աչքառու էր հայաստանցիներու մեծ թիւը։ Անոնցմէ ետ չէին մնար նաեւ Թուրքիոյ զանազան շրջաններէ եկող հայեր, սակայն պոլսահայ ուխտաւորներուն թիւը այնքան ալ բարձր չէր։
Պատարագին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի քաղաքական եւ հասարակական յայտնի գործիչներ, Ատանայի մօտ Ամերիկայի հիւպատոս Ճան Էսփինոզա, Վանի քաղաքապետը, Կեւաշի քաղաքապետը, Վանի երեսփոխան Նազմի Կիւր, յայտնի դերասան Քատիր Ինանըր եւ ուրիշներ։
Պատարագէն ժամեր առաջ Աղթամար կղզիին վրայ եւ դէպի կղզի տանող նաւահանգիստներուն մէջ սահմանուած էին ապահովական խիստ միջոցառումներ, իսկ պատարագի տեւողութեան օդէն հսկողութիւն կ՛իրականացնէին ոստիկանական ուղղաթիռներ։ Կղզիին վրայ էին արտակարգ իրավիճակներու փրկարար ջոկատներ եւ շտապ օգնութեան աշխատակիցներ։
Պատարագին հանդիսապետեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, որ յընթացս Ս. պատարագի նաեւ քարոզեց հաւատացեալներուն: Պատարագը մատոյց Զաքէոս Ծ. վրդ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները սրտառուչ մեկնաբանութեամբ կատարուեցան «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» դպրաց դասի երկսեռ անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ վարիչ Սեւան Արապօղլուի։
Քարոզի ընթացքին Արամ սրբազան ըսաւ, որ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ պատարագները երբեք ու երբեք քաղաքական, տնտեսական, զինուորական կամ ազգային յաղթանակ պէտք չէ նկատել։ «Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին հաւատքի տուն մըն է, որ միջոցի մը համար կորսուած, իսկ հիմա դարձեալ «վերագտնուած է»։ Վանի այս պատմական կղզիին վրայ մենք ա՛յդ կը տօնենք», ըսաւ Արամ սրբազան ու աւելցուց. «Մէկ եւ միակ Աստուծոյ մը նկատմամբ հաւատքը պէտք է քաջալերէ նմանօրինակ զոհողութիւնները եւ պէտք է մեր մէջ ստեղծէ սիրոյ եւ նուիրումի արժէքները իրարու հետ բաժնելու եւ իրարու հետ զօրակցելու հոգեկան եւ բարոյական տրամադրութիւն մը»։
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ նաեւ հաւաքական մկր-տութիւն. մկրտուեցաւ պոլսաբնակ ընտանիք մը, որ իր արմատներուն վերադարձած է. նաեւ՝ Հայաստանէն հինգ հոգի, անոնց կարգին բժիշկ մը եւ Վան անունով 8ամեայ տղեկ մը։
«Նիուզ» կը տեղեկացնէ, թէ կղզիին վրայ գտնուող ոստիկանները պնդած են, որ պատարագի պահուն կղզիին վրայ կը գտնուէր մօտաւորապէս 3 հազար քաղաքացի:

ՑՈՅՑ՝
ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Միւս կողմէ, զանազան միութիւններու անդամներ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին Վանայ լիճի նաւամատոյցին մօտ ու ծաղիկներ նետեցին ջուրը՝ խորհրդանշական յուղարկաւորութեան նամազ մը ընելով Աղթամար կղզիին վրայ իբր թէ հայկական հրոսախումբերու կողմէ սպաննուած մահմետական յիսուն կիներու եւ Վանի ժողովուրդին համար։ Ցուցարարներու կարգին էին Հայոց անհիմն պնդումներուն դէմ պայքարի միութեան, Հոլանտա-Ատրպէյճան մշակութային միութեան, Միջազգային սփիւռքին դէմ պայքարի միութեան եւ Կիպրոսի հաշմանդամներու միութեան անդամներ, բայց ոստիկանութիւնը չարտօնեց, որ անոնք կղզի մուտք գործեն, ուստի իրենց ցոյցը կատարեցին լիճի միւս ափին։
Յիշեցնենք, որ Ս. Խաչ եկեղեցին վերանորոգուելէ ետք դարձած է թանգարան, սակայն 2009էն ի վեր, տարին մէկ անգամ հոն պատարագ մատուցելու արտօնութիւն տրուած է:

Ս. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10ին պիտի կատարուի Տիարպեքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան  տօնախմբութիւնը։ Պատրիարքարանը այս թուականը յարմար նկատած է այն մտածումով, որ Վանի Աղթամար եկեղեցւոյ արարողութեան համար եկած ուխտաւորները կը մասնակցին նաեւ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ տօնախմբութեան։ Եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի անդամներէն Կաֆուր Թիւրքայ ըսաւ, թէ ասիկա առաջին անգամն է, որ Տիարպեքիրի մէջ այսպիսի արարողութիւն մը կը կատարուի։ Կը կարծուի, թէ աշխարհի զանազան տեղերէն ժամանած մօտաւորապէս 500 ուխտաւորներ պիտի մասնակցին անոր։
Թիւրքայ յիշեցուց նաեւ, որ արարողութեան հրաւիրուած են Տիարպեքիրի զանազան քաղաքներու քաղաքապետներ ու հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.