Ըստ Չեթինի՝ Տինքը Սպաննելու Հրահանգը Թուրքիոյ Ազգային Հետախուզութեան Սպասարկութենէն Եկած Է


ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հրանդ Տինքի սպանութեան առնչուող բացայայտուած նոր փաստերուն մասին տեղեկութիւններ հրապարակուած են Տինքի փաստաբան Ֆեթիհէ Չեթինի հեղինակած «Կ՛ամչնամ. Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը» գիրքին մէջ:
Չեթին կը պնդէ, որ Թուրքիոյ ազգային հետախուզութեան սպասարկութիւնը (MIT) հայ լրագրողին սպանութեան հրամանը տուած է կիւրիլերէնով գաղտնագրուած ձեւով: Այս պնդումը հիմնուած է Թուրքիոյ ազգային հետախուզութեան գաղտնագրութեան մասնագէտ Ռամազան Տիւնտարի պատմածներուն եւ ներկայացուցած փաստերուն վրայ:
«2010ի Մարտ 16ին, անծանօթ մը հեռաձայնեց եւ Ռամազան անունով ներկայացնելով ինքզինք՝ յայտնեց, թէ կ՛աշխատի ազգային հետախուզութեան Արեւելեան Անատոլիայի վարչութեան մէջ, իբրեւ գաղտնագրութեան մասնագէտ: Ան ըսաւ նաեւ, որ Տինքի սպանութեան վերաբերեալ կարեւոր փաստեր ունի եւ եթէ կարենամ Հալէպի մէջ Ֆրանսայի հիւպատոսարան երթալ, ապա ան կրնայ տրամադրել այդ փաստերը», գրած է Չեթին իր գիրքին մէջ:
Չեթին կը նշէ, որ «Skype»ով շարունակած է խօսիլ այս անձին հետ, որ իր դէմքը միշտ ծածկած պահած է, սակայն ցոյց տուած է Թուրքիոյ ազգային հետախուզութեան կնիքով թուղթեր, որոնց վրայ գրուած էր «գաղտնի» կամ «յատուկ սպասարկութիւններ»:
Երբ Չեթին հարց տուած է, թէ այս բոլորը ի՞նչ կապ ունին Տինքի սպանութեան հետ, Ռամազան պատասխանած է, որ այդ փաստաթուղթերը գաղտնագրուած են, եւ աւելցուցած է, թէ ոչ մէկ պետութիւն իր ներքին նամակագրութեան մէջ «Գնա՛, Հրանդը սպաննէ» պիտի գրէ:
Ռամազան նաեւ հաստատած է Չեթինին, թէ ինք պատրաստ է վկայութիւն տալու, եթէ դատավարութիւնը Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեան հասնի:
Չեթին եւ Հրանդի եղբայրը՝ Խոսրով Տինք, հանդիպելով Ռամազան Տիւնտարի հետ, ստացած են փաստաթուղթերը, որոնցմէ մէկը Տինքի սպանութեան հրահանգն է: Չեթին կը գրէ, որ Թուրքիոյ ազգային հետախուզութենէն իրեն յայտնած են, որ նման աշխատակից չեն ունեցած, իսկ այդ փաստաթուղթերը իրենց չեն պատկանիր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.