Հայաստան Աւելի Լաւ Դիրքի Վրայ Է Համաշխարհային Մրցունակութեան Զեկուցումին Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 5 Սեպտեմբերին կառավարութեան նիստին բացումը կատարելով՝ յայտարարած է, որ, Մրցունակութեան համաշխարհային զեկուցումին համաձայն, Հայաստան 3 կէտով բարելաւած է իր դիրքը: «Բայց մեզ համար չափազանց կարեւոր է, թէ ի՛նչ չափանիշներով ենք մենք կարողացել բարելաւել մրցունակութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւնում եւ ի՛նչ չափանիշներով են մեր դիրքերը թուլացել», յայտնած է վարչապետը։
Հայաստանի տնտեսական մր-ցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Շաբոյեան զեկուցած է, որ հրապարակուած զեկուցումով Հայաստան ներկայիս 79րդ դիրքի վրայ է՝ նախորդ տարուան 82ին փոխարէն: Մրցակցութեան ոլորտի առաջին ցուցանիշը տեղական մրցակցութեան ուժգնութեան ցուցանիշն է, յաջորդը հակամենաշնորհային քաղաքականութեան արդիւնաւէտութեան ցուցանիշն է, իսկ երրորդ ցուցանիշը, որով կը բնութագրուի մրցակցային միջավայրը, շուկային մէջ գերիշխող դիրք ունեցող տնտեսվարողներուն ազդեցութիւնն է մրցակցութեան վրայ, որ ցոյց կու տայ, թէ գերիշխող դիրք ունեցողները որքանո՛վ կը խոչընդոտեն մրցակցութիւնը, որքանո՛վ կը սահմանափակեն։ «Այս ցուցանիշի գծով նոյնպէս բարելաւում է արձանագրուել», յայտնած է Շաբոյեան:
Ապա վարչապետ Տիգրան Սարգսեան թուարկած է Հայաստանի յատկանշական հինգ առաւելութիւնները եւ թերութիւնները: «Առաջին առաւելութիւնը, որը համահունչ է «Տուինկ պիզնիս»ի մեր բարձր վարկանիշին, նոր բզինես սկսելու համար անհրաժեշտ գործընթացների քանակն է: Այս ցուցանիշով մենք աշխարհում զբաղեցնում ենք 10րդ տեղը: Աշխատանքի ընդունուելու եւ աշխատանքից ազատուելու գործելակերպով՝ 12րդ տեղը, պետական քաղաքականութեան մշակման գործընթացի թափանցիկութեամբ՝ 24րդ տեղը, ներդրողների պաշտպանութեան ուժգնութեամբ՝ 25րդ տեղը եւ պետական կառավարման բեռի ուղղութեամբ՝ 34րդ տեղը: Սրանք մեր յարաբերական առաւելութիւններն են»։
Աչքառու թերութիւններուն առաջինը, ըստ վարչապետին, կառավարման դպրոցներուն որակն է՝ 120րդ դիրք, երկրին մէջ տաղանդներու պահպանման ունակութիւնը՝ 121րդ, մաքսային գործընթացներու բեռը՝ 123րդ, արտաքին շուկայի չափի համաթիւը՝ 127րդ եւ համախառն ներքին արդիւնքի մէջ արտահանման մասնաբաժինը՝ 139րդ:
«Այս յարաբերական ուժեղ եւ թոյլկողմերը մեզ յուշում են, թէ մենք ինչ անելիքներ ունենք: Այս հաշուետուութեան մէջ մանրակրկիտ ներկայացուած են նաեւ այլ գերատեսչութիւններին վերաբերող խնդիրները՝ կրթական, առողջապահական համակարգ, որտեղմեր դիրքերը վատացրել ենք: Պէտք է մանրակրկիտ ուսումնասիրենք, թէ ինչ քայլեր պէտք է ձեռնարկենք, որպէսզի այստեղ կարողանանք վերականգնել մեր դիրքերը: Յանձնարարութիւն է տրւում բոլոր նախարարութիւններին, որպէսզի այս հաշուետուութիւնն ուսումնասիրեն եւ իրենց որորտների վերաբերեալ վարչապետին մէկ շաբաթուայ ընթացքում ներկայացնեն առաջարկութիւններ, թէ ինչ քայլեր պէտք է ձեռնարկենք, որպէսզի բարելաւենք միջավայրը», յայտնած է վարչապետը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.