Թուրք Ազգայնամոլներ Պիտի Փորձեն Խանգարել Աղթամարի Արարողութիւնը


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջերս հաղորդած էինք, որ ինքզինք «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն» կոչած մարմինը պնդած էր, թէ Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցին հայերուն չի պատկանիր, այլ կը պատկանի քրիստոնեայ փեչենեք թուրքերուն։ Միութեան անդամները նաեւ ազդարարած էին, թէ պիտի չարտօնեն, որ հայերը տէր կանգնին այդ եկեղեցիին, իսկ Կիրակի, Սեպտեմբեր 8ին, երբ հայերը հոն արարողութիւն կատարեն, իրենք եւս պիտի երթան ու պիտի պաշտպանեն թուրքերուն իրաւունքները։
Միութեան նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյ Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28ին դարձեալ հրապարակ իջած է ու կրկնած վերոյիշեալ պնդումները։ Կը թուի, թէ ան այս անգամ շարժման անցած է, երբ տեղեկացած է, թէ հայերը Աղթամարի եկեղեցւոյ մէջ նաեւ խմբային մկրտութիւն պիտի կատարեն այս տարի։ Կիւլպէյ հետեւեալը ըսած է.
«Հայերը դարձեալ պիտի գան ու ասիկա անոնց չորրորդ գալն է։ Այս անգամ մկրտութիւն ալ պիտի ընեն, եղեր։ Հայերը կը պնդեն, որ այս եկեղեցին իրենցն է, բայց մենք մեր վերջին շրջապտոյտներուն ընթացքին  հրապարակեցինք, որ ասիկա քրիստոնեայ թուրքերու կը պատկանէր։ Մեր այս հրապարակումին դէմ հակազդեցութիւններ եղան. մեզի հարցուցին, թէ փաստեր ունի՞նք ի ձեռին։ Մենք փաստեր ունինք։ Այս փաստերը պիտի յանձնենք մշակոյթի նախարարութեան եւ Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան։ Մենք այս փաստաթուղթերը պիտի յանձնենք, որպէսզի ամէն մարդ լուսաբանուի։ Վաղը հայերը պիտի ըսեն, որ ասիկա մերն է ու սեփականատիրութեան թուղթ պիտի պահանջեն։ Մենք կ՛ուզենք անոնց պատասխանել, որ այս եկեղեցին քրիստոնեայ փեչենեք թուրքերու կը պատկանի։ Մենք 2-3 հանրակառքերով Վան պիտի երթանք. ատրպէյճանցի հիւրեր ալ պիտի ունենանք։ Հոն մեխակներ պիտի թողունք ի յիշատակ բոլոր այն իսլամ կիներուն, որոնք 1915 եւ 1918 թուականներուն հայ հրոսախումբերու կողմէ սպանդի ենթարկուեցան կամ իրենց պատիւը փրկելու համար իրենք զիրենք Վանայ ծովուն մէջ նետեցին։ Եթէ Վանի մէջ յուշարձան մը պիտի բացուի, ապա այդ յուշարձանը պէտք է նուիրուի այդ 50 իսլամ կիներուն, որոնք իրենց պատիւը պաշտպանեցին»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.