ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ՅԱՐԳԱԼԻՑ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔԻ Կ՚ԱՐԺԱՆԱՆԱՅ


 

Վլատիմիր Սոքոր «Ճէյմզթաուն» վերլուծական կեդրոնի կայքէջին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի անդամ վեց երկիրներէն Ազրպէյճանն է, որ կը թուի թէ ռուսական ճնշումի տարբեր ձեւերէն չազդուիր, ուստի Քրեմլինէն յարգալից վերաբերմունքի կ՚արժանանայ։ Այս երկու ազդակները սերտօրէն առնչուած են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջազգային յարաբերութեանց վերաբերեալ տեսակէտին, որ ինքնին կը բխի անոր ընկերային շրջանակէն։ Թաղեցի «լաւ տղու» մը նման, Փութին ուժը կը յարգէ եւ աւելի տկար եղողներուն նեղութիւն կու տայ։

Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան գերաստիճանի ընթացքին ստորագրուելիք ընկերակցութեան եւ առեւտուրի համաձայնութեանց նախօրեակին, Ռուսիա կանխարգիլող հակա-միջոցառումներ կ՚որդեգրէ։ Առեւտրական պատերազմի կը դիմէ Ուքրանիոյ դէմ, որուն ղեկավարութեան Ռուսիոյ ենթակայ ըլլալու անցեալը պատճառ կը դառնայ Քրեմլինի կողմէ շարունակական շանթաժի, Մոլտավիոյ մէջ քաղաքական անկայունութիւն կը յառաջացնէ, Պիէլոռուսիոյ մէջ ռազմական քայլեր կը կատարէ, հայկական «յառաջապահ դիրքը» կ՚ամրապնդէ եւ Վրաստանի մէջ փշաթելէ դարպասներ կը յառաջացնէ, հակադարձելով Թիֆլիսի կողմէ անձկալից ձեռք երկարման։ Բոլորին պարագային ալ Ռուսիա նախ ճնշումներ գործադրէ, իսկ խայծերը կ՚օգտագործէ զիջողական վերաբերմունքի իբրեւ հաւանական պարգեւ։

Արեւմտեան ուղղուածութիւն ունեցող Ազրպէյճանի պարագային, սակայն Մոսկուա կը գիտակցի, թէ այդպիսի գործելաոճեր անհաւանական են, որ գործի ծառայեն։ Ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ բանակցութիւնները սառեցնելէ բացի, Ռուսիա Ազրպէյճանի վրայ ճնշումի լուրջ միջոց չունի, ոչ ալ նկատառելի առաջարկ-խայծ մը։ Ի տարբերութիւն Արեւելան գործընկերութեան մէջ Եւրոպական Միութեան այլ գործըներներուն՝ Ազրպէյճան կրնայ Ռուսիոյ դիմաց կանգնիլ մեկնելով՝ քաղաքական ներքին կայունութեան, տնտեսական ուժի եւ միջազգային ամրապնդուած վարկի դիրքերէ։

Պաքուի ինքնավստահութիւնը երեք սիւներ ունի. առաջին՝ երկրին ղեկավարութիւնը իր գործերէն բխող օրինականութիւն եւ յարատեւութիւն ապահոված է, ինչ որ արգելք կը հանդիսանայ, որ Ռուսիա իշխանութեան շուրջ պայքար մղող մրցակիցները շահագործէ։ Երկրորդ՝ Ազրպէյճան ո՛չ ռուսական ուժանիւթի մատակարարումներէն կախեալ է ո՛չ ալ Ռուսիոյ ներքին շուկային յատուկ հասանելիութենէն։ Եւ երրորդ՝ Ազրպէյճան ուժանիւթի մատակարարումներու եւ ռազմավարական տարանցման ուղիներու ազդակներուն շնորհիւ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական գործընկերի վերածուած է։ Այս բոլոր ազդակները հաւաքաբար կը մեղմացնէն որեւէ տկար կէտ, զոր Մոսկուա, այլապէս, պիտի փորձէր շահագործել։

13 օգոստոսին Փութինի Պաքու այցելութեան նախօրեակին Պաքուի մէջ կարգ մը մեկնաբաններ նախատեսեցին, որ Փութին Ազրպէյճանէն պահանջէ, որ իր քաղաքականութիւնները մօտիկ ապագային վերատեսութեան ենթարկէ. կամ Ռուսիոյ ղեկավարած Մաքսային միութեան միանալով Եւրոասիական ուղղուածութիւն որդեգրէ կամ ալ Ռուսիոյ կողմէ տնտեսական եւ քաղաքական հակազդեցութեան վտանգը դիմագրաւէ։ Անոնք Փութինի կոչ ուղղեցին, որ Ալիեւը «մեզի հետ կամ մեզի դէմ» ընտրանքի դիմաց դնէ, սակայն Փութին, ըստ երեւոյթի, այդպիսի բան չկատարեց, որովհետեւ հաւանաբար գիտակցեցաւ, որ այդ մէկը ապարդիւն պիտի մնայ։

Երկու ամիս ետք նախատեսուած Ազրպէյճանի նախագահական ընտրութեան լոյսին տակ, Ազրպէյճանի մասնատուած ընդդիմութենէն ոմանք կը յուսային, որ Փութին Կապալայի ռատարի կեդրոնի վարձակալութիւնը չնորոգելու Ալիեւի քայլին հակադարձէ եւ հրապարակաւ քաջալերէ Մոսկուայի մէջ բնակող ազրպէյճանցի միլիառատէրերը, որպէսզի միջամտեն նախագահական ընտրութեան կամ Ռուսիոյ լեզկիները գրգռէ, որպէսզի Ազրպէյճանի մէջ խնդիրներ յառաջացնեն, սակայն, առայժմ այս յոյսերէն ոչ մէկը իրականացած է, ինչ որ ոմանք մղած է գանգատնելու, թէ Փութինի այցելութիւնը Ալիեւի վերընտրութեան զօրակցութեան ցուցանիշ մըն էր։

Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւ երբեմն կը յայտարարէ, որ Ազրպէյճան զարգացման այնպիսի մակարդակի հասած է, որ ոչ ոք կրնայ անոր պարտադրել, որ իր կամքին հակառակ բան մը ընէ։ Փութինի Պաքու այցելութեան ընթացքին վարմունքը կը թուի այս իրողութեան գիտակցութիւն մը եւ այս կացութեան աւելի պատշաճող մարտավարութեան մը որդեգրումը արտացոլացնել։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.