ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՒԵԼԻ ԻՐԱՔԻ ՎԵՐԱԾՈՒԵԼՈՒ ՎՏԱՆԳԸ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԷ ՔԱՆ՝ ՍՈՒՐԻՈՅ


«Ալ-Մոնիթըր» կը գրէ, որ Լիբանան իրողապէս ներքաշուած է սուրիական աւազախրումին մէջ։ Հըզպալլայի Սուրիոյ պատերազմին միջամտելը եւ անոր ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլայի յայտարարելը, թէ կուսակցութեան այդ պատերազմին մասնակցութիւնը պիտի շարունակուի եւ աշխուժանայ, յստակ դարձուց, որ Լիբանան, քաղաքական եւ ապահովական մակարդակներուն վրայ, ներկայիս մաս կը կազմէ սուրիական տագնապին եւ ոչ թէ պարզապէս անոր հետեւանքները կը կրէ։ Այս բնութագրումը ընդգծուեցաւ հակառակորդ կողմին արարքներով։ Սիւննի սալաֆական խմբաւորումներ Լիբանանի մէջ կուսակցութեան դէմ ականուած ինքնաշարժերով յարձակումներ գործելով՝ կը թուին հակադարձած ըլլալ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի դերակատարութեան։

Վերջին շաբաթներուն հնչած այն զգուշացումները, թէ Լիբանան հետզհետէ դէպի սիւննի-շիի պատերազմ կ՚ուղղուի՝ կը թուին իրականանալ։ Վերջին երկու շաբաթներու ընթացքին Հիւսիսային Պեքաայի շրջանին մէջ դրացի սիւննի եւ շիի գիւղերու միջեւ փոխադարձ առեւանգումներ տեղի ունեցան եւ սալաֆական խմբաւորումներ Սուրիա առաջնորդող Պէյրութ-Մասնաա ճամբուն վրայ զետեղեցին ականներ, որոնց թիրախը դէպի Սուրիաական սահման ուղղուղ Հըզպալլայի ինքնաշարժերու շարասիւներն էին։

Ներկայիս կը նախատեսուի, որ այս պատերազմը մեծ մագլցում արձանագրէ՝ Հըզպալլան թիրախ դարձնող ականուած ինքնաշարժերու ճամբով իրերայաջորդ յարձակումներով եւ հրթիռարձակումներու միջոցով։ Մինչ այդ՝ կուսակցութիւնը զինք թիրախ դարձնող սալաֆական բջիջները վնասազերծելու ապահովական ջանքերը կ՚աշխուժացնէ։ Այս ապահովական կռիւը տեղի կ՚ունենայ մինչ ամբողջ Լիբանանի տարածքին գոյութիւն ունի յարանուանական լարուածութիւն, մասնաւորաբար շիիներու եւ սիւննիներու միջեւ։ Ասոր վկայութիւնն է այն իրողութիւնը, թէ սիւնիի սալաֆականներ Թրիփոլիի մէջ անուշեղէն բաժնեցին տօնելու համար Ռուէյսի մէջ տեղի ունեցած ականահարումը։ Նոյնպիսի պարագաներ կ՚արձանագրուին շիի թաղամասերու մէջ, երբ Սուրիոյ բանակը Սուրիոյ մէջ սիւննի իսլամական հատուածներուն դէմ յաղթանակ կ՚արձանագրէ։

Այսօր արդէն յստակ դարձած է, որ Սուրիոյ մէջ ճակատումներու Հըզպալլայի մասնակցութիւնը կուսակցութեան կարծիքով՝ ռազմավարական հարկաւորութիւն մըն է, որ բանակցելի չէ։ Փոխարէնը սալաֆական խմբաւորումները հաւանաբար պիտի չհրաժարին պատերազմը Սուրիայէն Լիբանան փոխադրելու իրենց ջանքերէն, եթէ Հըզպալլա Սուրիայէն չհեռանայ։ Երկու կողմերը ներկայիս անդառնալի կէտի մը վրայ են եւ կը պնդեն, որ իրենց կռիւը ինքնապաշտպանական բնոյթ ունի։ Սուրիա-Լիբանան սահմանը կտրող սալաֆականները կը յայտնեն, որ Հըզպալլան էր, որ իրենց դէմ պատերազմը սկսաւ, երբ Լիբանանի սահմանէն դուրս գալով մասնակից դարձաւ Սուրիոյ պատերազմին, իսկ Հըզպալլա կը պնդէ, որ Սուրիոյ պատերազմին միջամտած է, որովհետեւ կը գիտակցի, թէ իսլամական ըմբոստները Սուրիոյ վարչակարգին յաղթելու յաջողելէ ետք, Լիբանան պիտի գան իր դէմ կռուելու համար։

Ռուէյսի մէջ տեղի ունեցած յարձակումը կ՚արտացոլացնէ այն իրողութիւնը, որ Լիբանանի մէջ հակամարտութիւնը դէպի իրաքեան տարբերակ կ՚ուղղուի եւ ոչ թէ՝ սուրիական։ Սուրիոյ մէջ ճակատումը յստակ ճակատներու վրայ տեղի կ՚ունենայ, իսկ Իրաքի մէջ սիւննիներու եւ շիիներու միջեւ պատերազմը աւելի պատահական եւ աւերիչ է, որովհետեւ երկու կողմերը իրարու քաղաքներն ու թաղամասերը թիրախ կը դարձնեն՝ ականներու ուժգին պայթումով։ Ռուէյսի պայթումը, որ շիիներու շարքին 30 զոհ եւ տասնեակներով վիրաւորներ պատճառեց, այն տպաւորութիւնը ստեղծեց, որ սալաֆականները Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի դէմ իրենց ճակատումին մէջ իրաքեան բնորդը որդեգրած են։

Կը նախատեսուի, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը վատթարանայ, որովհետեւ երկու կողմերը իրենց ռազմավարական որոշումներէն պիտի չհրաժարին։ Հըզպալլա երբեք Սուրիայէն պիտի չհեռանայ, իսկ սալաֆականները պիտի չդադրին Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի դէմ պայքարելէ, մինչեւ այն ատեն, որ կուսակցութիւնը սուրիական վարչակարգին կողքին կը կանգնի։՚

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

 

Ըստ լիբանանեան պաշտօնական եւ հատուածական շրջանակներու ապահովական եւ քաղաքական գնահատականներուն, յառաջիկայ օրերը հաւանաբար ականատես պիտի դառնան Հըզպալլայի թաղամասերուն, անոր ապահովական եւ քաղաքական ենթակառոյցներուն դէմ ապահովական յաւելեալ դէպքերու։ Այս գործողութիւնները գործադրող կամ անոնց աջակցող խմբաւորումները կը գործեն մեկնելով այն ենթադրութենէն, որ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի ներուժը տկարացնելը կուսակցութեան պիտի ստիպէ Սուրիոյ մէջ իր միջամտութեան տարողութիւնը նուազեցնելու։ Հակառակ Նասրալլայի պնդումներուն, թէ այդպիսի փորձերը պիտի չյաջողին իր կամքը կտրել, այդ հատուածները կը հաւատան, որ իրենց ենթադրութիւնը ճիշդ է, որովհետեւ կուսակցութիւնը որքան ալ ուժեղ է, ըստ իրենց, չի կրնար կռուիլ երկու ճակատներու՝ Լիբանանի մէջ ապահովական բաց ճակատին եւ Սուրիոյ մէջ ռազմական բաց ճակատին վրայ։

Փոխարէնը, Հըզպալլա անցեալ օրերուն ընթացքին յստակ դարձուց, որ պատրաստ է երկու ճակատներու վրայ կռուելու, երբ Լապունէի մէջ Լիբանան մուտք գործած իսրայէլեան Կոլանի մասնայատուկ ուժերու դասակի մը դէմ ական մը պայթեցուց։ Այս առումով շատեր կը հաւատան, որ Ռուէյսի պայթումը, որ Հըզպալլայի թաղամասերուն ապահովութեան դէմ ուղղուած էր, կրնայ նաեւ Լապունէի մէջ թակարդին հակադարձութիւն մը ըլլալ։ Բայցեւայնպէս, Նասրալլա, թէեւ զայն հաւանականութեանց աշխարհին մէջ պահեց, իր վերջին ճառին մէջ բացառեց այդ հաւանականութիւնը, որովհետեւ կ՚ուզէ կեդրոնանալ այն վարկածին վրայ, թէ պայթումին ետին կը կանգնին հաւատադրժողական հատուածներ, որոնք կ՚ուզեն Հըզպալլան պատժել սուրիական պատերազմին իր մասնակցութեանը համար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.