ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՄԷՋ


 

 

Սեզար Շլալա «Ուիփ» կայքէջին մէջ կը գրէ, որ սուրիացիները նախապէս քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միջեւ խաղաղ գոյակցութեամբ կը հպարտանային։ Սակայն ոչ յետ այսու։ Ալեւի բռնատէրերու իշխանութեան տակ՝ կարգ մը կրօնական ազատութիւններ պահպանուած էին։ Միջին Արեւելքի մէջ այլ հակամարտութիւններէ փախուստ տուող քրիստոնեաները Սուրիա ապաստանեցան եւ այդտեղ հաստատուեցան։ Այսօր քրիստոնեաները թէ՛ կառավարական եւ թէ՛ ընդդիմադիր ուժերու յարձակումներու թիրախի վերածուած են։ Անոնք փրկուելու համար դէպի Լիբանան, Թուրքիա եւ Յորդանան փախուստ կու տան։
Քրիստոնեաները Սուրիոյ 22 միլիոն բնակչութեան շուրջ 10 առ հարիւրն են։ Ըստ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւորական Էմանուէլ եպս. Այտինի, քրիստոնեաները ալեւի, շիի եւ սիւննի իսլամներու միջեւ եղող լարուածութեան մէջտեղը մնացած են։ Շատեր վերապրելու համար ստիպուած են հաւատափոխ ըլլալ։ Ըստ Այտին եպիսկոպոսի, 500,000 սուրիացի քրիստոնեաներ փախուստ տուած են դէպի Լիբանան, Արեւելեան Եւրոպա եւ սկանտինաւեան երկիրներ։ Անոնք որոնք Սուրիոյ մէջ կը մնան, ըմբոստներուն եւ կառավարութեան միջեւ հրացանաձգութեանց մէջտեղը մնացած են։
Կ՚ենթադրուի, որ պատերազմին ընթացքին աւելի քան 300 քրիստոնեաներ սպաննուած են՝ թէեւ բախումներուն չեն մասնակցած։ Շատեր առեւանգուած են։ Անոնց շարքին են երկու եպիսկոպոսներ՝ Հալէպի ասորի ուղղափառ եպիսկոպոս Եուհաննա Իպրահիմ եւ Հալէպի ու Ալեքսանտրեթի յոյն ուղղափառ առաջնորդ Պուլոս ալ-Եազիճի։ Անոնք իրենց վարորդի սպանութենէն ետք առեւանգուած էին։ Անոնց գտնուած վայրը տակաւին անծանօթ է։
Անցեալ յուլիսին ֆրանսիսքեան վարդապետ Ֆրանսուա Մուրատ գլխատուեցաւ ծայրայեղ իսլամական ժիհատականներու կողմէ, երբ Ժապհաթ Նուսրա ընդդիմադիր խմբաւորումէն զինեալներ յարձակում գործեցին Իտլիպի մէջ գտնուող իր վանքին վրայ։ Զինք գլխատելէ ետք, ահաւոր դէպքին մանրամասնութիւնները ներկայացնող ժապաւէն մը զետեղուեցաւ համացանցին վրայ։ Թէեւ ըմբոստներուն կողմէ կառավարութեան զօրակցութեան համար ամբաստանուած են՝ Սուրիոյ քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը կը զգուշանայ կողմ ըլլալէ։
Կրօնաւորները ըմբոստներուն միակ թիրախները չեն։ Սուրիոյ Որոնդէս գետի երկայնքին գտնուող քրիստոնէական գիւղերը գրեթէ քանդուած են՝ անոնց հազարաւոր բնակիչները մղելով փախուստի։ Կարգ մը կիներ ստիպուած եղած են իսլամ կիներու օգտագործած հագուստով ծածկուելու։
Խնդրոյ առարկայ շրջանին մէջ խաղաղութեան կոչ ուղղողներէն մէկն է Դամասկոսէն 50 մայլ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Քարայի մօտ վանքի մը մայրապետը՝ Անիէս-Մարիամ տը լա Քրուան։ Յունիս 2012-ին, 80 հազար քրիստոնեաներու Հոմսի մէջ իրենց բնակավայրերէն դուրս մղուած ըլլալը բացայայտելէն ետք, զինք զգուշացուցին, որ կրնայ առեւանգուիլ։
Ան »Տը Օսթրալիըն« օրաթերթին յայտնեց, որ 20 ըմբոստներէն միայն մէկը սուրիացի է։ Մնացեալը Սուրիա եկած են Բրիտանիայէն, Փաքիստանէն, Չեչենիայէն, Ինտոնեզիայէն, Ալպանիայէն եւ Հիւսիային Ափրիկէէն։
Առայժմ որեւէ օտար ուժ Սուրիոյ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան կեցուածք չէ արտայայտած։ Անոնց դէմ հալածանքին փաստերուն լոյսին տակ՝ մայր Անիէս-Մարիամի հաշտութեան եւ խաղաղութեան կոչը ի վերջոյ պէտք է լսուի։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.