Էջեր հալէպահայի մը օրագրէն – Ե.


 

 

Կար ժամանակ, որ հալէպցին ունէր պերճանքը իր հացը ընտրելու, որովհետեւ Հալէպի մէջ գլխաւորաբար երկու տեսակ հաց կար, աւելի ճիշդ կ՚ըլլայ ըսել՝ փուռերու երկու տեսակներ կային՝ պետականը, որ լրիւ մեքենականացած է եւ անձնական փուռերը, որոնք կիսով մեքենականացած են: Այդ երջանիկ օրերուն հացին քիլօն տասնհինգ ոսկի էր: Ալիւրը միշտ պետութիւնն է որ կը բաժնէ, հացն ալ չչարաշահելու համար:
Վերջին շրջանին պետական փուռերուն առջեւ անտանելի խճողում ըլլալուն, շատեր կը ստիպուին անձնական փուռերէ գնել իրենց հացը, հակառակ անոր, որ քիլոյին համար պէտք է վճարել մինչեւ հարիւր ոսկի: 
Օր եկաւ, որ փուռերը փակ մնացին եւ ժողովուրդը անհաց մնաց, որովհետեւ փուռերուն տէրերը կ՚ուզէին գինը կրկին բարձրացնել: Պետութիւնը ստիպուեցաւ զէնքի ուժով տէրերը իրենց տուներէն բերել, որ հաց թխեն սպասող ժողովուրդին համար:
Վերջերս կրկին նոյն պատմութիւնն է, բայց այս անգամ՝ ալիւր չկայ, շրջափակումին պատճառով: Յետոյ զինուորական շքախումբով ալիւր հասաւ: Պետութիւնը կրկին ստիպուեցաւ միջամտել՝ փուռը չբացողին արտօնագիրը գրաւելու սպառնալիքով: 
Այս անգամ խճողումը իրապէս անտանելի է՝ առաւօտեան հինգին հերթի կեցողը հազիւ կէսօրին կրնայ հացը առած տուն երթալ:
Այսօր, ամբողջ կարողութիւնս հաւաքած փուռ գացի: Թաղը հանդարտ էր: Ոչ ոք կար: Ուրեմն փա՞կ է: Կրկի՞ն: Հապա գալիք օրերու Ռամատա՞նը:
Կրկնուող մղձաւանջի մը պէս վախազդու դարձեր է հաց ապահովելը:
Լաչակաւոր կին մը կը մօտենայ՝ ինչո՞ւ փակ է: Չեմ գիտեր: Ուրիշ երկու կիներ ալ կը մօտենան:  Ան որ լաչակ չունի, բարձրաձայն կը մտածէ՝ արդեօ՞ք Սուլէմանիէի փուռը բաց է, հոն երթանք:
-Ես հոնկէ կու գամ,- կ՚ըսէ երկրորդ լաչակաւորը, որ երիտասարդ աղջիկ մըն է,- փակ է:
-Ճապրիէ՞:
-Այն ալ փակ է, քովի թաղին մէջինն ալ փակ է:
-Մուշիէ՞:
-Չեմ գիտեր:
-Եկէք հոն երթանք:
Եւ երկու լաչակաւորները երրորդին ընկերակցութեամբ կ՚ուղղուին դէպի Մուշիէ: Ես չեմ միանար իրենց: Կը կասկածիմ, որ այդ փուռն ալ փակ է: Ալիւր չկա՞յ արդեօք:
-Ատ շուները կ՚երեւի կրկին միջանցքը փակեցին,- կ՚ըսէ երիտասարդ մը, որ կը սպասէր եւ որ հետեւեր էր մեր զրոյցին:
Միջանցքը այս օրերուն դարձեր է դրախտի դուռին պէս բան մը՝ հոնկէ կու գայ մեր ամբողջ ուտեստը՝ պտուղը, կանաչեղէնը, եւ միայն այնքան, որքան բաւարար է … չմեռնելու համար: Ինչ որ «յարմար» չեն դատեր, կ՚արգիլեն, ինչպէս օրինակ հալէպի պիստակը, թարմ ու կարմիր, որ այս օրերուն  կ՚ողողէր Հալէպի շուկաները, գունաւորելով խանութները եւ զարդարելով մեր գիշերներն ու օղիին բաժակները:Հալէպի պիստա՜կ: Այդ ալ երազ դարձաւ մեզի համար …: Մոռցա՞նք մեր վաւերական երազները եւ սկսանք  պիստա՞կ երազել:Ողբամ զքեզ, Հալէպի ժողովուրդ:

***
 Հիւանդ հարազատի մը այցելելու պէս գացինք քիչ մը հեռու թաղերուն այցելութեան: Թաղերը, Ռամատանի տօնի նախօրէին, խճողուած էին կիներով եւ երեխաներով: Խանութպանները տխուր էին, հակառակ առուտուրին, որ եռանդով լեցուցեր էր երկար ատեն ամայի մնացած փողոցները:
-Բայց տօնական ուրախութիւն չկայ,- կ՚ըսէին իրարու:
Ուրկէ՞ ըլլայ տօնական ուրախութիւն, երբ ժողովուրդը չի գիտեր ո՛ր հարցը ինչպէ՛ս լուծէ՝  սղաճը, անապահովութինը, անգործութիւնը, գալիքին անորոշութիւնը … ինչպէ՞ս ուրախանալ:
Սովորութիւն էր  յեղյեղուկ անձ մը «մէկ բառով կ՚երթայ, մէկ բառով կու գայ» ըսելով  նկարագրել: Հիմա մենք ենք, որ մէկ լուրով կը բարձրանանք յոյսի  գագաթները եւ մէկ այլ լուրով կը գահավիժինք յուսահատութեան խորխորատները:
 *** 

Դուք գիտէ՞ք ինչ կը նշանակէ ձգել ծննդավայրը, եւ կամովին հեռանալ անկէ: Ի՛նչ կը նշանակէ մեռելներդ հոն թաղուած ձգել ու երթալ: Հոն ձգել տարիներու ոչ միայն անհատական վաստակդ, այլ վաստակը ազգիդ, որ աւազներուն վրայ հիւղեր կանգնեց, շնորհք ունէր եւ հիւղերը տուներու վերածեց, կը սիրէր շնորհքով ապրիլ, եւ իր կեանքը բարեկեցիկ վիճակի հասցուց: Եւ հիմա՝ կը մեղադրուի այդ հողին կառչած մնալո՞ւն համար:
Բայց ո՞վ էք դուք, որ կը համարձակիք մարդոց օրհասը մատի փաթթոց ընել, քննարկել, քննադատել, եւ մոռցած անոնց ամէնօրեայ տառապանքը, բառերով խաղալ:
Ժամանակին, Պէյրութի պատերազմի օրերուն, շատեր գացին, շատեր մնացին: Գացողներուն մէջ կային նաեւ գրագէտներ, բանաստեղծներ, բանասէրներ: Մնացողներուն մէջ ալ կային: Ժամանակը բոլորին վարձատրեց ինչպէս յարմար տեսաւ:
Աւելի առաջ՝ Պոլսոյ մեր մտաւորականներէն շատեր մտերիմ բարեկամներն էին օտար երկիրներու դեսպաններուն, հաւանաբար գիտէին ու կը զգային մօտեցող վտանգը, բայց եւ այնպէս ամրօրէն կառչած մնացին, իրենց կեանքին իսկ գնով կառչած մնացին իրենց գաղութին:Եւ Զօհրապը, Գրիգոր Զօհրապը, որ  մինչեւ վերջին իր շունչը մերժեց ընդունիլ ջարդերու հաւանականութիւնը, եւ մահացաւ ամենէն դժխեմովը մահերուն: Ո՞վ սակայն կը մեղադրէ զինք: Պարզապէս կը յարգենք իր նահատակութիւնը, կը յարգենք իր ուղղամտութիւնը: 
Կը հասկնանք, նոյն լայնասրտութեամբ, որով կը մխիթարենք դուրսէն մեզի հեռաձայնողները, – որոնք կու լան իրենց կարօտը, մոռցած մեր ամէնօրեայ պայքարը, – նոյն ձեւով ալ կը հասկնանք, որ դուրսերէն մեզ մեղադրողները կրնան խղճի խայթ ունենալ իրենց «հանգիստ» օրերուն համար, կրնան անյարմար զգալ որ մենք հոս ենք, կրակներու տակ, մինչ իրենք լայնաբերան կը խօսին, իրենք իրենց ձայնով հմայուած, առանց լսելու թէ ի՛նչ կ՚ըսեն, առանց լսելու թէ որո՛ւ կ՚ըսեն:
Տակաւին, հայրենասիրութեան դասեր տուող մեր համաքաղաքացիները, որոնք Հայաստան գացեր են, գրեթէ բոլորը կը սպասեն այն քաղցր առաւօտին, երբ արեւմտեան երկրի մը վիզան ձեռք ձգած, առանց խղճահարութեան պիտի հեռանան իրենց այնքան գովերգած հայրենիքէն: Ասո՞նք է որ կը ժպրհին ասպարէզ կարդալ մեզի ..
 *** 

Զարմանալի է առօրեան. երբ կ՚ապրինք զայն, չենք զգար մանրամասնութիւնները, որոնցմէ կազմուած է, բայց երբ արտահերթ պայմաններու մէջ կ՚ըլլանք, կը զարմանանք թէ այս բոլորը ինչպէ՞ս կ՚ընէինք, կամ ինչպէ՞ս կ՚ըլլային:
Պարզ չէ՞: Կազմակերպուածութեամբ:
Ասիկա յիշեցի, որովհետեւ տեսայ դէմի դրացուհին, որ սեւերով վեր ելաւ սուրճ խմելու: Քիչ մը առաջ թաղման թափօր մը անցեր էր ճչակները սեղմելով. 
-Երէկուան նահատակուած բժիշկին թաղումն է:
 Կ՚երեւի իրեն ալ ծանօթ էր:
Լատին եկեղեցւոյ անդամ այս բժիշկը երէկ, դէպի Մէշթէլ Հըլու ճամբուն վրայ սպաննուեր էր զինեալներու կողմէ:
Ճեփ-ճերմակ էր դագաղը, որ տարուեցաւ թաղուելու, առանց հարազատի մը, առանց մտերիմի մը ընկերակցութեան:
Այսպէս է հիմա: Մեռելակառքը դագաղագործին հետ կ՚երթան մինչեւ «Թէր Սէնթ», եւ թիւ մը առած կը վերադառնան: Մահը կարծես անուն մականունը կը սրբէ եւ փոխարէնը թիւի մը, կը վերածէ անձը:Արդէն երկու անգամ հինգ տաղաւարի մեռելոց է, որ չենք կրնար հասնիլ մինչեւ մեր գերեզմանատունը, խունկի բոյրով աղօթք մ՚իսկ չենք կրնար ընել մեզմէ յաւէտ հեռացած սիրելիներուն համար. նոյնիսկ չենք գիտեր թէ ի՞նչ վիճակի մէջ են գերեզմանաքարերը:
Հիմա դիմագիրքին վրայ է մահացած բժիշկին մէկ ժպտուն նկարը. կը նայիմ ու չեմ հաւատար որ երիտասարդ, բարի ժպիտով եւ նկարէն վստահութեամբ քեզի նայող սա տղան տարին աս տաքուն «Սուրբ Հող» դպրոցի հողին տակ դրին: 
(Քրիստոնեայ բոլոր դաւանանքներուն համար այս դպրոցին կից հողաշերտը որոշուած է որպէս գերեզմանատուն: 
Իսկ մօրս տունէն քիչ մը վեր, Մա՚արի դպրոցին դէմը գտնուող փոքրիկ պուրակը դարձեր է այդ շրջանի իսլամներու գերեզմանատունը: Ի՜նչ տխրութեամբ է, որ մարդիկ կ՚երթեւեկեն հոնկէ. բոլորն ալ անխտիր պահ մը կը դանդաղեցնեն իրենց քայլքը, կը նային խելօք շարուած քարերուն, աղօթք մը կը մրմնջեն ու կը շարունակեն):
Ժպիտս կը չորնայ: Կ՚ամչնամ շնչելու: Բայց դէմի դրացուհին, իր դրացուհիին հետ կը սրճէ եւ ուրախ կը ծիծաղի:
Կեանքն իր ճամբով, մահը՝ իր … հասկնալի է:
Գիտենք: Բայց պէ՞տք է ամէն օր երիտասարդներ թաղենք այս պարզ ճշմարտութիւնը հասկնալու, չմոռնալու համար:

Մարուշ Երամեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.