«ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅ ՀԱՅԵՐԸ»


 

 

Գերմանական Zeit թերթը Օգոստոս-9-ի իր թիւին մէջ հրատարակած է Մէլի Քիյաքի «Տիգրանակերտի բացակայ հայերը» խորագրով յօդուածը, ուր լրագրողուհին կը գրէ. 

«Տիգրանակերտը իր քաղաքական հաւասարակշռութիւնը ո՛չ 1980-ին սկսած քիւրտերու դէմ պատերազմով կորսնցուց, ո՛չ ալ 1915-ին հայերու բնաջնջումով, այլ՝ 1895-ի նոյեմբեր 2-ին։ Այդ քաղաքին մէջ Ֆրանսայի հիւպատոսը իր դեսպանին ուղղուած նամակին մէջ կը նկարագրէ, թէ այդ օր ինչ կատարուած է։ Սուլթան Համիտ հրամայած էր կոտորել տեղւոյն հայերը, եւ քաղաքը հուրի եւ սուրի մատնած էր, 30,000 զոհ եւ վիրաւոր կար, 119 գիւղ հրդեհուած էր։ Այդ գիշեր տեղի ունեցաւ 1915-ի նախաբանը։ Տիգրանակերտի մէջ շատ մարդիկ դանդաղօրէն կը սկսին հասկնալ, թէ իրենց քաղաքէն կը բացակային բնիկ բնակիչները։ Հին բացիկներու վրայ կարելի է տեսնել Ս.Կիրակոս եւ Ս. Սարգիս եկեղեցիներու բարձր աշտարակները։ 1916-ին Ս.Կիրակոս եկեղեցւոյ աշտարակը վերցուեցաւ, որպէսզի անիկա քաղաքի ամէնէն բարձր կառոյցը չըլլայ։ Ես ուրախ եմ, որ շուրջ երկու ամիսէ ի վեր այս եկեղեցւոյ զանգերը դարձեալ կը ղօղանջեն։ Սակայն նաեւ տխուր եմ, որ ատենոք Միջին Արեւելքի ամէնէն մեծ հայկական այս եկեղեցին, այսօր միայն 60 համայնքային անդամ ունի, քաղաքին մէջ մնացած են ընդամէնը 20 հայ ընտանիքներ։ 

Քրտական «Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան» անդամ Օսման Պայտեմիր մեծ ուշադրութեան արժանացած իր անցեալ տարի արտասանած խօսքին մէջ ըսած է, որ այն հայերը կամ ասորիները, որոնց նախահայրերը Տիգրանակերտէն եղած են, նոյնքան իրաւունք ունին այդ քաղաքին մէջ ապրելու, ինչպէս ինք։ Ան անոնց կոչ ուղղած է վերադառնալ իրենց քաղաք։ Միայն մէկ հայ այդ կոչին ընդառաջած է՝ ուտ նուագող Երուանդ Պոստանճին։ Եթէ կ՚ուզես հասկնալ, թէ ինչու սփիւռքահայերը չեն վերադառնար իրենց հայրէնի քաղաքները, ապա պէտք է գիտնալ, թէ 1915-ին ինչ կատարուած է։ 

Այդ տարուայ օգոստոս 12-ին, Տիգրանակերտի նահանգապետը՝ մասնագիտութեամբ բժիշկ Մեհմետ Ռեշիտ Պէյ, հայերը Սուրիա արտաքսելու հրաման ստացաւ Պոլիսէն։ Օգոստոս 18-ին, ան արդէն կը տեղեկացնէ իր ղեկավարներուն, որ յաջողած է ընդամէնը երեք օրուան մէջ 12,600 մարդ տեղահան ընել։ Գերմանացի դիւանագէտի զեկուցումներուն մէջ կը նշուի, որ Տիգրանակերտի նահանգապետը տակաւին 1915-ի յուլիսին, հրամայած է Մարտինի մօտերը կոտորել 700 քրիստոնեաներ։ Այդ զեկուցումներուն մէջ զինք նկարագրած են իբրեւ «արիւնարբու շուն»։ Հետագային ան իր արարքները բացատրած է այսպէս.«Բժիշկ ըլլալս ինծի չարտօնեց մոռնալ ազգութիւնս։ Կամ հայերը պիտի բնաջնջէին թուրքերուն, կամ՝ թուրքերը իրենց։ Երկընտրանքի առջեւ կանգնած ըլլալով՝ ես երկար չվարանեցայ։ Ազգութիւնս յաղթեց մասնագիտութեանս։ Հայերը վնասակար մանրէներ էին, որոնք յարձակած էին հայրենիքիս վրայ։ Արդեօք բժիշկի մը պարտականութիւնը մանրէները սպանել չէ՞ր»։ 

Անձամբ ինծի համար կարեւոր չէ, թէ 1915-1916 թուականներուն 800,000 թէ 1.5 միլիոն մարդիկ բնաջնջուած են։ Կարեւորը ըմբռնելն է, որ Տիգրանակերտի եւ այլ քաղաքներու բնակիչները տեսած են, թէ ինչպէս կը սպանուին իրենց համաքաղաքացիները եւ չեն միջամտած, իսկ անոնցմէ շատերը մասնակից եղած են այդ կոտորածին։ Տիգրանակերտի բոլոր փաստաբանները, բժիշկները հայեր էին, քաղաքային խորհուրդի երկրորդ նախագահը մշտապէս հայ եղած է, տեղւոյն խորհրդարանի անդամներուն կէսը հայեր էին։ Պաշտօնական վիճակագրութեան համաձայն, 1914-ին Տիգրանակերտի մէջ կը բնակէին 72,926 հայեր, որոնցմէ 9660-ը կաթողիկէներ էին, 7376-ը՝ աւետարանականներ, իսկ մնացեալը կը դաւանէին հայ առաքելական եկեղեցիին»։ 

 

Նկարը՝ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցին 1915-էն առաջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.