Վերջին 24 ժամուան ընթացքին, Թուրքիայէն 400 թոն զինամթերք փոխադրուած է Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն
1270
0
«Ռոյթրըզ» երատուական գործակալութիւնը Օգոստոս 26-ին հաղորդեց, թէ 400 թոն զինամթերք Թուրքիոյ Հաթայ նահագէն փոխադրուած եւ յանձնուած է Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերուն։ «Ռոյթրըզ»ի լուրը հաստատեցին Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերը։
Պատերազմի սկիզբէն ի վեր, Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերուն ցարդ կատարուած ամենէն մեծ զինամթերքի օժանդակութեան արարքն է այս դէպքը:
Թրքական իշխանութիւնները ժխտեցին «Ռոյթրըզ»ի լուրը։ Թուրք պաշտօնատար մը, «Զաման» թերթին յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ սուրիական քաղաքականութիւնը յստակ է, Թուրքիա միայն մարդասիրական օժանդակութիւն կը կատարէ։