ԱՍԱՏԻ ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿՍԱԾ Է


 

 

Իզապել Լասեր ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթի 22 օգոստոսի թիւին մէջ կը գրէ, որ ըստ տեղեկութեանց, սուրիական վարչակարգի ընդդիմադիրները Օգոստոսի կէսէն ի վեր յորդանանեան, իսրայէլեան եւ ամերիկեան մասնայատուկ ուժերու աջակցութեամբ դէպի Դամասկոս կը յառաջանան։ Այս յարձակումը կրնայ վարչակարգին կողմէն քիմիական զէնքերու հաւանական օգտագործման բացատրութիւն մը ըլլալ։

Եթէ տակաւին կանուխ է կտրուկ կերպով մերժելու Դամասկոսի եւ Մոսկուայի պաշտպանած այն թեզը, թէ քիմիական զէնքի կիրարկման պատասխանատուն սուրիական ընդդիմութիւնն է, արդէն կարելի է պատասխանել այն շփոթ յառաջացնող հարցումին, թէ Պաշշար Ասատ ի՞նչ շահ ունի քիմիական զէնքով յարձակում գործելու, այնպիսի պահու մը, երբ ՄԱԿ-ի հետաքննիչներուն արտօնութիւն տուաւ քիմիական զէնքերու կիրարկումը հետաքննել։ 

Առաջին պատճառը այն է, որ ըստ «Լը Ֆիկարօ»-ի տեղեկութեանց, Յորդանանի մէջ ամերիկացիներուն կողմէ մարզուած առաջին ջոկատները օգոստոսի կէսէն ի վեր սկսած են գործել Հարաւային Սուրիոյ Տարաա շրջանին մէջ։ 300 զինեալներէ բաղկացած առաջին խմբակ մը իսրայէլեան ու յորդանանեան մասնայատուկ ուժերու, ինչպէս նաեւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի անդամներու աջակցութեամբ 17 Օգոստոսին Սուրիոյ սահմանը կտրած է։ 19 Օգոստոսին երկրորդ խմբակ մը անոր միացած է։ Ըստ զինուորական աղբիւրներու, ամերիկացիները, որոնք իրենց զինուորները չեն ուզեր Սուրիա ուղարկել, ոչ ալ իսլամական արմատականներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ ըմբոստները զինել, ամիսներէ ի վեր Յորդանան-Սուրիա սահմանին վրայ գտնուող ճամբարի մը մէջ գաղտնաբար կը մարզեն Սուրիական ազատ բանակէն զինեալներ։

ԱՆՊԱՏԺԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄ

Ամրան սկիզբը ամերիկացիներու պատրաստած զինեալները սկսած են երկրին հարաւին մէջ նահանջի մատնել սուրիական ուժերը եւ մօտենալ մայրաքաղաքին։ Ռազմավարական վերլուծութեան ֆրանսական հիմնարկէն հետազօտող Տաւիտ Ռիկուլէ-Ռոզ կը բացատրէ, որ անոնց յառաջցխաղացքը սկսած է զգալի դառնալ Ղութայի մէջ:

Ըստ տարածաշրջանի քաղաքական հարցերու մասնագէտի մը, Ուաշինկթընի նպատակը Հարաւային Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիի մը ստեղծումն է եւ միչեւ իսկ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի մը, ուր վարչակարգի ընդդիմադիրները կրնան ամենայն ապահովութեամբ մարզել, մինչեւ որ ուժերու հաւասարակշռութիւնը փոխուի։ Ահա այս պատաճառով է, որ Միացեալ Նահանգներ Յորդանանի մէջ «Փաթրիոթ» հակաօդային համակարգեր եւ «Էֆ-16»-եր տեղակայեց։

Ղութայի վրայ վերջերս բանեցուած զինուորական ճնշումը կը վտանգէ սուրիական վարչակարգին սիրտը եղող Դամասկոսը։ Անցեալ յուլիսին, նախագահ Ասատի բանբերը հրապարակաւ հաստատած էր, որ վարչակարգը Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնք պիտի օգտագործէ միայն արտաքին յարձակումի մը պարագային։ Օրինակի համար երկրին հարաւը օտար գործակալներու մուտքին պարագային…։

Երկրորդ պատճառը դիւանագիտական է։ Օգոստոս 2012-էն ի վեր, երբ Պարաք Օպամա քիմիական զէնքի օգտագործումը նկատեց «կարմիր գիծ» մը, որուն շրջանցումը կրնայ ռազմական միջամտութեան պատճառ դառնալ, քիմիական զէնքով 13 յարձակումներ արձանագրուեցան, առանց, որ ամերիկեան հակազդեցութիւն տեղի ունենայ։ Փաստեր ձեռք ձգելը դժուար է, որովհետեւ Դամասկոս կանոնաւոր կերպով կ՚արգելակէ ՄԱԿ-ի հետաքննիչներուն աշխատանքը։ Սուրիական վարչակարգին ունեցած անպատժելիութեան երեւոյթը ամրապնդուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ռուսական աջակցութեան պատճառով։ Պարաք Օպամա, որ Սպիտակ տուն հասնելէ ետք Քրեմլինի առաջարկած էր երկկողմանի յարաբերութիւններուն նոր թափ տալ, չուզեր Մոսկուայի հետ կապերը խզել։ 

ԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԵՆ

Եթէ սուրիական վարչակարգը իսկապէս Դամասկոսի մէջ քիմիական զէնք կիրարկած է՝ աւելի քան 100 հազար զոհ պատճառած հակամարտութեան մէջ նոր հանգրուանի մը ազդանշանը տուած պիտի ըլլայ։ Թղթածրարին մասնագէտ վերլուծաբան մը կը նշէ, որ «հարցը նախկինին նման փոքր աստիճանի փորձարկումի մը չի վերաբերիր։ Քիմիական զէնքերը այսուհետեւ մաս կը կազմէն պատերազմին։ Ամերիկացիներուն ուղղուած պատգամ մըն է, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէր մը ուղղուած Պարաք Օպամայի, որ աշխարհի տարածքին իր դաշնակիցներուն մօտ օրինականութիւնը կորսնցնելու վտանգը կը դիմագրաւէ»։
Յորդանանեան հողերէն մղուած գաղտնի գործողութեանց զուգահեռ՝ միջազգային ընտանիքը ռազմական տարբեր ընտրանքներ կը սերտէ։ Ըմբոստները զինե՞լ. «Եթէ այդ մէկը օր մը կատարենք, պիտի չյայտարարենք», կ՚ըսէ դիւանագիտական աղբիւր մը։ Յատուկ թիրախներու դէմ օդային հարուածնե՞ր. կարելի է, սակայն այդ լուծումը տագնապը շրջանային տագնապի մը վերածելու վտանգը կը պարունակէ։ Քիմիական զէնքերը վնասազերծելու համար մասնայատուկ ուժե՞ր. Իսրայէլ քանի մը անգամ հարուածեց Սուրիան։ Սակայն արեւմտեան գաղտնի սպասարկութիւնները չեն ուզեր քիմիական զէնքերուն ժիհատական խմբաւորումներուն ձեռքը անցնելուն ռիսքը առնել։ Վերջին ընտրանքը, ձեռնածալ մնալն է։ Պաշշար Ասատ իր գրաւը ասոր վրայ դրած կը թուի ըլլալ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.