ՓՈՒԹԻՆԻ՝ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ


 

 

Իրանեան ԻՐԱՍ-ը անդրադարձած է 13 Օգոստոսին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Ազրպէյճան այցելութեան։

ԻՐԱՍ կը գրէ, որ հակառակ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան այն յայտարարութիւններուն, թէ Պաքու Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հանդէպ հաւասարակշռուած քաղաքականութութիւն կը վարէ, վերջին տարիներուն, ռուս-հայկական յարաբերութիւններու զարգացման ենթաթեքստին վրայ, Ազրպէյճան աւելի հակուած է Ուաշինկթընի կողմը։

Ըստ ԻՐԱՍ-ի, Ազրպէյճանի Կապալայի ռատարի կայանի վարձակալութեան ժամկէտի երկարաձգումը մերժելը էապէս սառեցուց երկու երկիրներու յարաբերութիւնները։

Հակառակ ատոր, անոնց համատեղ առեւտրական շրջանառութիւնը 2012-ին կազմած է 4 միլիառ տոլար, իսկ միայն վերջին 6 ամիսներու ընթացքին աճած է 50 առ հարիւրով։

Արդէն շատունց շրջանառութեան մէջ դրուած են լուրեր, թէ Ռուսիա կրնայ միջամտել Ազրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններուն՝ իր սեփական թեկնածուն առաջադրելու միջոցով. այդ թեկնածուն է Ռուսիոյ մէջ բնակող գրող եւ բեմադրիչ, արուեստի վաստակաւոր գործիչ Ռուսթամ Իպրահիմպեկովը։ Պաքուի իշխանութիւնները կը կանխեն անոր Ազրպէյճան հասնիլը, որու պատճառով ալ Ռուսիոյ կողմէ ճնշումի կ՚ենթարկուին։
Ռուսիոյ կողմէ դժգոհութեան կ՚արժանանայ նաեւ ազրպէյճանական իշխանութիւններու վերաբերմունքը մէկ այլ թեկուածուի՝ »Քաղաքացիական նախաձեռնութիւն« շարժումի ղեկավար Իլկար Մամետովի հանդէպ, որ կը գտնուի բանտին մէջ։

Սակայն Փութինի Պաքու այցելութիւնը՝ նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին, կը վկայէ այն մասին, որ Ռուսիան օրինական կը նկատէ այս ընտրութիւնները եւ մտադիր չէ որեւէ կերպ միջամտել ընտրական։
Հարաւային Կովկասի ռազմավարական գօտիին մէջ Ռուսիան արդէն զրկուած է Վրաստանի աջակցութենէն, իսկ Հայաստանի առաւելութիւնները շատ աւելի քիչ են, քան հարեւան անկախ պետութիւններունը, եւ չկայ որեւէ երաշխիք, թէ Երեւանը միշտ պիտի ընդունի ռուսական գերակայութիւնը։

Ըստ իրանական աղբիւրին, Ազրպէյճան որ աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական տեսանկիւնէն կարելի է Հարաւային Կովկասի մէջ կարեւոր պետութիւն համարել, շնորհիւ իր չափաւոր քաղաքականութեան, միաժամանակ սպառնալիքներ եւ հնարաւորութիւններ ստեղծած է Ռուսիոյ համար։

Հակառակ անոր, որ Մոսկուան յոյս ալ չունի Պաքուի դէպի արեւմտեան կառոյցներու մղումները խանգարելու, սակայն առնուազն կը փորձէ դանդաղացնել անոնց կշռոյթները արեւելեան երկիրներուն մէջ, որոնց շրջանին մէջ Ազրպէյճան ընտրուած է իբրեւ Արեւմուտքի ուժերու ներկայութեան ամրապնդման գլխաւոր ռազմակայան, ներառեալ՝ Միջին Ասիոյ մէջ։

Հակառակ անոր, որ Ռուսիա անդամ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին, ուր կը գլխաւորէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Լեռնային ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հոլովոյթը, այդ ծերացած եւ անարդիւնաւետ կառոյցին մէջ անոր աշխատանքի 20 տարիները ցոյց տուած է, որ այդ երկիրը այդ հակամարտութեան լուծումը Արեւմուտքի հետ համագործակցութեան ձեւաչափին մէջ շատ չուզեր։

Իսկապէս, ԱՊՀ կազմի պետութիւններուն վրայ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը տակաւին բաւական մեծ է։ Ան կառուցողական առաջարկներ կը կատարէ ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման համար, եւ որոշ ազրպէյճանցիներ անգամ կը կարծեն, որ այդ որոշումը ուղղակի կերպով կախեալ է Ռուսիայէն։

Բայցեւայնպէս, Ազրպէյճանի մէջ ռուսական ազգեցութիւնը այնքան զգալի չէ, որ կովկասեան այս հանրապետութեան ղեկավարներուն ստիպէ հեռանալ արեւմտեան կառոյցներէն եւ աւելի մօտենալ հիւսիսային հարեւանին՝ ընդունելով Փութինի եւրոասիական սկզբունքները։

»Հակառակ աւելի քան 20 տարի չլուծուած ղարաբաղեան հակամարտութեան, Ազրպէյճան կրցած է զարգացման սեփական նախագիծ ունենալ եւ լուրջ քայլեր կատարել կառուցուածքային բարեփոխումներուն մէջ՝ հասնելով կարեւոր տնտեսական ձեռքբերումներու«, կը գրէ լրատուամիջոցը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.