ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐՆ ՈՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ


 

 

Սահիպ Անժարինի լիբանանեան «ալ-Սաֆիր» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Հալէպի այլ բնակիչներուն նման սուրիահայերը եւս, շուրջ հարիւր տարի առաջ թուրքերուն գործած ջարդերէն իրենց փախուստէն ետք, զիրենք հիւրընակալած սուրիական տնտեսութեան մայրաքաղաքը նկատուող Հալէպի մէջ ընթացող պատերազմին ընթացքին սուղ գին վճարեցին։

ՀԱՅԵՐՆ ՈՒ ՍՈՒՐԻԱՆ՝ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՈՒՆԴԷՆ ԱՒԵԼԻ ՀԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԻՆ

Սուրիոյ հետ հայերու յարաբերութիւնը շատ հին պատմութիւն ունի եւ ըստ պատմական աղբիւրներու, առաջին պարագան արձանագրուած է ՔԱ 88 թուականին, երբ Մեծն Տիգրանի գահակալութեան ընթացքին, Սուրիան 16 տարի հայոց թագաւորութեան իշխանութեան տակ մնաց։ Աբբասեան խալիֆայութեան ժամանակաշրջանին բազմաթիւ հայեր բիւզանդական կրօնական հալածանքէն եւ թաթարներու արշաւանքներէն փախուստ տալով Սուրիա գաղթեցին։ ՔԵ 301 թուականէն սկսեալ, երբ քրիստոնէութիւնը Հայաստանի պետական կրօնը դարձաւ, Հալէպը դէպի Երուսաղէմ ուղղուող հայ ուխտաւորներու կեդրոնի վերածուեցաւ։ 1965-ին Տեր Զօրի հարաւը յայտնաբերուեցան ժայռափոր հայկական 20 գրութիւններ, որոնք 1628 եւ 1674 թուականներէն մնացած են։ 1877-ին հայ վաճառական Մանուկ Գրաճեան Օսմանեան խորհրդարանի մէջ Հալէպի նահանգէն երեսփոխան ընտրուեցաւ։ 1898-ի Օսմանեան վիճակագրութեան մը համաձայն, Հալէպի մէջ 4500 հայեր կ՚ապրէին։

Սակայն Սուրիոյ հետ հայերու յարաբերութեան գլխաւոր հանգրուանը, ըստ պատմաբան Ռեմոն  Գէորգեանի թրքական հալածանքներուն պատճառով 1876-ին, 1895-ին, 1909-ին, 1915-ին, 1922-ին եւ 1939-ին տեղի ունեցած իրերայաջորդ գաղթերն էին։ Այդ թուականներուն Սուրիա եւ Լիբանան գաղթած հայերուն թիւը հասաւ շուրջ 125 հազարի, որոնցմէ 75 հազարը Հալէպ եւ անոր արուարձանները հաստատուեցան։ Ըստ հալեպցի պատմագիր Շէյխ Քամելի 1925-ին Հալէպի բնակչութեան թիւը հասաւ 210 հազարի, որուն 25 առ հարիւրը հայեր էին։Սուրիահայերը առաջինն էին, որ Սուրիա ներմուծեցին շողարձակ լուսանկարչութեան մեքենան (x-ray) (1897), լուսանկարչութիւնը (1880), եւ Հալէպի մէջ առաջին ինքնաշարժը (1909)։ Անոնք նաեւ առաջին էին, որ քաղաքին մէջ ներմուծեցին տարբեր ձեռարուեստներ, մեքենաներու եւ ինքնաշարժերու բարդերու շինութիւնը, ինքնաշարժերու եւ բերքահաւաքի մեքենաներու կտորներու շինութիւնը։ Անոնք առաջինն էին, որ ալամիւնիոմով ջուրի շարժակներ, ատամնաբոյժերու գործիքներ, բեռնակարգերու եւ շոգեկառքերու սնտուկներ շինեցին, ինչպէս նաեւ արդիական մեքենաներով ձէթ արտադրեցին։Իսկ 1946-ին սուրիական հայրենիքին իրենց պատկանելիութեան ամէնէն ականաւոր փաստերէն մէկը արձանագրուեցաւ, երբ Հալէպի առաջնորդ Զարեհ եպս. Փայասլեան ֆրանսական բանակին մէջ ծառայող հայ զինուորներուն կոչ ուղղեց՝ իրենց զէնքերով միասին միանալու սուրիական բանակին. կոչ մը, որուն ընդառաջեցին հայ զինուորները։ Սուրիոյ նախկին նախագահ Շուքրի Քուաթլի 2 ապրիլ 1946-ին հրապարակուած թիւ 381 հրամանագրով՝ սրբազանը պարգեւատրեց առաջին կարգի սուրիական արժանեաց շքանշանով։

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐԸ ՏԱԳՆԱՊԻ ՃՆՇՈՒՄԻՆ ՏԱԿ

Ներկայ տագնապէն առաջ՝ Սուրիոյ մէջ հայերուն թիւը շուրջ 200 հազար էր եւ անոնք բոլոր իրաւունքները վայելող ու բոլոր պարտաւորութեանց՝ ներառեալ զինուորական պարտադիր ծառայութեան ենթակայ քաղաքացիներ էին։ Անոնց շուրջ կէսը կը բնակի Հալէպի մէջ։ Հայերը Հալէպի մէջ հռչակաւոր դարձան արծաթագործութեամբ եւ ոսկերչութեամբ, ինչպէս նաեւ արհեստի եւ ճարտարարուեստի մարզերուն մէջ։

Սուրիոյ տագնապին սկիզբը՝ Հալէպի մէջ հայ բոլոր համայնքներու, կուսակցութեանց ու երեւելիներու մասնակցութեամբ գումարուեցաւ ժողով մը, որուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ հետեւեալ կէտերուն շուրջ.

– Հայերը տագնապին մասնակից չեն եւ կը կանգնին Սուրիոյ հայրենիքին եւ պետութեան կողքին, կը մերժեն որեւէ կողմէ գործուած բռնարարքները եւ կոչ կ՚ուղղէն յարանուանական նկատառումներէն հեռու մնալու եւ բոլորուելու Սուրիոյ գերիշխանութեան, ազատութեան եւ անկախութեան շուրջ, կը մերժեն արտաքին միջամտութիւններն ու Սուրիոյ մասնատումը։

– Սուրիոյ բանակին ու զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ բախումներուն պատճառով ռազմական գործողութիւններու հետեւանքները դարմանելու ծրագիր գոյացնել։ Աւելի քան մէկ տարի առաջ Հալէպի մէջ հակամարտութեան սկիզբէն ետք, հայկական միութիւններն ու ակումբները նկատառելի մեծ ջանք թափեցին «տաք» շրջաններէն եկած գաղթականները պատսպարելու եւ անոնց օժանդակելու համար։ Հայ կամաւորները բարձրացուցին հետեւեալ կարգախօսը.«Հայրենիքիս սիրոյն Սուրիահայ»։Հալէպի մէջ զինեալ բախումներու մագլցումով՝ սահմանափակ թիւով հայ երիտասարդներ միացան ժողովրդային կոմիտէներու, որոնց պարտականութիւնը, օրին, միայն շարք մը շրջաններու մէջ կարգ մը անցարգելներու զետեղումն էր։ Բախումներու Մէյտան թաղամաս հասնելէն եւ զինեալներուն Շէյխ Մաքսուտ թաղամասին տիրելէն ետք, հայերը մեծ վտանգ զգացին, որովհետեւ բախումները մօտեցան իրենց բնակած Մէյտան, Սուլէյմանիյէ, Ազիզիյէ եւ Վիլայէթ թաղամասերուն, մանաւանդ, որ զինեալ խմբաւորումներուն մէջ ծայրայեղ իսլամականներու ազդեցութիւնն ալ աճեցաւ եւ հայկական թաղամասերը շարունակ հրասանդերով ռմբակոծումի ենթարկուեցան, ինչ որ յաւելեալ հայ երիտասարդներ մղեց իրենց թաղերու պաշտպանութեան համար զէնք բարձրացնելու։ Իսլամ ծայրայեղականները այդ մէկը ամբողջ հայ համայնքը թիրախ դարձնելու պատրուակ օգտագործեցին եւ անոնց պատկանող սեփականութիւնները իւրացնելու կրօնական հրամանագրեր հրապարակեցին։Քաղաքի այլ ճարտարարուսետի մարզի գործարարներուն նման բազմաթիւ հայ գործարարներ եւս իրենց գործարանները կորսնցուցին, ինչպէս նաեւ առեւանգումի մնայուն թիրախներու վերածուեցան։ Այդ ազդակներու լոյսին տակ՝ բազմաթիւ հայեր քաղաքէն հեռացան։ Ըստ Բերիոյ թէմի առաջնորդարանի տուեալներուն, ներկայիս Հալէպի մէջ կը մնան 20 հազար հայեր։ Անոնց մէկ մասը Քեսապի նման սուրիական այլ քաղաքներ մեկնած է, իսկ ուրիշներ՝ Լիբանան, սակայն քաղաքէն հեռացողներուն մեծամասնութիւնը նախընտրած են Հայաստան ուղղուիլ։

ԱՌԵՒԱՆԳՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Հալէպի մէջ առեւանգուած հայերու ճշգրիտ վիճակագրութիւն մը գոյութիւն չունի, սակայն հաստատ է, որ անոնք կը շարունակուին, իսկ նպատակը անոնց ազատ արձակման համար փրկագին ստանալն է։ Առեւանգման վերջին դէպքը արձանագրուեցաւ անցեալ յուլիսին, երբ Ազազի եւ Թուրքիոյ ճամբով Հայաստան ճամբորդող 7 հայեր առեւանգուեցան։ Ինքնաշարժին մէջ գտնուող չորս այր մարդիկը առեւանգուեցան, իսկ երեք կիները ջիղերու խանգարում ունենալով Այնթապի մէջ հիւանդանոց փոխադրուեցան։ «Պատրի նահատակներու ջոկատը», որուն ղեկավարը Խալետ Հայիանին է, ստանձնեց առեւանգման պատասխանատուութիւնը, առեւանգեալները ամբաստանելով՝ վարչակարգին զօրակցող զինեալ խմբաւորումներու անդամակցութեամբ։ Դէպքը իր տեսակին մէջ առաջինը չէր, եւ կը թուի, որ վերջինն ալ պիտի չըլլայ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.