ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐՈՒ ԹԻՐԱԽ ՍՈՒՐԻԱՑԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՀՈՒԸՏԻՆ


 

 

«Քաթոլիք Անլայն» ?կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաները, զիրենք երկրէն փախուստ տալու մղող, մեծ ճնշումի տակ են, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմին մասնակից երկու կողմերն ալ զիրենք թիրախ կը դարձնեն։ Քրիստոնեաներէն շատեր կը դժկամին Ասատի կողմնակցիլ, սակայն նաեւ հետզհետէ աւելի վտանգուած կը զգան ժիհատականներէն, որոնք Սուրիական ազատ բանակի շարքերը կ’ամրապնդեն։

Այս զարգացումը նորութիւն մը չէ, որովհետեւ քրիստոնեաները արդէն որոշ ատենէ մը ի վեր այս հակամարտութեան մէջ թիրախներու վերածուած են, սակայն այդ երեւոյթը հետզհետէ աւելի շեշտակի կը դառնայ, որովհետեւ ժիհատականները քրիստոնեաները, անոնց եկեղեցիներն ու սրբատեղիները թիրախ կը դարձնեն։

Եթէ Իսրայէլ քրիստոնէութեան օրորոցն է, Սուրիան անոր մանկամսուրն է։ Քրիստոսի հետեւորդները Դամասկոսի մէջ էր, որ առաջին անգամ քրիստոնեայ կոչուեցան։ Քրիստոնեաները երկարատեւ ներկայութիւն մը ունին այս պետութեան մէջ, ուր յոյն կաթողիկէներ, յոյն ուղղափառներ, ասորի ուղղափառներ եւ այլ փոքր յարանուանութիւններ կը բնակին։

Սուրիական վարչակարգին իշխանութեան տակ որոշ հանդուրժողականութիւն մը վայելելնուն պատճառով՝ քրիստոնեաները ընդհանրապէս չմիացան Ասատի դէմ ըմբոստութեան։ Այս երեւոյթը զիրենք յաչս ըմբոստներուն կասկածելի տարրերու վերածեց։ 

Քրիստոնեաները ծայրայեղ իսլամբերուն համար թշնամի կը նկատուին, որովհետեւ Սուրիան իսլամական պետութեան մը վերածելու իրենց ճիգերուն արգելք կը նկատուին։ Մեծամասնութեամբ Քայիտայի առնչակից ժիհատականներուն համար՝ քրիստոնեաները այդ պետութեան ստեղծման դիմաց արգելքներ են։

Տագնապին սկիզբը՝ քրիստոնեաները Սուրիոյ բնակչութեան 10 առ հարիւրը կը կազմէին։ Այսօր այդ համեմատութիւնը յայտնի չէ։ Սակայն յստակ է, որ քրիստոնեաները անհամեմատ մեծ թիւերով իրենց բնակավայրերէն փախուստ տուած են՝ շատերը դէպի Թուրքիա։

Տեղեկութիւններ գոյութիւն ունին, թէ եկեղեցիներ կը քանդուին, ոչ թէ Ասատի ուժերու, այլ՝ ժիհատական ըմբոստներու ռմբակոծումներէն։ Ըմբոստներ եկեղեցիներ ու սրբանկարներ կը հրկիզեն եւ բազմաթիւ առիթներով քրիստոնեաներ սպաննած են։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.