ՌՈՒՍԻԱ ՉԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ «ԿՈՐՍՆՑՆԵԼՈՒ»


 

 

 

Ուոլթըր Ռասըլ Միտ «Տը Ամերիքըն Քոնսըրվըթիւ» թերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը փորձէ գտնել պատասխանը այն հարցումին, թէ արդեօք Հայաստանը Ռուսիոյ հետ անվտանգութեան ոլորտի իր յարաբերութիւնները կը փոխէ՞։

«Աճող լարուածութիւնը կարեւոր աշխարհաքաղաքական հետեւանքներ ունի ոչ միայն Հայաստանի եւ Ռուսիոյ, այլ նաեւ Իրանի համար։ Վերջերս, Թեհրան կը փորձէ բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատել Երեւանի հետ՝ ցանկալով զարգացնել տնտեսութեան ու անվտանգութեան ոլորտի կապերը։ Սակայն եթէ Երեւան ատոր փոխարէն որոշէ Եւրոպական Միութեան ու Արեւմուտքի կողմը անցնիլ՝ հեռանալով Ռուսիայէն ու Իրանէն, ապա Թեհրան պիտի յայտնուի լուրջ մեկուսացման մէջ։

«Նման բան տեղի պիտի չունենայ՝ ինչո՞ւ։ Առաջին հերթին՝ Հայաստանի կառավարութիւնը Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ ճեղքեր ստեղծելու ցանկութիւն չունի, իսկ Հայաստան իբրեւ հովանաւոր Ռուսիոյ կարիքը աւելի շատ ունի, քան Ռուսիան՝ Հայաստանի։ Եթէ երեւակայենք, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը կ՚ուզէ վերջ տալ Մոսկուայի հետ իր ռազմական կապերուն, որոնք հաստատուած էին Պաղ պատերազմի աւարտէն ետք, ապա ան ինչպէ՞ս Արեւմուտքի կողմը «պիտի երթայ»։ Վերջին երկու տասնամեակի ընթացքին Հայաստանը ռուսական ուղեգիծին մէջ պահող բազմաթիւ պատճառներէն մէկը այն է, որ Միացեալ Նահանգներ հիմնականին մէջ կ՚արհամարհեն այդ երկիրը՝ ղարաբաղեան պատերազմէն ետք աջակցելով Հայաստանի հարեւաններ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին։

«Ռուսիա եւ Իրան տասնամեակներով Հայաստանի հետ լաւ յարաբերութիւններ կը պահպանեն եւ անոր չեն արտօներ տնտեսական շրջափակման մէջ յայտուիլ։ Նման իրավիճակին մէջ ինչպիսի՞ խթաններ կրնան Հայաստանի ստիպել թուլացնելու այդ յարաբերութիւնները եւ մերձենալու այն պետութիւններուն, որոնք աւելի մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի։

«Եթէ նոյնիսկ Հայաստան Եւրոպական Միութեան անդամակցի(որ շատ երկարատեւ հոլովոյթ մը պիտի ըլլայ), ան ինքնաբերաբար ՕԹԱՆ-ի անդամ պիտի չդառնայ։ Հայաստան չի կրնար Հիւսիսանտլանտեան դաշինքին անդամակցիլ՝ առանց կարգաւորելու Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։

«Սակայն ո՛չ Հայաստանի կառավարութեան մէջ, ո՛չ ալ անոր սահմաններէն դուրս կան որեւէ նշաններ, որոնք կը վկայեն նման ձգտումի գոյութեան մասին։ Ճոշուա Քուչերա անցեալ տարի ամփոփած է այդ իրավիճակի արդիւնքը ՕԹԱՆ-ի եւ Ռուսիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու մասին զեկուցումին մէջ. «Գոյութիւն ունի ըմբռնում մը այն մասին, թէ Ռուսիոյ հետ Հայաստանի կապերը այնքան ամուր են, որ Միացեալ Նահանգներ-ՕԹԱՆ-ի համագործակցութեան առանձին ծրագիրը ոչ մէկ կերպ անոր վրայ պիտի ազդէ»։

Հակառակ անոր, որ հայկական հասարակութիւնը ներկայիս կրնայ զայրացած ըլլալ, սակայն հայերու մեծ մասը կը փափաքին Ռուսիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ պահել, մեծ մասը Մաքսային միութեան կազմին մէջ ընդգրկուելու օգտին կ՚արտայայտուին, իսկ 2011-ի դրութեամբ հայերու 75 առ հարիւրը հաւանութիւն տուած է Ռուսիոյ ղեկավարութեան գործունէութեան։ «Հայաստանը այն երկիրը չէ, որուն Ռուսիան կրնայ մօտիկ ապագային կորսնցնել», կ՚եզրափակէ յօդուածագիրը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.