Արեւմտեան Հայաստանի Հայապատկան Գոյքը Ցանկագրած Հատորը`


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Մօտ տարի մը առաջ, Պոլսոյ մէջ հայ եւ թուրք մտաւորականներու ու գիտնականներու ջանքերով, սահմանափակ տպաքանակով տպագրուած է 1000 էջնոց ուսումնասիրութիւն մը, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մինչեւ 1915 եւ 1936 եղած հայապատկան կալուածներու գոյքի ցանկ մըն է:
Ըստ Երեւանի պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժանմունքի վարիչի տեղակալ Ռուբէն Մելքոնեանի, որ անձամբ գիրքէն օրինակ մը ունի, Հայաստանի մէջ անկէ այլ օրինակներ չկան, իսկ Թուրքիոյ մէջ զայն կարելի է գտնել դժուարութեամբ, քանի որ նախ շատ սուղ է, ապա՝ տպագրուած սահմանափակ քանակով:
«Մանրամասնութեամբ ամէն ինչ նշուած է, սկսած սեփականութեան իրաւունքների ձեւերից, սեփականութեան վկայականներով ու նոյնիսկ՝ պատճէններով», ըսած է Ռուբէն Մելքոնեան:
Եկեղեցապատկան ու հայ համայնքին պատկանող գոյքի ընդհանուր արժէքը հաշուարկուած չէ, քանի որ այդ մէկ աւելի շատ տնտեսագիտական խնդիր է:
Այսուհանդերձ, պատմաբանը նշած է. «Մասնաւորապէս, եթէ գոյքը մինչեւ 1936 թուական եղել է հայ համայնքի ձեռքը, պէտք է հաշուարկուի, թէ այդ տասնամեակների ընթացքում այդ կալուածքների տարածքն ի՞նչ եկամուտ կարող էր բերել: Այսօր Պոլսոյ կեդրոնում գտնուող բաւականին շատ շէնքեր պատկանել են հայերին եւ նոյնն էլ Մարմարա ծովի աւազանում՝ յունական համայնքներին: Այսօր այդ շէնքերը, որոնք խլուած են հայ եւ յոյն համայնքներից, հիմնականում ծառայում են որպէս թանկարժէք հիւրանոցներ ու խանութներ: Եւ պարզ է, թէ Պոլսոյ կեդրոնում ի՛նչ շուկայական արժէք կ՛ունենան մէկ քառակուսի մեթրի վաճառքը եւ կամ վարձակալութիւնը»:
Ըստ պատմաբանին՝ ներկայիս Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին յանձնուած են Թուրքիոյ դէմ քանի մը տասնեակ դատեր, որոնք կ՛առնչուին հայկական եւ յունական գոյքերու վերադարձին: «Արդէն իսկ եղել է մի քանի դատական որոշում, երբ այդ գոյքը մասնակի վերադարձւում է հայկական եւ յունական համայնքներին», աւելցուցած է ան:
Յիշեցնենք, որ վերջերս յայտնի դարձաւ, թէ «eBay» աճուրդի կայքին վրայ աճուրդի հանուած է Մշոյ Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ պատկանող խաչը՝ 70,000 տոլար գինով: Ըստ պատմաբանին՝ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Արեւմտեան Հայաստանի եկեղեցապատկան գոյքը ամբողջութեամբ խլուած է՝ քանի մը փուլով:
«1915 թուականից յետոյ, պատմական Հայաստանի տարածքում գտնուող եկեղեցիները եւ եկեղեցապատկան գոյքը ամբողջութեամբ խլուել է Հայ առաքելական եկեղեցուց եւ հայ համայնքից, եւ բաժանուել է կա՛մ տեղի իսլամ բնակիչներին՝ քրդերին, թուրքերին, կա՛մ պետականացուել է եւ օգտագործուել պետական տարբեր հաստատութիւնների համար որպէս պահեստ, զինապահեստ», ըսած է Մելքոնեան, ըստ որուն՝ Թուրքիոյ հայերուն եւ յոյներուն, ինչպէս նաեւ անոնց եկեղեցիներուն պատկանող գոյքը եւ այլ սեփականութիւններ թալանուած են անգամ մը եւս 1936 թուականին, երբ Թուրքիա վաւերացուցած է կալուածներու մասին նոր օրէնքը:
Ըստ Ռուբէն Մելքոնեանի՝ հակառակ այն իրողութեան, որ մինչեւ 1915 թուական Օսմանեան կայսրութեան բոլոր եկեղեցիները, վանքերն ու մենաստանները (մօտաւորապէս 2000 կառոյց) կը պատկանէին Պոլսոյ պատրիարքութեան, այսօր պատրիարքարանը իր հակաշիռին տակ ունի միայն 42 եկեղեցի, որոնցմէ 36ը կը գտնուի Պոլսոյ մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.