Օնթարիոյի Նահանգապետուհի Քաթլին Ուէյն Ներկայ գտնուեցաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 30-ամեակի հանդիսութեան

 

Օգոստոս 16, 2013-ի երեկոյեան, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեան հիւրընկալեց Օնթարիոյ Նահանագապետուհի Քաթլին Ուէյնը, որ յատուկ այցելութեամբ ներկայ գտնուեցաւ Թորոնթոյի 30-ամեայ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ տարեկան Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի արարողութեանց ու ապա տարեկան քէրմէսին:

Եկեղեցւոյ մուտքին, Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեան եւ Տ. Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեան դիմաւորեցին նահանգապետը, ուր տեղի ունեցաւ հաց ու աղի օրհնութիւն:

Եկեղեցւոյ մէջ խօսք առաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Նահանգապետուհիին յանձնեց Թեմիս կողմէ խաչքար մը՝ իբրեւ յիշատակ: Ապա, անոնք բարձրացան Հայ Կեդրոն ուր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Առաջնորդին, Նահանգապետուհիին ու եկեղեցւոյ եւ հայ կեդրոնի ղեկավարներուն միջեւ:

Հանդիպման աւարտին, Նահանգապետուհին առաջնորդուեցաւ դէպի շրջափակ ուր ան փոխանցեց իր սրտի խօսքը ներկայ ժողովուրդին, որոնք եկած էին քաջալերելու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան քէրմէսը, կազմակերպուած եկեղեցւոյ Հովիւին ու Հոգաբարձութեան եւ բազմաթիւ կամաւորներու կողմէ:

Նոյն շաբաջավերջին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Թորոնթոյի հաւատացեալ ժողովուրդին:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.