1915-Ի ԹՈՒՐՔ ԻՍԿԱԿԱՆ ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ


 

 

Ռաֆֆի Պետրոսեան «Արմինիըն Ուիքլի»-ի մէջ իր յօդուածին սկիզբը կը գրէ, թէ Գերմանիա որոշած է Պերլինի մէջ շարք մը թաղամասեր, փողոցներ եւ պետական դպրոցներ Ատոլֆ Հիթլըրի եւ նացի այլ հերոսներու անուններով կոչել։

Շարունակելով իր յօդուածը, հեղինակը հարց կու տայ, որ եթէ վերոնշեալ հաստատումը ճիշդ ըլլար, ինչպէ՞ս պիտի հակազդէիր, կամ գերմանացիները ինչպէ՞ս պիտի հակազդէին։ Տակաւին Գերմանիոյ մէջ բնակող հրէաները ինչպէ՞ս պիտի հակազդէին։ «Կ՚ենթադրեմ, որ դուն, գերմանացիներն ու հրեաները այդ մէկը անըմբռնելի, վիրաւորական եւ անընդունելի պիտի գտնէիք», կ՚ըսէ յօդուածագիրը։

Սակայն Թուրքիոյ մէջ ընդունելի եւ ոչ վիրաւորական է շարք մը թաղամասեր, փողոցներ եւ Պոլսոյ ու այլ թրքական քաղաքներու մէջ դպրոցներ կոչել Թալէաթ Փաշայի եւ «Իթթիհատ վէ Թերաքքի»ի «հերոսներուն» անունով, որոնք ոչ միայն 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան հայ քաղաքացիներու բնաջնջումին ծրագրողներն ու գործադրողներն էին, այլ նաեւ ինքնին Օսմանեան կայսրութեան կորուստին համար պատասխանատու կառավարական ղեկավարներ։ Ըստ վերջին հաշուարկի մը, Պոլսոյ, Անգարայի եւ այլ քաղաքներու տարածքին պաշտօնապէս Թալէաթ Փաշա կոչուած 8 թաղամասեր կամ շրջաններ կան, 38 Թալէաթ Փաշա փողոցներ կամ պողոտաներ, 7 Թալէաթ Փաշա պետական դպրոցներ, 6 Թալէաթ Փաշա շէնքեր եւ 2 Թալէաթ Փաշա մզկիթներ։ 1922-ին ահաբեկուելէ ետք, Թալէաթ թաղուեցաւ Պերլինի մէջ, սակայն անոր դիակը թուրքերը սիրաշահիլ փորձող նացիներու կողմէ 1943-ին փոխադրուեցաւ Իսթանպուլ եւ զինուորական շքախումբով ու պատիւներով՝ «Անսահման ազատութեան բլուր» գերեզմանատան մէջ թաղուեցաւ։ «Իթթիհատ վէ Թերաքքի»-ի տխրահռչակ ղեկավար Էնվեր Փաշայի դիակը եւս 1996-ին Տաճիկիստանէն փոխադրուեցաւ Իսթանպուլ, ուր Թուրքիոյ նախագահ Սուլէյման Տեմիրելի եւ այլ պաշտօնատարներու ներկայութեամբ թաղուեցաւ Թալէաթի կողմքին։ Հերոսներու այս պաշտամունքը մոլորո՞ւմ մըն է, թէ՞ դիտաւորեալ քայլ։ 1915-ի դէպքերու մերժումը միայն պետակա՞ն քաղաքականութիւն մըն է, թէ՞ պատմութեան պետական տարբերակէն ուղեղալուացումի ենթարկուած թրքական հասարակութեան կողմէ ալ անկեղծօրէն ընդունուած է։

Անկասկած, որ իթթիհատական ղեկավարութեան կողմէ գործուած ցեղասպանութեան թրքութիւնը զանգուածային մասնակցութիւն ունէր։ Սակայն հակառակ այդ մասնակցութեան եւ մարդկութեան դէմ այդ ոճիրներուն մասնակից ղեկավարներուն հերոսացման՝ գոյութիւն ունին նաեւ հասարակ թուրքեր, քիւրտեր եւ շարք մը կառավարական պաշտօնատարներ, որոնք մերժեցին ջարդերուն եւ թալանին մասնակցիլ եւ փորձեցին անոնց արգելք հանդիսանալ։ Թուրքիոյ մէջ՝ կառավարութեան հրամաններուն ենթարկուիլ մերժած եւ այդ պատճառով իրենց ինչքերը կամ կեանքը կորսնցուցած այս արդարամիտ թուրք պաշտօնատարներուն նկատմամբ ամբողջական լռութիւն ու անգիտութիւն գոյութիւն ունի։ 

Պետրոսեան իր յօդուածին մէջ նաեւ կը ներկայացնէ այդ պաշտօնատարներէն ոմանք։

 

Ճելալ Պէյ 

Ճելալ Պէյ Կեդրոնական Անատոլուի նահանգ եւ Հիւսիսային ու Հարաւային Անատոլուէն դէպի սուրիական անապատ հայերու աքսորի ճամբաներու խաչաձեւման կէտ եղող Գոնիայի նահանգապետն էր։ Ան քաջ գիտեր, թէ աքսորի ճամբուն վրայ հայերուն ճակատագիրը ինչ պիտի ըլլայ, որովհետեւ ան նախապէս Հալէպի կառավարիչն էր եւ այնտեղ հայերու դէմ գործուած նախճիրներուն ականատես եղած էր։ Ան փորձեց «Իթթիհատ վէ Թերաքքի»-ի ղեկավարներուն բացատրել, թէ Անատոլուի կամ Հալէպի մէջ հայկական ըմբոստութիւն մը եւ զանգուածային տեղահանութիւնները արդարացնող որեւէ պատճառ չկայ։ Սակայն Մարաշի մէջ իրեն ենթակայ պաշտօնատարներէն մէկը՝ շարք մը մարաշցի հայեր ձերբակալելով ու մահապատիժի ենթարկելով կացութիւնը հրահրեց եւ հայերը ինքնապաշտպանութեան մղեց, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Ճելալ Պէյ պաշտօնազրկուի եւ Հալէպէն ուղարկուի Գոնիա, ուր մերժեց տեղւոյն հայերը աքսորելու Պոլսոյ կողմէ եկած իրերայաջորդ հրամանները գործադրել եւ մինչեւ իսկ յաջողեցաւ Գոնիա հասնող կարգ մը աքսորեալ հայեր պաշտպանել։ Հոկտեմբեր 1915-ին, պաշտօնազրկուելէ առաջ, ան յաջողած էր հազարաւոր հայերու կեանքը փրկել։ Ան իր յուշերուն մէջ Գոնիայի նահանգապետի պաշտօնը վարելուն մասին գրելով՝ ինքզինք կը նմանցնէ գետի մը եզրին նստած անձի մը, որ անոր մէջէն ոչ ոք փրկելու կարելիութիւնը ունի։

Հասան Մազհար պէյ Անգարայի կառավարիչն էր եւ պաշտպանեց Անգարայի հայ համայնքը ու մերժեց զանոնք աքսորելու հրամանները՝ նշելով, որ «ես կառավարիչ մըն եմ, եւ ոչ աւազակ մը։ Ատիկա չեմ կրնար ընել։ Այդ հրամանները կատարելու համար թող ուրիշ մէկը գայ եւ աթոռիս նստի»։ Ան պաշտօնազրկուեցաւ օգոստոս 1915-ին։

Ֆայիք Ալի (Էօզենսէօյ) պէյ Քիւթահիոյ կառավարիչն էր. ան հայերը աքսորելու հրամանները գործադրելու փոխարէն հրամայեց այլ վայրերէ Քիւթահիա հասնողները պահել եւ անոնց հետ լաւ վարուիլ։ Մինչ իր անկարգապահութեան համար Պոլիս հարցաքննութեան կանչուած էր՝ Քիւթահիոյ ոստիկանապետ Քեմալ պէյ առիթը օգտագործելով հայերուն հրամայեց իսլամութիւնը ընդունիլ կամ աքսորուիլ։ Հայերը որոշեցին կրօնափոխ ըլլալ։ Երբ Ֆալի Ալի պէյ վերադարձաւ՝ զայրացաւ եւ պաշտօնազրկեց ոստիկանապետը։

 

Հուսէյն Նեսիմ պէյ

Հայեր փրկող հերոսներու մասին ամէնէն ողբերգական պատմութիւններէն մէկը Տիգրանակերտի մօտ գտնուող Լիճէի քաղաքապետ Հուսէյն Նեսիմ պէյի պատմութիւնն է։ Տիգրանակերտի կառավարիչ Ռեշիթ պէյ շրջանին մէջ հայերը բնաջնջելու ծրագիր կը մշակեր։ Մինչ այդ՝ Հիւսէյն Նեսիմի յանդգնեցաւ Լիճէի բնակիչ 5980 հայեր փրկել։ Ռեշիթ Հուսէյն Նեսիմին Տիգրանակերտ հանդիպումի հրաւիրեց, սակայն իր չերքեզ զինեալ պահակ Հարունին թելադրեց անոր ճամբան կտրել։ 15 յունիս 1915-ին Հարուն սպանեց քաղաքապետը եւ դիակը ճամբուն եզրին նետեց։ Այդ օրունէ ի վեր Լիճէէն Տիգրանակերտ երկարող ճամբուն կիսուն գտնուող վայրը ծանօթ է «Թուրքէ-ի Քայէմաքամ»(քաղաքապետի գերեզման) անունով։ Թրքական արխիւները այս ոճիրը կը վերագրեն հայ զինեալներու։

Տիգրանակերտի կառավարիչ Ռեշիթ նաեւ պատասխանատու է Տիգրանակերտի շրջանին մէջ հայերը աքսորելու հրամանները մերժած շարք մը այլ կառավարական պաշտօնատարներու պաշտօնազրկման եւ սպանութեան։ 1915-ի վերջաւորութեան Չերմիքի քաղաքապետ Մեհմեթ Համտի պէյ, Սաւուրի քաղաքապետ Մեհմեթ Ալի պէյ, Սիլվանի քաղաքապետ Իպրահիմ Հաքքի պէյ, Մարտինի քաղաքապետեր Հիլմի պէյ եւ Շեֆիք պէյ պաշտօնազրկուցեան հայերը աքսորել մերժելնուն համար։ Սկիզբը Միտիաթի, ապա Մարտինի մօտ գտնուող հայկական Տերիքի քաղաքապետ Նուրի պէյ եւս պաշտօնազրկուեցաւ, ապա կառավարիչ Ռեշիթ Պէյի հրամանով սպաննուեցաւ։ Անոր սպանութիւնը վերագրուեցաւ հայ ըմբոստներու, եւ այդ հիմամբ Տերիքի բոլոր հայ այր մարդիկը մահապատիժի ենթարկուեցան, ապա կիներն ու մանուկները աքսորուեցան։

Այս քաջ մարդոց անունները պատմութեան գիրքերու մէջ չեն գտնուիր։ Իսկ եթէ նշուին, ապա միայն պատմութեան թրքական պետական տարբերակին հիմամբ «դաւաճաններ» կը նկատուին։ Այս մարդիկը իրենց խղճէն թելադրուելով մերժեցին ցեղասպանական արշաւին մասնակցիլ՝ դիմադրելով կառավարական մնացեալ պաշտօնատարներուն նման հարստանալու փորձութիւնը։ Այս սակաւաթիւ արդարամիտ մարդիկը, ինչպէս նաեւ հասարակ թուրքերու եւ քիւրտերու նկատառելի թիւ մը՝ հայերը պահելով ու պաշտպանելով մերժեցին զանոնք բնաջնջելու հրամանները։ Անոնք իսկական հերոսներ են եւ «Շինտլըրզ Լիսթ» կամ «Հոթել Ռուանտա» շարժանկարներուն մէջ ներկայացուած տիպարներուն թրքական տարբերակն են։ Թուրքիոյ քաղաքացիները այսօր իրենց նախահայրերը իբրեւ հերոս յիշելու ընթացքին երկու ընտրանք ունին՝ կամ մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործած սպանդագործներն ու թալանողները ընտրել կամ ալ՝ մարդկութեան դէմ ոճիրները կանխարգիլել փորձողները։ Իսկական հերոսներուն ծանօթանալը թուրքերուն պիտի օգնէ չորս սերունդներու վրայ երկարող ուղեղալուացական պատմութեան շղթաները կոտրելու եւ 1915-ի ճշմարտութեան դիմաց կանգնելու։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.