ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄ ՄԸ՝ «ԷՐԿԵՆԵՔՈՆ»


 

 

Էթիէն Մահչուփեան «Թուտէյզ Զաման»-ի կայքէջին վրայ 14 օգոստոսին զետեղուած իր վերոնշեալ խորագիրով յօդուածին մէջ կը գրէ, որ «Էրկենեքոն»-ի դատավարութիւնը Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաւելագոյն քաղաքական դրդապատճառները ունեցող դատավարութիւնն էր, որովհետեւ դատարանը դատեց գաղափարական կեդրոն մը, որ փորձեց իսլամական հակում ունեցող եւ թրքական քաղաքականութիւնը վերաձեւաւորելու իր նպատակը չծածկող կառավարութեան մը դէմ յեղաշրջում կատարել։

«Էրկենեքոն»-ի համակիրները, ներառեալ փաստաբաններ, լրատուական կազմակերպութիւններու եւ ակադեմական հիմնարկներու անդամներ, իրենց կարելին ըրին դատավարութիւնը քաղաքականացնելու։ Միւս կողմէ՝ դատախազին անփութութեամբ պատրաստած ամբաստանագիրը եւ դատավարութիւնը շարունակելու դատարանին անընդունելի որոշումը՝ անուղղակի կերպով ականահարեցին արդար դատավարութեան սկզբունքը եւ դատական հարցը քաղաքական գետնի վրայ շահագործելի դարձուցին։ Կարելի է ըսել, որ կարգ մը կասկածեալներու դէմ դատարանին արձակած վճիռները անոնց արժանի պատիժէն աւելի ծանր էին։ Սակայն դժուար է առարկել, թէ «Էրկենեքոն» ահաբեկչական կազմակերպութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարները աւելի երկար ժամանակով բանտարկութեան վճիռ ստացան քան արժանի էին։

Շատեր «Էրկենեքոն»-ի դատական հարցը հասկնալու դժուարութիւն ունին, որովհետեւ կը կարծեն, թէ այդ կազմակերպութիւնը պէտք է ղեկավար մը եւ կեդրոն մը ունենայ։ Սակայն մեր առջեւ ունեցածը կառոյց մըն է, որ «ուրուական պետութեան» կողմէ օգտագործուած է բոլոր յեղաշրջումները կատարելու համար, ներառեալ 27 մայիս 1960-ի յեղաշրջումը։ Առաջին հերթին «Էրկենեքոն» յեղաշրջումի ծրագիրին եւ 27 մայիս 1960-ի յեղաշրջման թիրախը՝ պետութեան մէջ իրենց ազդեցութեան տարողութիւնը ընդլայնել փորձող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ու Ժողովրադարական կուսակցութեան կառավարութիւններն էին։ Եւ երկու ծրագիրներն ալ սկսան կազմակերպուիլ այս երկու կուսակցութիւնները իշխանութեան հասցուցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք։ Այս կուսակցութիւնները հասարակութենէն մեծ զօրակցութեան արժանացան։ Ուստի, յեղաշրջումները ծրագրողները զինուորական միջամտութիւնները օրինականացնելու համար՝ փորձեցին քաոսային մթնոլորտ ստեղծել եւ կառավարութիւնները բռնատիրութեամբ իշխելու մեղադրանքով ամբաստանեցին։

«Էրկենեքոն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը պէտք ունեցաւ երեք ենթակազմակերպութիւններ ստեղծելու զինուոարական միջամտութիւն մը արդարացնելու համար։ Առաջինը՝ կիսապաշտօնական աւազակախումբ մըն էր, որ կազմուած էր իբրեւ կիսազինուորական ոստիկանութեան շարունակութիւն։ Երկրորդը՝ ներքին կառոյց մըն էր եւ աշխատանքի ծրագիրներուն, կազմակերպութեան բարձրաստիճան գործադիր ղեկավարութեան եւ բանակին միջեւ համակարգում կ’ապահովէր։ Վերջինը՝ հանգստեան կոչուած զօրավարներէ ղեկավարուող ոչ կառավարական կազմակերպութիւններէ եւ յաչս ժողովուրդին յեղաշրջումը արդարացնելու պարտականութիւնը ունեցող լրատուական կազմակերպութիւններէ կազմուած թոյլ ցանց մըն էր։

«Էրկենեքոն» երբէք մէկ ղեկավար չէ ունեցած, այլ՝ շարք մը բարձրաստիճան զինուորական պաշտօնատարներ, որոնք ղեկավարի դեր կը կատարէին եւ ենթակազմակերպութիւններու միջեւ համակարգումը կ’ապահովէին։ Պատճառն այն է, որ յեղաշրջումի մը իսկական ղեկավարը յեղաշրջումին նախօրեակին դաշինքներու եւ բանակցութեանց ճամբով կը ճշդուի կազմակերպութեան ազդեցիկ դէմքերուն կողմէ։

Հաւանական է, որ «Էրկենեքոն» յեղաշրջումի փորձը պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուի, իբրեւ հին վարչակարգին կազմակերպուած վերջին դիմադրութիւնը։ Սակայն հնգամեայ դատավարութեան ընթացքին, «Էրկենեքոն»-ի հետաքննութեան մէջ տեղեկութեանց ու փաստաթուղթերու վաւերականութիւնը հաստատուեցան «Էրկենեքոն»-ի բարձրաստիճան ղեկավարներուն կողմէ եւ ականատեսներ «Էրկենեքոն»-ի կողմէ կազմակերպուած դէպքերու ծածուկ կողմերուն ու անոր անդամներուն միջեւ պատահական յարաբերութիւններուն մասին վկայեցին։

Դատավարութեան ընթացքին՝ «Էրկենեքոն»-ի համակիրները շարունակեցին «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան» գործունէութիւնը արգելակելու փորձերը, այս անգամ գերագոյն դատարանին ճամբով։ Անոնք 2007-ին փորձեցին «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան» անդամի մը նախագահ ընտրութեան արգելք հանդիսանալ, եւ 2008-ին կուսակցութիւնը փակելու դատական հայց մը ներկայացուցին։ Իրողութիւնը այն է, որ անոնք 2004-ին իրենց նպատակին պիտի հասնէին, սակայն ստիպուեցան իրենց ծրագիրները յետաձգել, որովհետեւ օրին թրքական բանակի սպայակոյտի պետ Հիլմի Էօզքէօք յեղաշրջումը ծրագրողներէն հեռացած էր։ Վերջինս թունաւորուելէ վախնալով՝ հետագային սկսաւ իր կերակուրը տունէն իր հետ բերել։

Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը 2011-ին յայտարարեց, որ «Էրկենեքոն» ընդհատակեայ ահաբեկչական կազմակերպութեան գոյութեան վերաբերեալ «ուժեղ փաստեր» գոյութիւն ունին։ Միւս կողէ՝ թուրք հասարակութեան մտքին մէջ անոր գոյութեան շուրջ որեւէ կասկած գոյութիւն չունի։ Թուրք ժողովուրդին համար միակ հարցը յեղաշրջումին զօրակցող կամ անոր դէմ եղող ճամբարին անդամ ըլլալն է։ Անցեալին այսպէս էր, այսօր եւս այդպէս է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.