Թուրքիա Կը Խոստանայ Կարելին Ընել՝ «Ատրպէյճանի Տարածքներուն» Վերադարձը Ապահովելու Համար





ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- «Թուրքիա պատրաստ է կարելին ընելու, վերջ տալու համար Հայաստանի կողմէ ատրպէյճանական հողերու բռնագրաւման», Հինգշաբթի, Օգոստոս 15ին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Թրքալեզու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին:
Ան աւելցուցած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը խոչընդոտ մըն է Հարաւային Կովկասի կայունութեան: «Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի այլ գրաւեալ տարածքներու ազատագրումը կը շարունակէ մնալ մեր արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնը, ու մենք պիտի շարունակենք գործել այդ հունով: Մենք կտրուկ կերպով կը բողոքենք ատրպէյճանական հողերու 20 տոկոսի բռնագրաւման եւ մեր եղբայր ատրպէյճանցիները իրենց տուներէն բռնի կերպով արտաքսելու քայլերուն դէմ: Այն փաստը, որ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նպատակով աւելի քան 20 տարիէ ի վեր շարունակուող բանակցութիւնները ապարդիւն կը մնան, մեզ լրջօրէն կ՛անհանգստացնէ», ըսաւ Տաւութօղլու՝ կրկնելով, թէ Արցախի տագնապը պէտք է լուծուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքով:
Ատրպէյճանի Քապալա քաղաքին մէջ կայացող նոյն հանդիպման ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան անդրադարձած է նաեւ հիւրընկալ երկրի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը՝ կրկնելով Պաքուի պաշտօնական մօտեցումները եւ պնդելով, թէ տարածաշրջանային համագործակցութեան դէմ կանգնած գլխաւոր խոչընդոտներէն են անջատողականութիւնը, ազգային եւ ցեղային հողի վրայ հակամարտութիւնները, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու բռնի փոփոխման ուղղուած քայլերը. «Կ՛ուզեմ երախտագիտութիւն յայտնել այն երկիրներուն, որոնք կ՛աջակցին Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան», աւելցուցած է ան:
Թրքալեզու երկիրներու գերաստիճանի նախօրեակին կայացած նշեալ նիստին մասնակցած են Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, Ղազախստանի եւ Ղրղզստանի արտաքին գործոց նախարարները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.