«150 Հազար Մարդու Խախտուած Իրաւունքների Վրայ Կառուցուած Խաղաղութիւնն Անարդիւնաւէտ Է, Անարդար Եւ Անիրագործելի». Գեղամ Ստեփանեան
- (0)

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան իր ուղղած տեսաուղերձին մէջ կը յայտնէ, որ Արցախի ժողովուրդին հաւաքական, ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը անառարկելի է եւ անօտարելի:
«Բռնի տեղահանութեանը յաջորդած մէկուկէս տարուայ ընթացքում այն իր ամրագրումն է ստացել ինչպէս միջազգային դատական ատեանների, այնպէս էլ` միջազգային քաղաքական մակարդակում: Իրաւունքը մնում է թղթի վրայ, եթէ բացակայում է այն պաշտպանելու յանձնառութիւնը: Միջազգային հարթակներում այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները պարտադիր կերպով պէտք է զուգորդուեն ՀՀի կողմից այս հարցը բանակցային գործընթացի օրակարգում ներառելու հրամայականով: Դա է յուշում հակամարտութեան տրամաբանութիւնը, պատմութիւնը եւ Արցախի ժողովրդի իրաւունքների պաշտպանութեան հարցում ՀՀի ստանձնած պատասխանատուութիւնն ու պարտաւորութիւնը», յայտարարեց Ստեփանեան՝ աւելցնելով. «150 հազար մարդու խախտուած իրաւունքների վրայ կառուցուած խաղաղութիւնն անարդիւնաւէտ է, անարդար եւ անիրագործելի»։
Այս բոլորին լոյսին տակ, Ստեփանեան կոչ ուղղեց՝ 29 Մարտին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ համախմբուելու եւ վերահաստատելու հայրենիք վերադառնալու փափաքը եւ Հայաստանէն ու միջազգային հանրութենէն պահանջելու պատշաճ քայլերու ձեռնարկել արցախահայութեան խախտած իրաւունքները վերականգնելու ուղղութեամբ։