15 Հարցում – 15 Պատասխան Արցախի Մասին

10 Վայրկեանէն Ամէն Ինչ Իմանալու Համար Անգիտացուող Պետութեան Մը Մասին

Փետրուար 22-ին Ֆրանսայի խորհրդարանի Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Արցախի նուիրուած «15 հարցում-15 պատասխան` 10 վայրկեանէն ամէն ինչ իմանալու համար անգիտացուող պետութեան մը մասին» ֆրանսերէն գրքոյկի շնորհահանդէսը: Ստորեւ կը ներկայացնենք գրքոյկին բովանդակութիւնը` թարգմանուած «Նոր Յառաջ»ի կողմէ.

1.- Ի՞նչ է Արցախը:

Արցախ, նախապէս` Լեռնային Ղարաբաղ, ինքնորոշուած հանրապետութիւն մըն է Հարաւային Կովկասի մէջ, Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ: Երկրին մակերեսը կը կազմէ շուրջ 11.500 քառ. քմ, իսկ բնակչութիւնը` 151.000 հոգի: Մայրաքաղաքն է Ստեփանակերտ:

Երկիրը իր անկախութիւնը հռչակած է 1991 սեպտեմբեր 2-ին` դառնալով նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն: Այդ օրերէն ի վեր ան կը պահանջէ իր ճանաչումը միջազգային հանրութեան կողմէ, որուն բացարձակապէս կ՛ընդդիմանայ Ազրպէյճան:

Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ իշխանութեանց անջատումը: Ունի Ազգային ժողով` միակ պալատով, խորհրդարանական դրութիւն` մէկ պալատով: Բակօ Սահակեան Արցախի Հանրապետութեան երրորդ նախագահն է, որ 2007-ին ընտրուած է ընտրական ուղղակի դրութեամբ, ապա վերընտրուած է 2012-ին: 2017 փետրուարին հանրաքուէով մը երկիրը վերանուանուեցաւ Արցախի Հանրապետութիւն` վերագտնելով իր բո՛ւն անունը:

2.- Ինչո՞ւ Ազրպէյճան կ՛ընդդիմանայ Արցախի անկախութեան
ճանաչման եւ հակամարտութեան մէջ կը գտնուի վերջինիս հետ:

«Արցախեան հակամարտութիւն» կը կոչենք մէկ կողմէ Ազրպէյճանի պետութեան եւ, միւս կողմէ, Արցախի գրեթէ ամբողջութեամբ հայ բնակչութեան միջեւ նախ քաղաքական, ապա նաեւ ռազմական առճակատումը: Այս հակամարտութեան արմատները կը գտնուին տարածաշրջանի արդի պատմութեան մէջ: 1920-ին, Անդրկովկասի խորհրդայնացման օրերուն, պարտադրաբար եւ հակառակ իր բնակչութեան կամքին, Արցախ ներառուեցաւ Ազրպէյճանի սահմաններուն մէջ` խորհրդային կեդրոնական իշխանութեան կողմէ: Ազրպէյճանի կցումէն անմիջապէս ետք Արցախի բնակչութիւնը դարձաւ զոհը ցեղային խտրականութեան, նոյնիսկ` իր աստիճանական բնաջնջման միտող մնայուն քաղաքականութեան մը, ճիշդ այնպէս` ինչպէս դրացի հայկական միւս գաւառը` Նախիջեւանը, որ նոյն իրավիճակին մատնուած էր, եւ որու մեծամասնութեամբ հայ բնակչութեան տոկոսը 40 տարուան մէջ իջաւ 0%ի:

Խորհրդային ամբողջ ժամանակաշրջանին (1920-1991) Արցախի հայ բնակչութիւնը չէ դադրած պահանջելէ իր կցումը Հայաստանին: Խորհրդային զարհուրելիօրէն պարտադրող վարչաձեւին կողմէ ամբողջ 70 տարիներ ճնշուած Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի (ԼՂԻՄ) իշխանութիւնները Խորհրդային Միութեան փլուզման մօտ` 1989-էն սկսեալ ձեռնարկեցին Ազրպէյճանէն անջատուելու գործընթացի մը: Ներքին եւ միջազգային իրաւունքի յարիր այս գործընթացին Ազրպէյճան հակադարձեց հայոց ջարդերով, ապա նաեւ` Ղարաբաղի դէմ բացայայտ պատերազմով:

Այդ պահէն սկսեալ Արցախի բնակչութիւնը կազմակերպեց իր ինքնապաշտպանութիւնը եւ վերջնապէս անջատուեցաւ Ազրպէյճանէն` 1991 սեպտեմբերին հռչակելով իր անկախութիւնը:

Հակամարտութեան զինեալ փուլը տեղի ունեցաւ 1991-1994: Դրացի Հայաստանը, որ անկախացած էր 1991-ին, յանձնառու եղաւ Արցախի անկախացման պահանջի աջակցութեան` երաշխաւորելու համար անոր բնակչութեան ապահովութիւնը: Ռուսիոյ միջնորդութեամբ 1994 մայիսին ստորագրուեցաւ զինադադարի համաձայնագիր մը` Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Արցախի միջեւ: Պատերազմը աւարտեցաւ Արցախի Հանրապետութեան ռազմական յաղթանակով, սակայն անոր քաղաքական կարգավիճակի հարցը ցայսօր կը մնայ անլոյծ:

3.- Հայաստան որքանո՞վ ընդգրկուած է այս հակամարտութեան մէջ:

Օրինական գետնի վրայ Հայաստան չէ ընդգրկուած` հակամարտութիւնը իրարու հակադրած ըլլալով Ազրպէյճանի պետութիւնը եւ անոր ինքնավար մարզերէն մէկուն` Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը: Այսուհանդերձ, Հայաստան չի կրնար անտարբեր մնալ այդ բնակչութեան ճակատագրին նկատմամբ, նախ պատմական, ապա նաեւ` բարոյական պատճառներով: Արդարեւ, Լեռնային Ղարաբաղը հայկական հին գաւառ մըն է: Անոր բնակիչները հայախօս են եւ հայկական մշակոյթի տէր. յաւելեալ` Արցախ յաճախ փափաքած է իր կցումը Հայաստանին:

Բայց Հայաստանի կողմէ այս հակամարտութեան ընծայուած կարեւորութեան գլխաւոր պատճառը ազրպէյճանական մնայուն սպառնալիքներն են` ուղղուած տարածաշրջանի կայունութեան եւ ապահովութեան: Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած հայոց առաջին ջարդերէն ետք 1988-ին, եւ ի տես խորհրդային իշխանութիւններուն որդեգրած կրաւորական կեցուածքին ու Արցախի բնակչութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու անկարողութեան, Հայաստանի Հանրապետութիւնը յանձնառու եղած է այդ բնակչութեան ապահովութեան երաշխաւորման:

4.- Ինչո՞ւ Արցախ այլեւս չի պահանջեր իր կցումը Հայաստանին:

Արցախի ինքնավար մարզը Խորհրդային Միութենէն անջատման գործընթացը սկսած է Հայաստանէն եւ Ազրպէյճանէն քիչ առաջ: Այն ատեն ի զօրու խորհրդային օրէնսդրութեան համաձայն, Արցախի խորհրդարանը քուէարկեց Հայաստանի իր կցման ի նպաստ, սակայն այդ նախընտրութիւնը մերժուեցաւ Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդին կողմէ: Օրինական հիմքերով քալելու նախանձախնդիր` Արցախ այդ պայմաններուն մէջ հռչակեց իր անկախութիւնը` Խորհրդային Միութեան 1990 ապրիլ 3 թուակիր «Խորհրդային Միութենէն հանրապետութեան մը անջատումով ծագած հարցերու լուծման գործընթացի մասին» օրէնքի հիման վրայ:

Սակայն, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, միջազգային հանրութեան կողմէ միայն Հայաստան եւ Ազրպէյճան ճանչցուեցան որպէս անկախ պետութիւններ: Արցախի անկախացման գործընթացը դեռ չէ հասած աւարտին, քանի որ երկիրը դեռ չի վայելեր միջազգային հանրութեան ճանաչումը: Այդ պատճառով ալ Արցախ առաջնահերթութիւն կը նկատէ իր ճանաչման իրաւունքի, քան` գերիշխան պետութեան կարգավիճակի նուաճումը, միշտ նպատակ ունենալով պաշտպանել իր բնակչութիւնը, ապաւինելով ՄԱԿ-ի ուխտագիրին:

5.- Արցախի անկախութեան գործընթացը յարի՞ր է միջազգային իրաւաբանութեան:

Պատասխանն է` այո՛: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը իր շրջանի անկախացման մէջ միաժամանակ կը տեսնէ ֆիզիքական ապահովութեան միակ երաշխիքը, ինչպէս նաեւ` ամբողջ ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքին իրագործումը, որ ՄԱԿ-ի հիմնական սկզբունքն է:

Ազրպէյճան այս իրաւունքին կը հակադրէ հողային ամբողջականութեան սկզբունքը, զոր կը գերադասէ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքէն, եւ այդ պատճառով ալ ինքզինք իրաւասու կը նկատէ որեւէ պահու բիրտ ուժի դիմելու Արցախի բնակչութեան դէմ` վերահաստատելու համար իր հողային ամբողջականութիւնը` խորհրդային շրջանի սահմաններու հիման վրայ:

Մինչդեռ հողային ամբողջականութեան սկզբունքով հետապնդուած բուն նպատակն է նախապէս ինքնորոշուած պետութեան մը շրջանակին մէջ կազմուած ազգի մը արտաքին յարձակումներէ պաշտպանութիւնը:

Սակայն, երբ պետութիւն մը կը սկսի կամայականօրէն սպառնալ իր ուրոյն քաղաքացիներուն մէկ զանգուածին, օրինակ` ցեղային կամ կրօնական, եւ որ անոնք համախմբուած են նշեալ պետութեան կողմէ պահանջուող հողերուն մէկ մասին վրայ, այդ պարագային սպառնալիքի ենթակայ այդ զանգուածին իրաւունքն է անջատուիլ` ապահովելու համար իր ֆիզիքական անվտանգութիւնը եւ յարատեւումը:

6.- Ի՞նչ դիրքորոշում ունի ՄԱԿ այս հակամարտութեան նկատմամբ:

ՄԱԿ զօրավիգ է ԵԱՀԿ-ի (Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւն), որ Ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ կը վարէ միջազգային միջնորդի դեր: Միաժամանակ, 1993-ին ռազմական գործողութիւններու սաստկացումով մտահոգ` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ընդունած է 4 որոշում` առաջքն առնելու համար կացութեան վատթարացման:

Այս չորս որոշումները (թիւ 822 – 1993 ապրիլ 30, թիւ 853 – 1993 յուլիս 29, թիւ 874 – 1993 հոկտեմբեր 14 եւ թիւ 884 – 1993 նոյեմբեր 12) յղուած են Ազրպէյճանին, բայց նաեւ` Արցախի Հանրապետութեան. կոչ կ՛ընէ նաեւ` «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան` ի գործ դնելու իր ազդեցութիւնը Արցախի հայոց վրայ, որպէսզի դադրեցնեն կռիւներն ու թշնամական ամէն արարք եւ կարելի ըլլայ հաստատել մնայուն զինադադար մը»:

Այս որոշումները լաւագոյնս կ՛ապացուցեն, որ ՄԱԿ-ի կողմէ հաշուի առնուած է նա՛եւ Արցախը` նոյնիսկ առանց ճանչցուած ըլլալու, միանգամայն հաստատելով, որ քաղաքական բանակցութիւններ կարելի չէ սկսիլ առանց վերջ տալու կռիւներուն: Այսօր նշեալ որոշումները չեն յարգուիր Ազրպէյճանի կողմէ, որ կը մերժէ վերջ տալ Արցախի Հանրապետութեան դէմ ուղղուած թշնամութիւններուն` անոր պարտադրելով տնտեսական շրջափակում եւ բնակչութեան դէմ ալ մղելով հետզհետէ սաստկացող պատերազմ: Սպառնալիքի այս մնայուն իրավիճակը անկարելի կը դարձնէ արցախեան բանակին կողմէ առնուած ապահովական միջոցներէ հրաժարումը, ինչ որ կը քննադատուի Ազրպէյճանի կողմէ:

7.- Ի՞նչ է Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան
կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) դերը:

Հարաւային Կովկասի պետութիւններու 1992-ին ԵԱՀԿ-ին անդամակցութենէն ի վեր վերջինս կը հանդիսանայ բանակցութիւններու միջազգային մարմինը` Մինսքի խմբակի ձեւով, որ կը բաղկանայ 11 պետութիւններէ, ներառեալ` Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը, յաւելեալ` «Լեռնային Ղարաբաղի ընտրեալ կամ այլ ներկայացուցիչներ»: Նշեալ խումբը հանդիպումներ կը կազմակերպէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով, ինչպէս նաեւ` պաշտօնական այցելութիւններ Երեւան, Պաքու եւ Ստեփանակերտ:

1997-ին, բանակցութեանց ընթացակարգը աւելի աշխուժացնելու նպատակով, լայնածիր այս խումբը լիազօրեց մշտական երեք պետութիւն, իմա` Ֆրանսան, Ռուսիան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, ապահովելու անոր համանախագահութիւնը եւ վարելու հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները: Մինսքի խմբակը միակ մարմինն է, զոր լիազօրած են բոլոր կողմերը:

8.- Ինչո՞ւ դիւանագիտական հանդիպումները կ՛ընդգրկեն
Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը եւ կը բացառեն Արցախը:

Բանակցութիւններու ծիրին մէջ Արցախի Հանրապետութեան հետ ուղղակի երկխօսութիւն հաստատելու Ազրպէյճանի մերժումէն ետք, 1998-ին Հայաստան դարձաւ բանակցութիւններուն Արցախի Հանրապետութեան շահերը ներկայացնող միակ կողմ: Որպէս բարի կամքի դրսեւորում` Արցախի Հանրապետութիւնը յօժարեցաւ այս առժամեայ լուծումին, սակայն` միշտ պահանջելով, որ Ազրպէյճան ուղղակի երկխօսութիւն հաստատէ իրեն հետ:

9.- Գլխաւորաբար ինչպիսի՞ սկզբունքներու կը յենին
դիւանագիտական բանակցութիւնները:

Միջազգային օրէնքի հիմնական երեք սկզբունքի: Առաջինը, որ վերահաստատուած է 1994-ին եւ 1995-ին, բիրտ ուժի եւ սպառնալիքի բացառման յանձնառութիւնն է: Միւս երկու սկզբունքները, որոնք համարժէք են, կը վերաբերին ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին եւ պետութիւններու հողային ամբողջականութեան:

Բացի գլխաւոր այս երեք սկզբունքներէն` միջնորդները առաջարկած են շարք մը կարեւոր կէտեր: Անոնք յատկապէս կը վերաբերին Արցախի ապագայ կարգավիճակին, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ցամաքային անցքին, ներքին գաղթականներու եւ տեղահանուածներու վերադարձի իրաւունքին, Արցախի յարակից տարածքներու ճակատագրին, խաղաղապահ ուժերու հաստատման եւ այլն:

2009-ին, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահները միասնաբար յայտարարեցին, որ այս անանջատելի սկզբունքներու, որոնք կոչուած են Մատրիտեան սկզբունքներ, հիման վրայ մշակուած ընդհանուր համաձայնութիւն մը կրնայ ծառայել որպէս հակամարտութեան կարգաւորման հիմնաքար:

10.- Դիւանագիտական բանակցային գործընթացին մէջ
ի՞նչ յառաջխաղացք արձանագրուած է:

Այս առումով ամէնէն շօշափելի յառաջխաղացքը կը մնայ դիւանագիտական բանակցութիւններու պահպանումը: Բայց եւ այնպէս այս յառաջխաղացքը կրնայ շատ աւելի էական դառնալ` հետեւեալ նախաձեռնութիւններով.

– Ապահովել Արցախի Հանրապետութեան մասնակցութիւնը հակամարտութեան լուծման բոլոր փուլերուն: Այսօր բանակցութիւններու սեղանին հիմնական կողմերէն մէկուն բացակայութիւնը Ազրպէյճանի կեցուածքին պատճառով է, որ կ՛ընդունի միայն Հայաստանի հետ բանակցիլ, ինչ որ կը դժուարացնէ հարցին լուծում մը գտնելու իրական յառաջընթացը:

– Հրաժարիլ իբրեւ ճնշման միջոց բռնութեան եւ զինեալ գրգռութիւններէն, այսինքն` ապահովել խաղաղութեան գործընթացին անշրջանցելիութիւնը եւ բացառել պատերազմի վերսկսումը:

– Դրական ընթացք տալ կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման բոլոր կարելիութիւններուն:

Այս առումով, 2016 ապրիլին տեղի ունեցած Ազրպէյճանի մեծածաւալ ռազմական գործողութիւններուն պատճառով, երկու տասնամեակ յետադիմեց բանակցութեանց գործընթացը:

11.- Արցախեան հակամարտութեան հարցին մէջ
արդեօք ներառուա՞ծ է հողային ազդակը:

Արցախի պատերազմին պատճառով տարածքային փոփոխութիւններ տեղի ունեցան: Ազրպէյճանի ուժերը գրաւած են Շահումեանը, ինչպէս նաեւ` Մարտունիի եւ Մարտակերտի շրջաններէն բաժին մը: Քելբաջարը, Լաչինը, Ջեբրայիլը, Ղուբաթլուն, Զանգելանը, ինչպէս նաեւ Աղդամի եւ Ֆիզուլիի շրջաններու որոշ տարածութիւններ անցած են Արցախի Հանրապետութեան հակակշռին տակ, ինչ որ Ազրպէյճանը կը զրկէ քաղաքացիական բնակչութիւնը ռմբակոծելու կարելիութենէն:

12.- Ի՞նչ եղաւ ճակատագիրը քաղաքացիական այն բնակչութեան,
որ պատերազմէն առաջ կ՛ապրէր խնդրոյ առարկայ շրջաններուն մէջ:

Հակամարտութեան պատճառով մէկ միլիոնէ աւելի տեղահանուածներ կան, որոնցմէ 650 հազարը ազերիներ են եւ 400 հազարը` հայեր: Այս տարագիրները տարբեր կացութիւններու մէջ կը գտնուին:

Ներկայիս ամէնէն անապահով խաւը Արցախ ապաստանած եւ հոն բնակութիւն հաստատած ժողովուրդն է: Նկատի ունենալով, որ Արցախի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս ճանչցուած չէ, այդ տարագիրները զրկուած են միջազգային օժանդակութիւններէ եւ կը գոյատեւեն` յենելով միա՛յն Արցախի սահմանափակ միջոցներուն վրայ:

Պէտք է բարելաւել արցախցի գաղթականներու կենցաղը եւ հատուցել անոնց կրած վնասները` մարդասիրական օժանդակութեան եւ վստահութեան ապահովման ճամբով:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանէն եւ Արցախէն ազերի գաղթականներուն, 2008-ին` այսինքն պատերազմէն 15 տարի ետք Ազրպէյճան պաշտօնապէս փակած է անոնց վերջին ճամբարը:

13.- Ո՞ւր հասած է Արցախի Հանրապետութեան
պետականութեան կառուցման գործը:

Արցախի Հանրապետութիւնը ունի պետութեան մը բոլոր իրաւական առանձնայատկութիւնները, բայց ան քաղաքականապէս կը տուժէ` միջազգային ճանաչման բացակայութեան պատճառով: Արցախի Հանրապետութիւնը երկիր մըն է, որուն ներկայացուցիչները ընտրուած են համապարփակ ընտրութեամբ, եւ 2016 յունուարի տուեալներով, տեղւոյն մնայուն բնակչութեան թիւը 151 հազար կը հաշուէր: Հանրապետութիւնը 2016-ի հանրաքուէով որդեգրած է նոր սահմանադրութիւն մը` գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական անկախ մարմիններով, իսկ բանակը կ՛երաշխաւորէ երկրին եւ բնակչութեան ապահովութիւնը: Ան ունի նաեւ իր պետական խորհրդանիշները` դրօշակը, զինանշանը եւ օրհներգը:

Միւս կողմէ` Արցախի Հանրապետութիւնը յարգելով ժողովրդավարական սկզբունքներն ու արժէքները` 1991-ի անկախութեան հռչակումէն ի վեր պարբերաբար կազմակերպած է ընտրութիւններ. այսպէս` նախագահական հինգ եւ նոյնքան ալ խորհրդարանական ու շրջանային համապարփակ ուղղակի ընտրութիւններ (suffrage universel direct)` ազատ եւ մրցակցային պայմաններու մէջ: Այսօր Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական դրութեան մաս կը կազմեն ընտրութիւնները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը հսկուած է միջազգային  դէտերու կողմէ: Այս վերջինները իրենց հրապարակած պարբերական զեկոյցներով բարձր գնահատած են ընտրութիւններու ազատ եւ ժողովրդավարական բնոյթը:

Միաժամանակ աստիճանաբար կը բարելաւուի Արցախի տնտեսական կացութիւնը: Համախառն ներքին արդիւնքը` ՀՆԱ-ն (PIB) 1996-ի 30 միլիոն եւրոյէն 2015-ին բարձրացած է 419 միլիոն եւրոյի: 2005-2016 միջին հաշուով տարեկան 10 առ հարիւր աճ արձանագրած է:

Հանրապետութիւնը յատուկ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ իր գիւղատնտեսութեան, հանքերու (ոսկի, պղինձ, արճիճա, մոլիպտէն, ածուխ) շահագործման, վերանորոգուող ուժանիւթի զարգացման, մշակութային զբօսաշրջութեան եւ բնապահական մարզերուն: Ի մէջ այլոց, Արցախի Հանրապետութիւնը ունի ջրային զգալի պաշարներ, որոնք կարեւոր ներուժ են անապատացման սպառնալիքի տակ գտնուող շրջանի մը համար: Կառավարութիւնը կը քաջալերէ տնտեսական անձնական նախաձեռնութիւնները` դիւրացնելով փոքր վարկեր տրամադրելու գործընթացը:

14.- Արցախի Հանրապետութիւնը ինչպէ՞ս կը հաստատէ արտաքին յարաբերութիւններ: Որո՞նք են
իր ձեռքբերումները արտաքին համագործակցութեան բնագաւառին մէջ:

Արցախի Հանրապետութիւնը արդէն ութ երկիրներու` Հայաստանի, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Լիբանանի, Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Աւստրալիոյ մէջ ներկայացուցչութիւն ունի: Հանրապետութեան ներկայացուցչութիւնները կ՛աշխատին վերոնշեալ երկիրներու քաղաքական հաստատութիւններուն հետ: Լիթվանիոյ խորհրդարանը ստեղծած է Արցախի հետ միջխորհրդարանական բարեկամական խումբ մը, իսկ ֆրանսացի ընտրեալները` բարեկամութեան շրջանակ մը: 2014-ին Եւրոպական խորհրդարանի անդամներով ալ կազմուած է բարեկամութեան անպաշտօն խումբ մը: Եւ, վերջապէս, Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային բազմաթիւ նահանգապետութիւններ (Քալիֆորնիա, Լուիզիանա, Ռոտ Այլընտ, Մասաչուսեց, Մեն, Ճորճիա եւ Հաուայի), ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ տարբեր նահանգներ քուէարկած են ի նպաստ Արցախի ժողովուրդի անկախութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին:

Սպասելով միջազգային քաղաքական ճանաչման` Արցախի Հանրապետութիւնը մեծ ակնկալիքներ ունի վերոնշեալ յարաբերութիւններէն, որոնք երբեմն կը յանգին ապակեդրոնացուած համագործակցութեան:

15.- Ի՞նչ արդիւնք կրնայ ունենալ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը:

Արցախի միջազգային ճանաչումը երեք արդիւնք կ՛ունենայ.

Ա.- Թոյլ կու տայ սկսելու խաղաղութեան բանակցութիւնները առողջ հիմերու վրայ` յստակացնելով կարելի լուծումները:

Բ.- Կը հարկադրէ Պաքուի իշխանութիւնները առաջնորդուելու ժողովրդավարական կարգերով` բացառելով ազերի ժողովուրդին վրայ Արցախը իբրեւ ճնշման միջոց գործածելու քայլերը:

Գ.- Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու առիթ կը ստեղծէ` կրկին անոր շնորհելով տնտեսական եւ մշակութային խաչմերուկի դերը` Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ ռուսական աշխարհի միջեւ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.