Հայաստանի Երիտասարդներուն 78.5 Տոկոսը Պատրաստ Է Արտագաղթելու


ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը այս տարի ամբողջ աշխարհին մէջ կը նշուի «Երիտասարդներու գաղթականութիւն. առաջ մղելով զարգացումը» կարգախօսով: 12 Օգոստոսին ՄԱԿի երեւանեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ ՄԱԿի Բնակչութեան հիմնարկի (ՄԱԲՀ) եւ ՄԱԿի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի (ՄԱԿ ԳՀԳՅ) գրասենեակի միացեալ մամլոյ ասուլիսը: ՄԱԲՀ հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչ Գարիկ Հայրապետեանը եւ ՄԱԿ ԳՀԳՅ գրասենեակի արտաքին կապերու եւ հասարակական տեղեկատուութեան համակարգող Անահիտ Հայրապետեանը անդրադարձան Հայաստանի մէջ եւ, ընդհանրապէս, աշխարհի մէջ երիտասարդներու արտագաղթին, ինչպէս նաեւ գաղթական երիտասարդներուն առնչուող խնդիրներուն: Ներկաներուն ողջոյնի խօսք յղեց նաեւ ՄԱԿ ԳՀԳՅ հայաստանեան ներկայացուցչութեան իրաւաբանական բաժնի ղեկավար Քէյթ Փուլերը: Միջազգային գաղթականութիւնը կարեւոր խնդիր եղած է ժամանակակից աշխարհին մէջ: Վերջին քանի մը տասնամեակներուն ընթացքին աշխարհի բազմաթիւ հատուածներու մէջ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ժողովրդագրական փոփոխութիւնները խթան հանդիսացած են արտագաղթի՝ ներքին եւ արտաքին: Արդարեւ, զարգացող երկիրներէն դէպի զարգացած երկիրներ աւանդական արտագաղթին զուգահեռ յստակօրէն կ՛ուրուագծուի զարգացող երկրէ մը զարգացող այլ երկիր արտագաղթի միտումը: Մասնաւորապէս, վերջին տարիներուն Հայաստան եկած են մեծ թիւով իրաքահայ եւ սուրիահայ գաղթական երիտասարդներ:
«Պարզ է, որ միգրացիան վտանգներ է պարունակում թէ՛ մեր երկրի, թէ՛ յատկապէս երիտասարդ միգրանտների համար՝ Հայաստանից տանելով ուժերով լի, վերարտադրողական լաւագոյն տարիքում գտնուող մեր հայրենակիցներին, նրանց երբեմն կանգնեցնելով խտրականութեան եւ շահագործման ռիսքի առջեւ: Սակայն պէտք է կարողանալ տեսնել եւ ճիշդ օգտագործել նաեւ այդ երեւոյթի բերած հնարաւորութիւնները», նշած է Գարիկ Հայրապետեանը:
Ըստ ՄԱԿի ընկերային-տնտեսական հարցերու վարչութեան ազգաբնակչութեան բաժնի տուեալներուն՝ աշխարհի մէջ կայ 15էն 24 տարեկան մօտ 27 միլիոն գաղթող, ինչ որ կը կազմէ աշխարհի 214 միլիոն գաղթականներու մօտ մէկ ութերորդը: Հայաստանի երիտասարդութեան ազգային զեկոյցին համաձայն, հարցախոյզին մասնակցած երիտասարդներուն 78.5 տոկոսը՝ եթէ կարելիութիւնն ունենայ տարբեր նպատակներով եւ պայմաններով կը հեռանայ Հայաստանէն, իսկ 36.8 տոկոսը՝ վերջնականապէս կը հեռանայ անկէ:
Այդուհանդերձ, Հայաստանի մէջ սկսած է կազմուելու նաեւ աշխոյժ, ոչ անտարբեր երիտասարդութեան հատուած մը, որ կը ներառէ թէ՛ տեղացի, թէ՛ սփիւռքահայ եւ գաղթական երիտասարդներ: Ասուլիսին ընթացքին ցուցադրուեցաւ այս գծով ՄԱԲՀ երիտասարդ հաւասարակիցներու ցանցի կամաւորներուն նկարահանած կարճ ժապաւէնը:
«Նոյնիսկ մէկ փախստական երիտասարդը շատ է, եւ անհրաժեշտ է անել ամէն ինչ՝ հասարակութիւնում նրանց հնարաւորինս ինտեգրելու համար: Այդտեղ շատ մեծ է մեր տեղացի երիտասարդների դերը, բայց նաեւ փախստական երիտասարդների ակտիւ գործունէութիւնն այս հարցում էլ աւելի մեծ արդիւնքներ կը բերի», յայտնած է Անահիտ Հայրապետեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.