ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԱՍԱՏԻ ԶԷՆՔԻ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՄԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ՉԵՂԵԱԼ ՆԿԱՏԵԼՈՒ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԸ


 

 

Եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթի անգելէրէն կայքէջը՝ յղում կատարելով ԱՖՓ-ի կը հաղորդէ, որ որ Մոսկուա մերժած է սէուտական առաջարկ մը, ըստ որու, Սուրիոյ նախագահը լքելուն Մոսկուայի քայլին փոխարէն՝ զէնքերու գնման հսկայական համաձայնութիւն մը կը կնքուի եւ Արաբական աշխարհին մէջ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը բարձրացնելու խոստում մը կը տրուի։

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 31 յուլիսին Սէուտական Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութեան պետ Պանտար պըն Սուլթան իշխանին հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որմէ ետք, թէ՛ Մոսկուա, եւ թէ՛ Ռիատ բանակցութեան նիւթը գաղտնի պահեցին։

Պէյրութի եւ Դամասկոսի միջեւ յաճախակի երթեւեկ կատարող եւրոպացի դիւանագէտ մը ԱՖՓ-ի յայտնած է, թէ Պանտար պըն Սուլթան իշխանը երկու տարին անգամ մը հանդիպում կ՚ունենայ իր ռուս պաշտօնակիցներուն հետ, սակայն այս անգամ ուզած է պետութեան ղեկավարին հետ հանդիպիլ։ Քրեմլինի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին՝ սէուտցի պաշտօնատարը իր զրուցակիցին բացատրած է, թէ այնպիսի պահու մը, երբ Միացեալ Նահանգներ շրջանէն հեռաւորութիւն կը պահեն, Ռիատ պատրաստ է օժանդակելու Մոսկուային՝ Միջին Արեւելքի մէջ աւելի մեծ դերակատարութիւն ունենալու։

Աղբիւրը նշած է, որ Պանտար առաջարկած է, որ Սէուտական Արաբիա Ռուսիայէն 15 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնքեր գնէ եւ «Ռուսաստանի մէջ նկատառելի» ներդրում կատարէ։ Ան նաեւ Փութինի վստահեցուցած է, որ Ասատէն ետք գոյանալիք որեւէ վարչակարգ «ամբողջովին» սէուտցիներուն վերահսկողութեան տակ պիտի ըլլայ եւ պիտի չստորագրէ որեւէ համաձայնագիր, որ Արաբական ծոցի որեւէ երկրի կ՚արտօնէ իր բնական կազը Սուրիոյ ճամբով Եւրոպա փոխադրել եւ ռուսական կազի արտածումներուն հետ մրցիլ։

2009-ին, Ասատ, Եւրոպայի կազի գլխաւոր մատակարար ու իր դաշնակից Ռուսիոյ շահերը պաշտպանելու համար՝ մերժած էր Քաթարի հետ Սուրիոյ ճամբով Արաբական ծոցէն Եւրոպա երկարող խողովակաշարի մը կառուցման համաձայնութիւն ստորագրել։
Մոսկուայի հետ կապեր ունեցող արաբ դիւանագէտ մը ԱՖՓ-ի յայտնած է, որ Փութին քաղաքավար կերպով մտիկ ըրած է իր զրուցակիցին, ապա յայտնած, թէ Ռուսիա իր ռազմավարութիւնը պիտի չփոխէ։ Որմէ ետք, սէուտցի իշխանը ռուսերուն տեղեկացուցած է, թէ Սուրիոյ մէջ կը մնայ միայն մէկ ընտրանք՝ ռազմականը եւ ռուսերը պէտք է մոռնան «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին մասին, որովհետեւ ընդդիմութիւնը այդ խորհրդաժողովին ներկայ պիտի չգտնուի։

Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ ամիսներէ ի վեր կը փորձեն Ասատի վարչակարգին եւ ընդդիմութեան միջեւ Ժընեւի մէջ միջազգային խորհրդաժողով մը կազմակերպել, սակայն առայժմ յաջողութեան չեն հասած։

Փութին-Պանտար հանդիպումին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ սուրիացի քաղաքագէտ մը յայտնած է, որ նոյնն էր պարագան Քաթարի եւ Լաւրովի միջեւ բանակցութեանց ընթացքին. Սէուտական Արաբիան կը կարծէ, թէ քաղաքականութիւնը մարդիկ կամ երկիրներ գնելու պարզ հարց մըն է. այդ երկիրը չի հասկնար, որ Ռուսիա մեծ ուժ մըն է եւ իր քաղաքականութիւնը այսպէս չի մշակեր՝ աւելցնելով, որ Սուրիա եւ Ռուսիա աւելի քան կէս դարէ ի վեր բոլոր մարզերու մէջ լաւ յարաբերութիւններ ունին, եւ սէուտական ռիալները չեն կրնար այս իրողութիւնը փոխել։

Պանտար իշխանին եւ Փութինի միջեւ հանդիպումը տեղի ունեցաւ, մինչ Սուրիոյ հարցով Մոսկուա-Ռիատ լարուածութիւն գոյութիւն ունի, որովհետեւ Ռուսիա սէուտցիները ամբաստանած է «ահաբեկիչներն ու ծայրայեղական խմբաւորումները ֆինանսաւորելու եւ զինելու» համար։

Մինչ նշեալ հանդիպումին վերաբերեալ պաշտօնական մեկնաբանութիւններ չկան, ռուս մասնագէտներ եւս յայտնած են, որ, ըստ երեւոյթին, Փութին սէուտական առաջարկը մերժած է։

Ըստ ընդդիմադիր «Էժետնեւնի» համացանցային օրաթերթէն ռազմական հարցերու մասնագէտ Ալեքսանտըր Կոլցի, այդպիսի համաձայնութիւն մը չափազանց անհաւանական կը թուի, որովհետեւ Ասատի նկատմամբ զօրակցութիւնը՝ Փութինի համար սկզբունքային հարց է, եւ Ռուսիոյ զէնքի արտածման գործակալութիւն «Ռոսոպորոնեքսփորթ»-ի երկու տարուան շահին համազօր եղող 15 միլիառ տոլարի հսկայական գումարի խայծը ազդեցութիւն պիտի չունենայ։

Ապահովական հարցերու անկախ մասնագէտ, «Աճենթուրա.ռու» կայքէջի ղեկավար Անտրէյի Սոլտաթով կը յայտնէ, որ այս ապատեղեկատուութեան նպատակը Ասատն ու անոր շրջապատը շփոթահար դարձնելն է՝ աւելցնելով, որ Ասատի դիրքը հետզհետէ կը զօրանայ, եւ Քրեմլին այդ մէկը գիտէ. ներկայ կացութեան մէջ անոր դէմ դառնալը շատ անմիտ քայլ մը պիտի ըլլար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.