ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՐԱԾ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐԸ


Գերմանական «մեսոփ» կայքէջը հրապարակեց «Սթրաթֆոր» վերլուծական կեդրոնի մէկ զեկուցումը, որուն մէջ նշուած է, թէ շուրջ երկու տարի առաջ, Միջին Արեւելքի տարածաշրջանն ու միջազգային ընտանիքը ողջունեցին վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարութեամբ Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական վերածնունդը։ Ապա վրայ հասաւ «Արաբական գարուն»-ը, որ Անգարայի մեծ առիթ մը ընծայեց Միջին Արեւելքի մէջ իր աշխարհաքաղաքական ազդեցութիւնը ընդլայնելու, ինչ որ թրքական կարեւոր նպատակ մըն էր եւ իրանեան ազդեցութեան պատճառով արգելակուած էր։ Սակայն ներկայիս կը թուի, թէ Անգարա Միջին Արեւելքէն դէպի Արաբական ծոց եւ Հիւսիսային Ափրիկէ տարածուող շրջաններուն մէջ իր փափաքած ձեռքբերումներէն աւելին կորսնցուց։

Վերջերս Սուրիոյ քիւրտերու անջատողական «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւն»ը յայտարարեց, որ Սուրիոյ քրտական շրջաններուն մէջ ինքնավար շրջանի մը հաստատման կը ձգտի։ Այդ յայտարարութիւնը Թուրքիոյ քրտական հարցով շրջանային ռազմավարութեան համար վատ ժամանակի մը զուգադիպեցաւ։ Իրաքի քիւրտերուն հետ զարգացուցած Անգարայի յարաբերութիւնները՝ Թուրքիոյ մէջ քրտական անջատողական ըմբոստութեան վերջ տալու փորձին մէջ օգտագործելու իր ջանքերը ապարդիւն կը մնան։ Աւելին, ներկայիս իր հարաւային սահմաններուն վրայ ոչ թէ մէկ՝ այլ երկու քրտական ինքնավար շրջաններու կազմութեան հեռանկարը կը դիմագրաւէ։

Աւելի գէշ կացութիւնը այն է, որ «Ժողովրադարական միութիւն կուսակցութիւնը» վերջին շաբաթներուն ընթացքին միջազգային հաւաստիութեան տիրացաւ, երբ իր զինեալ թեւը՝ «Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները» Քայիտայի առնչուած ժիհատական «Ժապհաթ ալ-Նուսրա» խմբաւորումին դէմ կռուեցաւ։ Այլ խօսքով՝ Թուրքիա ժիհատականութեան եւ քրտական անջատողականութեան միջեւ ընտրանք մը կատարելու առջեւ կանգնած է։ Ան անշուշտ որ ժիհատականներու հետ չի կրնար գործակցիլ, սակայն սուրիացի քիւրտերուն հետ առնուազն կրնայ բանակցիլ։

Թուրքերը շատոնց կը գիտակցէին, թէ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմ մը քիւրտերը պիտի զօրացնէ, սակայն կը յուսային, որ թրքամէտ եւ սիւննիներու տիրապետութեան տակ եղող սուրիական նոր վարչակարգ մը պիտի նպաստէր Սուրիոյ քիւրտերը վերահսկողութեան տակ պահելու։ Հիմա, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը վերելքի մէջ է, այդպիսի աւարտ մը այլեւս իրատեսական չի թուիր։

Սուրիան միակ վայրը չէ, ուր թուրքերը դժուարութեան մատնուած են։ Եգիպտոսի մէջ Մուհամատ Մուրսիի կառավարութեան տապալումը Անգարայի համար մէկ այլ հարուած մըն է։ Էրտողանի կառավարութիւնը բուռն կեցուածք որդեգրած է Իսլամ եղբայրներու իշխանութեան դէմ յեղաշրջումի հեղինակ եգիպտական բանակին դէմ, ինչ որ Անգարա-Գահիրէ յարաբերութիւններուն մէջ անկում մը յառաջացուց։

Աւելին, Իսլամ եղբայրներուն նկատմամբ Թուրքիոյ զօրակցութիւնը Սէուտական Արաբիոյ զայրոյթը յառաջացուց։ Իսլամ եղբայրներու կառավարութեան տապալումը պաղեստինեւիսրայէլեան հարցի նկատմամբ թրքական քաղաքականութեան համար եւս հարցեր ստեղծած է։ Տարիներէ ի վեր եւ մասնաւորաբար 2010-ի «Մաւի Մարմարա»-ի դէպքէն ետք, Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները վատ էին։ Թուրքիա կը յուսար, որ Գահիրէի մէջ Իսլամ եղբայրներու կառավարութիւն մը պիտի արտօնէ, որ Անգարա Կազայի մէջ իր ազդեցութիւնը բարձրացնէ, ինչ որ ներկայիս անհաւանական կը թուի, որովհետեւ ոչ միայն Մուրսին այլեւս իշխանութեան վրայ չէ, այլ նաեւ Եգիպտոսի իշխող զինուորականները Համասի նկատմամբ թշնամական կեցուածք որդեգրած են։
Այլ խօսքով՝ իր աշխարհաքաղաքական ազդեցութիւնը ընդլայնելու փոխարէն՝ 

– Թուրքիան ձախողած է Իրանը դիմակայելու, 
– իր հարաւային սահմանին վրայ ժիհատականի կողքին քրտական շատ աւելի մեծ վտանգ մը կը դիմագրաւէ, 
– արաբական երկու մեծ երկիրներու հետ իր յարաբերութիւնները խանգարած է եւ
– պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին մէջ իր ազդեցութիւնը կորսնցուցած է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.