ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ


 

 

Դաւիթ Ստեփանեան «Վեսթնիք Քաւքազա» օրաթերթին մէջ 1 օգոստոսին լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան պետական շահերու պաշտպանութեան բաժանմունքը Վերահսկողութեան պալատի 2012-ի տեղեկագիրէն չորս վերլուծումներ ուղարկեց Հայաստանի ոստիկանութեան հետախուզութեան բաժանմունքի ղեկավարին։ Վերլուծումները կը վերաբերէին Կրթական ծրագիրներու կեդրոնին, Փոխադրամիջոցներու ծրագիրի իրագործման գրասենակին, Ջրամատակարարման ծրագիրի իրագործման գրասենակին եւ Արփա-Սեւան փապուղիի ծրագիրի իրագործման գրասենեակին։ Բոլոր այդ ծրագիրները ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կը գործադրուին կառավարութեան կողմէ։ Նախարարները արդէն այդ հարցերուն մասին զեկուցած են կառավարութեան։ Վերահսկողութեան պալատի ղեկավար Իշխան Զաքարեան 2012-ի պիւտճէի ելքերուն մասին զեկուցում մը ներկայացուց եւ շեշտեց, որ բազմաթիւ մարզերու մէջ կացութիւնը կը մնայ անփոփոխ։ Ան մատնացոյց ըրաւ պետական շինարարութեան եւ գնումներու մարզերուն մէջ ահաւոր փտածութիւնը։ Զաքարեան յայտնեց, որ 70 առ հարիւրը կամ 701 միլիառ դրամ վտանգուած կը մնան։

Խորհրդարանին ներկայացուցած Զաքարեանի տեղեկագիրը ապտակ մը եղաւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կառավարութեան համար։ Վերջինս իրաւապահ մարմիններէն պահանջեց հետաքննել բոլոր փաստերը եւ դժգոհութիւն յայտնեց Վերահսկողութեան պալատի «լիազօրութեան շրջանցման եւ քաղաքական գնահատական»-ին նկատմամբ։ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան եւս դժգոհութիւն յայտնեց, սակայն ոչ Զաքարեանի նկատմամբ, այլ՝ վարչապետին այսպիսի փտածութիւն արտօնած ըլլալուն համար, որմէ ետք առաջարկեց յայտնաբերուած բոլոր չարաշահումները փոխանցել ընդհանուր դատախազութեան։

Աբրահամեան նաեւ պահանջեց, որ վարչապետը պաշտօնազրկէ բոլոր անոնք, որոնք «պետութեան պիւտճէն կը գողնան եւ կը կլլեն»։
Բայցեւայնպէս, իշխանութեան գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններու զիրար հակասող կեցուածքներուն լոյսին տակ՝ ներիշխանական քաղաքական խմբաւորումներու գործիք եղող Վերահսկիչ պալատին անկախ ու առարկայական վարմունքին նկատմամբ կասկածներ կան։ Նկատի ունենալով, որ ընդդիմութիւնը քաղաքական իսկական գործընթացէն իրողապէս մեկուսացուած է՝ Վերահսկիչ պալատի այս քայլին դրդապատճառը պէտք է փնտռել իշխող վերնախաւի ներքին պայքարին մէջ։ Փտածութեան դէմ պայքարող եւ զայն բացայայտող Զաքարեան ինքնին հարցականներ կը ստեղծէ։ Ան ինը ամսուայ մէջ կառուցեց քանի մը միլիոն տոլար արժող տուն մը։ Իսկ Աբրահամեան՝ իր քսանամեայ պետական ծառայութեան ընթացքին Արարատեան մարզի մէջ հազարաւոր հեքթարներով պարտէզներ եւ այգիներ, ինչպէս նաեւ զտման գործարաններ ու առեւտրական կարեւոր սեփականութիւններ գնեց։ Տիգրան Սարգսեան իր կարգին հանրածանօթ մեծահարուստ մըն է, սակայն վարչապետը կը նախընտրէ իր հարստութիւնը Սպանիոյ մէջ պահ դնել։ Տեղին է յիշել վարչապետի մեղսակցութեամբ օՖշորային գայթակղութիւնը։

Վերջերս, լրատուամիջոցները Չինաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան կողմէ «Շենկհայ-2012» ցուցահանդէսին մասնակցութեան համար կառավարութեան կողմէ երկու միլիոն տոլարի աննպատակ յատկացումին հարցը արծարծեցին։ 

Ուրեմն հակառակ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) անդամներուն այն պնդումներուն, թէ իրենց կուսակցութեան մէջ հակասութիւններ չկան, ներկուսակցական ցեխարձակումի պատերազմը կը շարունակուի՝ պիւտճէի ներուժէն նոր գողութիւններ կատարելու առիթներ ստեղծելով։ Պատերազող կողմերուն ղեկավարներն են վարչապետն ու խորհրդարանի նախագահը։ Նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի շրջանակը եւս անոնց հետ կը մրցի։

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կեցուածքը անորոշ կը թուի։ Նախագահը Զաքարեանի կոչ ուղղեց՝ այնպէս աշխատելու, որ բոլոր բաժանմունքները Վերահսկիչ պալատի հսկողութիւնը զգան եւ վստահ ըլլան, որ գործուած սխալներու եւ ոճիրներու համար պատիժ պիտի կրեն, սակայն նաեւ քննադատեց անոր կողմէ կատարուած «լիազօրութեանց շրջանցումը»։ ՀՀԿ-ի գործադիր մարմինի նիստին ընթացքին նախագահը դժգոհութիւն յայտնեց այն իրողութեան նկատմամբ, որ իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչները հրապարակաւ զիրար կը քննադատեն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.