ՔՐՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՕՆԻՆ ՀԵՏ ՊԷՏՔ Է ՀԱՇՈՒԻ ՆՍՏԻԼ


 

 

Անտրէյի Աքուլով «Սթրաթիճիք Քալչըր» հիմնարկի կայքէջին վրայ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ մինչ քիւրտերու եւ Քայիտայի առնչուած ժիհատական զինեալներու միջեւ Հիւսիսային Սուրիոյ շրջաններու վերահսկողութեան համար բուռն ճակատումներ տեղի կ՚ունենան՝ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին մէջ նոր ճակատ մը երեւան կու գայ։ Քրտական «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւն»-ը Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանին վրայ երկու մեծ քաղաքներ գրաւած է եւ ակներեւ կերպով յառաջխաղացք կ՚արձանգրէ։

2012-ի Յուլիսին, Ասատ իր ուժերն ու պաշտօնատարները հեռացուց քրտական շրջաններէն՝ ջանալով քիւրտերուն զօրակցութիւնը ապահովել։ Այդ դասաւորումը՝ նախագահ Ասատի կողմէ իմաստուն մարտավարական քայլ մըն էր, որուն իբրեւ արդիւնք հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ մէջ քրտական կիսանկախ շրջան մը ստեղծուեցաւ։ Քրտական շրջանները, ներառեալ Արեւմտեան Սուրիոյ Այն ալ-Արապ ու Աֆրին շրջանները ներկայիս կը ղեկավարուին «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան» կողմէ, որուն ղեկավարը՝ Սալեհ Մուսլեմ, ինքնավարութեան ուղղութեամբ քայլով մը, առժամեայ խորհրդարանի մը ընտրութիւն յայտարարեց։ Նշեալ կուսակցութիւնը Սուրիոյ մէջ քրտական յառաջատար ուժն է եւ այդ ուժերէն միակը, որ թշնամիները ցաւցնելու կարողութիւնն ունի։

Սակայն քրտական ինքնավարութիւնը վտանգի ենթարկուած է, որովհետեւ իսլամականներուն ուժը հետզհետէ կ՚աճի եւ անոնք Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կը ջանան իսլամական պետութիւն մը հաստատել։ Քիւրտ զինեալներ Հիւսիսային Սուրիոյ շարք մը քաղաքներու մէջ «Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան» եւ «Ժապհաթ ալ-Նուսրա»-ի զինեալներուն դէմ ճակատմարտեր կը մղեն։ Այդ կռիւները քիւրտերու մօտ միասնականութիւն յառաջացուցած են։ Որոշ պարագաներու մինչեւ իսկ կառավարական ուժերը քիւրտերուն աջակցութիւն ցուցաբերած են։ Քիւրտերու եւ կառավարական ուժերու միջեւ փխրուն թուացող դաշինք մը կը սկսի ուրուագծուիլ։ 

Միւս կողմէ՝ Քայիտայի առնչուած զինեալները կը յաջողին իրագործել այն ինչ, որ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ բազմաթիւ քիւրտ ղեկավարներ երկար ատենէ ի վեր անկարող եղած են իրագործել՝ 16 կուսակցութիւններու բաժնուած քիւրտերը «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան» դրօշին տակ միաւորել։

ՆՈՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՄՏԱՀՈԳԵՆ ԹՈՒՐՔԻԱՆ

Սուրիացի քիւրտերու ինքնավարութիւն յայտարարելու մտադրութիւնը Թուրքիոյ մէջ ահազանգ կը հնչեցնէ։ Սեղանի վրայ դրուած են ինքնավար Քիւրտիստանի մը ստեղծման հակադարձելու անմիջական ծրագիրներ։ Սուրիական Քիւրտիստանի մէջ ինքնավարութեան յայտարարութեան մը կամ դաշնակցային ինքնավար մարզի մը յայտարարութեան իբրեւ արդիւնք՝ քիւրտերը պիտի վերահսկեն Թուրքիոյ հետ սահմանին աւելի քան 550 քիլոմեթրին, իսկ «Ժապհաթ ալ-Նուսրա»-ի զինեալները՝ շուրջ 350 քիլոմեթրին։ Վերջինս Թուրքիոյ բարեկամ մը չէ, այլ պատահական ու ժամանակաւոր գործընկեր մը։ 

«Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւն»-ը առնչուած է ՔԱԿ-ի (PKK)։ Եթէ Թուրքիոյ կառավարութեան ՔԱԿ-ի ղեկավար Ապտալլա Օճալանի հետ երկխօսութիւնը ձախողի՝ Անգարա «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան» վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ միայն դառն ընտրանքներ պիտի ունենայ։ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ քիւրտերու ինքնավարութիւնը իր մեծաթիւ քիւրտ բնակչութեան մօտ անջատողական ձգտումներուն թափ պիտի տայ։

Թուրքիա 30 տարիէ ի վեր իր 14 միլիոն քիւրտերուն դէմ քաղաքացիական պատերազմ մը կը մղէ Մեծն Քիւրտիստանի նման որեւէ մէկ բանի կազմութիւնը արգելակելու համար։ Ան իր կարելին պիտի ընէ քիւրտերու միաւորում յառաջացնելու որեւէ փորձ դիմակայելու համար, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը մերթ ընդ մերթ դէպի սուրիական սահման կրակ բանալէն աւելի լուրջ քայլերու որդեգրում պիտի ենթադրէ։ Սակայն ներթրքական քաղաքացիական անկարգութիւններու եւ ՔԱԿ-ի ազդակի լոյսին տակ՝ սուրիական հողերուն վրայ կռիւներու մէջ ներքաշուիլը Թուրքիոյ կողմէ մեծ անմտութիւն մը պիտի ըլլայ։

ԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐ ՈՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ

Թուրքիան, Սուրիան եւ Իրանը քրտական անկախ շարժում մը սպառնալիք մը կը նկատեն։ Նախքան «Արաբական Գարուն»-ը այդ երկիրները քրտական ինքնութեան կամ նոյնիսկ անկախութեան ձգտումներուն դէմ դնելու համար փորձեցին իրարու հետ գործակցիլ։ Ներկայիս այդ բոլորը վերջ գտած են։ Այժմ Թուրքիա Իրանի բարեկամը չէ, իսկ Սուրիոյ թունդ թշնամիի մը վերածուած է։ Այդ երկիրներուն համար քրտական շարժումը ճնշելու առիթները նկատառելի չափով նուազած են։

Սուրիացի քիւրտերը հաւանաբար դասեր քաղեն իրաքցի քիւրտերէն։ Իրողութեան մէջ իրաքցի քիւրտերը արդէն սկսած են սուրիացի քիւրտ զինեալներ մարզել։ Սուրիական պատերազմը քիւրտերուն արտօնեց գրաւելու երկրին հիւսիսարեւելեան ծայրամասը, ստեղծելու յարաբերաբար ինքնավար եւ կայուն շրջան մը, որ կառավարութենէն եւ, ինչ որ աւելի կարեւոր է, ըմբոստներու վերահսկողութենէն դուրս է։ Սուրիացի քիւրտերը կ՚ընթանան դէպի ինքնավարութիւն եւ Թուրքիա կամ որեւէ ուրիշ երկիր ոչինչ կրնան ընել այս իրականութեան դէմ։Մեծն Քիւրտիստանի ստեղծումը կը պահանջէ հաշուի նստիլ Սուրիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ քիւրտերու իրարու հակասող ձգտումներուն եւ տարբեր կացութեանց հետ։ Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած շրջաններուն մէջ թուրքեր, արաբներ, ասորիներ եւ այլ ժողովուրդներ ու կրօնքներ կան։ Միաւորման գործընթացը տարբեր ենթահողեր, մշակոյթներ ու տեսլականներ ունեցող խումբերու մէկտեղումը կ՚ենթադրէ։ 

Անկայուն Միջին Արեւելքը փոփոխութեան ենթարկող աշխարհիկ, ժողովրդավար եւ ոչ արաբ նոր պետութիւն մը կրնայ յայտնուիլ։ Մէկ այլ հաւանականութիւնը այն է, որ անհամատեղելի տարակարծութեանց բոյն եղող եւ ապագայի մութ հեռանկարներ ունեցող տարածք մը կրնայ ստեղծուիլ։ Քիւրտերը բազմապիսի հարցականներ կը դիմագրաւեն։ Սակայն մէկ բան յստակ է՝ անոնք Միջին Արեւելքի մէջ եւ քաղաքական դաշտի վրայ նոր գործօնի մը վերածուած են, որուն հետ հաշուի պէտք է նստիլ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.