Ատրպէյճանի մէջ հիմը դրուեցաւ «Թուրանական բանակ»ին


 

 

Անցնող օրերուն, Պաքուի մէջ, 4 պետութիւններու մասնակցութեամբ  կայացած ժողովի մը ընթացքին, «Թուրանական բանակ» ռազմական կառոյցի ստեղծման առաջին փուլի մեկնարկը տրուած է: Այս մասին կը հաղորդը թրքական internethaber կայքէջը։

Ըստ թրքական վերոնշեալ լրատուական աղբիւրին, «Թուրանական բանակը» պիտի Ըլլայ ՆԱԹՕ-ի նման կառոյց, որուն անդամակցելու իրենց համամտութիւնը տուած են Թուրքիա, Ատրպէյճան, Խրխըզիստան եւ Մոնկոլիա։ Կը Նշուի, որ այդ բանակի հիմնադրման նպատակն է կանխարգիլել որեւէ ձեի թշնամական յարձակում վերոնշեալ չորս պետութիւններուն դէմ։ Միաժամանակ, նորաստեղծ բանակը կեանքի կոչուած է իսլամ երկիրներու բնակչութեան անվտանգութիւնը պահպանելու համար։

«Թուրանական բանակ» ծրագիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ ռազմարդիւնաբերական մարզէն ներս համագործակցութիւն, ուր կը նախատեսուի տարբեր տեսակի զէնքերու, հակահրթիռային պաշտպանութեան ծրագրերու,  հեռահար հրթիռներու, ռազմօդանաւերու, ռազմանաւերու, ուղղաթիռներու և անօդաչու ռազմական թռչող սարքերու արտադրութիւն:

«Թուրանական բանակ»  կառոյցի առաջին նախագահութիւնը յանձնուած է անդամ երկիրներէն ամենահզօր բանակ ունեցող Թուրքիոյ: Թուրքիան կառոյցը պիտի ղեկավարէ մինչև 2014 թուականի աւարտը: «Թուրանական բանակի» զինուորներու ընդհանուր թիւը պիտի ըլլայ 2.8 միլիոն:  Բանակի գլխաւոր շտաբը կեդրոնը պիտի հաստատուի Անգարայի մէջ, իսկ զինուորական այս կառոյցի խորհրդանիշը պիտի ըլլայ սեւ ձիու պատկերը:

Ըստ թրքական «Ինթըրնէթաժանս»  կայքին՝ ռազմական այս կառոյցի ստեղծումը լուրջ արձագանգ ստացած է  շարք մը երկիրներու մէջ: Նոյն աղբիւրը կ՚ը հաստատէ նաեւ, որ աշխարհի մէջ 7 թրքական հանրապետութիւն և 50-է աւելի թրքացեղ փոքր պետութիւններ ու նահանգներ կան, որոնց բոլորին միացումով կրնայ ստեղծուիլ աշխարհի ամենէն հզօր բանակը։  


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.