Էջեր հալէպահայի մը օրագրէն


 

«Հորիզոն»ի այս թիւէն սկսեալ, յօդուածաշարք մը պիտի հրատարակենք, որ կը կրէ «էջեր Հալէպահայի մը օրագրէն» խորագիրը, ուր կը ներկայացուին Սուրիոյ բնակչութեան եւ տեղւոյն հայ գաղութի դիմագրաւած տագնապները: Յօդուածաշարքի հեղինակն է գրագէտ եւ բանաստեղծուհի Մարուշ Երամեան:

 

Ուրկէ՞ սկսիմ, ո՞ր օրէն, օրերուն հաշիւը վերջնականապէս կորսուած կը թուի ըլլալ, որովհետեւ մէկ դարու յոգնութիւն չոքեր է ուսերուս եւ կը բռնաբարէ տոկունութիւնս:

Իրիկնամուտի զանգերը կը հնչեն տխուր ու երկար եւ կ’արձագանգեն անձրեւին ու գորշութեան մէջ: Քաղաքը արդէն ամայի է, թէեւ ժամը դեռ հինգ իսկ չէ եղած: Միտքս սկսեր է իրապէս տանջուիլ այն գաղափարէն, թէ սկիզբէն իսկ որոշուած էր ասիկա՝ քաղաքը յանձնել, բայց նախ քանդել, ծաղկած քաղաք մը չյանձնելու համար: Ուրեմն՝ երթա՞լ: Բայց ո՞ւր: Զանազան կարծիքներ կը շրջին ժողովուրդին բերանը. -Այս կէս գիշերին հոսանք պիտի ունենանք, եւ ասկէ ետք պիտի գիտնանք թէ ճիշդ ո՛ր ժամերուն պիտի կտրուի հոսանքը: -Ելեկտրական կեդրոնին spare parts-ն ալ փճացուցեր են, բայց Ռուսիան կազով աշխատող նոր գործիքներ կը ղրկէ շուտով: -Գալիք քսան օրերէն ետք վիճակնիս պիտի յստականայ. բայց այս գալիք քսան օրերը շատ վատ պիտի ըլլան: Արդէն «վատ»ը եւ «շատ վատ»ը իրարմէ կը զանազանուին ողբերգութեան չափերով. եթէ մէկը վախի եւ սարսափի մէջ ապրիլ է, միւսը դժխեմ հաւանականութիւններու այլընտրանք մըն է՝ կա՛մ տուները լքել, կամ մնալ եւ հաւանական վախճան մը սպասել: Նման լուրերու վրայէն յաճախ երեք անգամ քսան օրեր կ’անցնին, բայց ոչ մէկ փոփոխութիւն: Պարզապէս ամէն առաւօտ բոլորս միասին մեծ յոյսերով կ’արթննանք, եւ գիշեր չեղած, բոլորս միասին մեր յոյսերը հասարակաց փոսը թաղելէ ետք, անարցունք աչքերով կը փորձենք քնանալ: Աշխատանքէս կը վերադառնայի, երբ ծանօթ տիկին մը կեցուց զիս. -Հիւանդանոցն էի. մեր խեղճ բարեկամուհին մութին մէջ ինկեր կողը կոտրեր է. երէկ գործողութիւն ըրին: Գիտես, պէտք է իւրաքանչիւրս, որպէս բողոքի արտայայտութիւն, աթոռները առնենք եւ մեր շէնքերուն դիմաց նստինք, որովհետեւ ցոյցի չենք կրնար ելլել: Չըսաւ թէ ինչո՛ւ ցոյցի չենք կրնար ելլել: Գիտէր որ գիտէի: Բոլորս ալ գիտենք: Այնքան պաղ էր, որ անմիջապէս հաւանութիւն յայտնեցի եւ տուն մտայ: Տունն ալ փողոցին չափ պաղ էր: Ո՛չ տէմոքրասին, ո՛չ միապետութիւնը, ո՛չ իսկ համայնավարութիւնը կրցան մեզ ա՛յս տարողութեամբ հաւասարեցնել: Հիմա բոլորս նոյն վիճակին մէջ ենք, նոյն արարքները կ’ընենք՝ ուտել եւ աղօթել, եւ նոյն բաները կը խօսինք. -Ամերիկան Քա’իտէի մարդիկը հո՛ս կը ղրկէ, որ հոսկէ, օթոստրատով ուղղակի ճէննէթ հասնին, այլ խօսքով՝ փճանան սատկելով: Բայց բզէզի սերունդ են, մինչեւ «մայրը» չսատկի, անոնց աճը անհաշիւ է: -Օպաման, ռուսերուն հետ իր պաշտօնական հանդիպումէն ետք, մոռնալով որ կուրծքի բարձրախօսը դեռ բաց է, կ’ըսէ՝ դուք զիս իմ աթոռիս պահեցէ՛ք, ես ձեր ուզածը կ’ընեմ: -ԱՄՆի արտաքինին փոխուիլը քաղաքական փոփոխութիւն կը նշանակէ: Մարդը մեր Պաշշարին շատ մօտ է -Ո՞վ: -Ճոն Քէրին, հապա ով, հա, մեր մարդուն շատ բարեկամ է, ամէն շաբաթ հեռաձայնով կը խօսին եղեր իրարու հետ: -Վարչապետը կարգ մը նախարարներու հետ Հալէպ եկեր է մեր վիճակը տեսնելու: Շատ շուտով ամէն բան պիտի ապահովուի՝ կազ, մազութ, պէնզին, հոսանք, ինթէրնէթային կապ, բջիջային կապ, հաց, ամէն ամէն բան: Հաւաստի լուր է: Հակառակ վարչապետին եւ իր հետ եկած կարգ մը նախարարներու խոստումներուն, ոչ միայն կազ-մազութ-պէնզին չունեցանք, այլ եւ հաց չկայ տակաւին: Բայց ժողովուրդը տարբեր ճամբաներ գտեր է ան-հաց չմնալու համար: Անոնք որոնք բարեկամներ ունին Սուրիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ, խնդրեցին որ հաց ղրկեն: Եւ հացը կը հասնէր ճամբորդատար միքրոնէրով, հազար վտանգէ անցնելով, տուփերու մէջ «պահուած»: Մինչեւ իսկ Պէյրութէն հաց եկեր էր ու բաժնուեր ՀՄԸՄի պարտէզը: Ուրիշներ, որոնք կրցած էին ալիւրի քիլոյին հարիւր ոսկի վճարել, տունը սկսան հաց թխել: Աշակերտուհիս Սիւզանը, իմ խնդրանքիս վրայ, բոլոր դասարանին բացատրեց ու թելադրեց իր նկանակներուն պատրաստելու կերպը: -Բայց թէ՛ փուռը, թէ՛ ալ ափսէն պէտք է ՇԱՏ ՇԱՏ տաք ըլլան, որ հացը լաւ ուռի: Բոլորս սմքեցանք. -Դուք ի՞նչ կը վառէք,- հարցուց Սեւանը: -Փայտ: -Մենք բան մըն ալ չենք վառեր, պաթանիաները փաթթուած կը նստինք: Լաւ է որ մոմ կայ, ուզածիդ չափ, ուզած չափերովդ: Մոմի լոյսին տակ նստիլ զրուցելը, ընթրելն ու կարդալը այլ հաճոյք են, հաւատացէ՛ք: Մեր ամենէն ողբերգական հարցը այս պատերազմին մէջ կարծեմ այն է, որ հալէպցին բիրտ շարժումով մը փոխուեցաւ, որովհետեւ տեսաւ թէ իր կերպարը՝ հիւրասէր, բարի, կեանքը սիրող, բնաւ յարմար չէ այս օրերուն եւ այս կեանքին: Հարուստները առաջին ահազանգին իսկ, վախկոտ մուկերու պէս լքեցին քաղաքը եւ փախան, անշուշտ իրենց հարստութիւնն ալ միասին տանելով: Անոնք ալ հալէպցի էին, բայց մոռցան իրենց «ասլը», մոռցան որ հո՛ս է որ դիզեր էին իրենց միլիոնները: Վաւերական հալէպցին մնաց: Եւ վաւերական հալէպցին փոխուեցան: Ահա՛ մեր ողբերգութիւնը: Ափսոս չէ՞ր իրեն:

Այնքան մը պիտի ճնշեն ժողովուրդը, որ ոտքի ելլէ իր նախագահին դէմ: Արդէն երկու տարիէն աւելի է: Այս «ճնշուած» ժողովուրդը արդէն շատ լաւ հասկցաւ, որ հարցը նախագահ-մախագահը չէ, այլ երկրին քանդումը. թէ ոչ ինչո՞ւ ներսի շուկան, որ աշխարհի հնագոյն եւ մեծագոյն շուկան էր, պիտի քանդէին, այրէին, կողոպտէին: Ընողնե՞րը. անոնք, որոնք միայն դրամով կը չափեն ամէն ինչ, բայց դրամ չունին, եւ անոնք, որոնք դուրսէն բերուած են, «ճիհատ»ի անունով: Այնքան անբան են, որ չեն իսկ հարցներ՝ բայց կարելի՞ է ճիհատ ընել իսլամին դէմ: Գրութեանս վերի եւ վարի հատուածներուն միջեւ անցեր է կ’երեւի աւելի քան վեց ամիս: Ժամանակը ա՛լ իմաստ չունի հոս: Բոլորը կը սպասեն հրաշքին, որ կ’ուշանայ: Այդ հրաշքով է, որ առաւօտ մըն ալ պիտի արթննանք եւ տեսնենք, որ մղձաւանջի մը մէջ էինք, բայց փառք Աստուծոյ, արթնցեր ենք եւ վերագտեր մեր կեանքը, մեր քաղաքը: Բայց այդ հրաշքը կ’ուշանայ, քաղաքը կը պարպուի, մարդիկ կա՛մ կը մեռնին, կամ կը գաղթեն: Իսկ եթէ՞ մեզ երկրորդ Աֆղանիստանի մը վերածեն: Այն ատեն դեռ պիտի սպասե՞նք: Եթէ չսպասենք, ի՞նչ պիտի ընենք: Բայց կան մարդիկ որոնք նաեւ կ’աշխատին. ի՞նչ, ինչպէ՞ս, որո՞ւ համար, յստակ չէ: Ամէն թաղի մէջ փոքրիկ աշխատանոցներ բուսեր են կրկին – որքա՜ն երկար տեւեց, մինչեւ կարելի եղաւ աշխատանոցները քաղաքէն հեռացնել, որպէսզի մարդիկ աւելի հանգիստ ապրին իրենց տուներուն մէջ, առանց մեքենաներու աղմուկին եւ ծուխին: Հիմա անոնց վրայ աւելցած են ելեկտրականութիւն արտադրող մեքենաները, իրենց անտանելի աղմուկով եւ ծուխով: Ամէն մարդ կը գանգատի, եւ ոչ ոք կը յիշէ, թէ նոյնքան գանգատ կար, երբ հրաման ելաւ աշխատանոցները քաղաքէն դուրս հանել:

Ագռաւները … Մարդիկ սկսած են նեղանալ. -Ուղուրսուզ թռչուններ են,- կ’ըսեն,- երբ ձայներնին կը լսեմ, սիրտս կը քմմուի կարծես… Շփոթեր են կ’երեւի բուերուն հետ: Մենք հոս, Հալէպի մէջ ոչ բու տեսեր ենք, ոչ ալ ձայնը լսեր: Անպայման որ շփոթեր են, թէ ոչ ինչո՞ւ ագռաւները ուղուրսուզ պիտի ըլլան. բնաւ նման բան չեմ լսած կամ կարդացած: Ագռաւներուն ձայնը ինծի պարզապէս ձանձրոյթ կը յուշէ. այնքան մը ձանձրացած ըլլալ, որ այսպէս, գլխէն դուրս կռնչել, ինքն իր ձայնը լսել եւ փորձեր ընելով զբաղիլ … : -Առաջ այսքան ագռաւ չկար մեր քաղաքը,- կ’ըսէ կին մը: -Անշուշտ պիտի շատնան, այսքան դիակ մէջտեղերը … Հիմա ալ դիակներու հետ կը կապեն անոնց երեւումը. կրկին կը շփոթեն, այս անգամ ալ անգղերո՞ւ հետ: Իմ տանս շուրջ սկիզբէն ալ շատ էին ագռաւները՝ շատախօս եւ բարձրախօս: Մեր քովի պզտիկ պարտէզին մեծ ծառերուն վրայ կարծես կը թառէին, բո՞յն դրեր էին արդեօք, եւ շատ մօտ կու գային պատշգամներուն, պատուհաններուն: Անգամ մը Ռանիային միսը գողցան տարին պատուհանէն, ուր դրեր էր, որ իբր թէ սառը քակուի: Ուրիշ անգամ մըն ալ դէմինին փռուելիք լուացքին տէշտը պիտի վար ձգէին, որովհետեւ կը փորձէին լուացքը կարծես գողնալ. -Ագռաւները օճառին հոտը շատ կը սիրեն, եթէ կրնան օճառ կը գողնան,- ըսեր էր տարեց կին մը: Թերեւս միայն գո՞ղ են: Կը յիշեմ «Բագին»ին մէջ պատմուածք մը կարդացած ըլլալս ագռաւներու եւ անոնց կենսաձեւին մասին, թէ ինչպէս ագռաւներ, հաւաքուած «դաւաճան» ագռաւի մը շուրջ, պատժեր են զայն, իրենց շրջանակէն դուրս հրելով, պարզապէս որովհետեւ իր «ամուսին»էն դուրս այլ ագռաւի մը հետ գացեր է … եւ որպէս վերջաբան հեղինակը, որուն ով ըլլալը չեմ յիշեր – թերեւս Իրաքէն էր – կ’եզրակացնէր, թէ հակառակ իրենց ձգած ժխտական տպաւորութեան կամ ժողովուրդին ժխտական կարծիքին, ագռաւները «լաւ» թռչուններ են: Ժխտականը հաւանաբար իրենց շատ տհաճ կռինչէն կու գայ, ճիշտ այնպէս ինչպէս ճշմարտախօս մէկը, որ ամէն բան՝ ե՛ւ դրական ե՛ւ ժխտական ամէն բան ուղղակիօրէն կ’ըսէ, չի սիրուիր, որովհետեւ մարդիկ շատ կը սիրեն իրենց ուզածը լսել, եւ ոչ ճշմարտութիւնը, կ’ուզեն զիրենք գովերգող խօսքեր լսել, եւ ոչ իրենց էութիւնը բացայայտող խօսքեր: Այդպէս ալ ագռաւները, զոհն են իրենց կռինչին, կը կարծեմ: Խեղճ ագռաւներ, որոնք սակայն դեր չունին այս բոլորին մէջ. բայց շատ աւելի խեղճ ճշմարտախօսներ, որոնց ուղեղներուն մէջ թխմուած է, թէ ճշմարտախօսութիւնը մարդկային ազնիւ յատկանիշ մըն է: Եւ այսպէս, այսօր մեր քաղաքին շատցած ագռաւները կը կապուին պատերազմին, քաղաքին դժխեմ ճակատագրին, եւ կը գամեն իրենց ալ ճակատագիրը, որպէս … վատի բանբերներ:

Հիմա արդէն երանի կու տանք այն օրերուն, երբ քաղաքին գլխաւոր պողոտաներուն անկիւնները խորովածանոցներու վերածուեր էին. սկիզբը զարմացանք՝ գնող կ’ըլլա՞յ: Յետոյ հասկցանք, որ պիւթակազի չգոյութեան մէջ խորոված ուտելը աւելի «յարմար» է, քան տունը ճաշ մը պատրաստելը: Բայց կ’ափսոսայինք քաղաքին գնչու վիճակին: Հիմա երանի կու տանք՝ գոնէ միս կար խորովելու, լոլիկ-վարունգ կար սալատ շինելու … -Միս չկայ, հաւ կայ, աւելի ալ աժան է … Բայց հաւ ալ չկայ: -Հաց-պանիր: -Այդքա՞ն հարուստ են, հաց-պանիր ուտելու չափ: -Աւելի հարուստները հաւկիթ ալ ունին. երեսուն հատին երկու հազար ուզեր են երէկ:

No bread, no electricity, (sometimes) no communications, no fuel, no gas, no wood, rare food, insane expenses, no money, no jobs, no safety, no moral, no life, no something, no nothing, no everything. AleppoSyria. Ասիկա մանչս գրեր էր ՖՊին վրայ, ամիս մը առաջ, հետս խօսելէ ետք: Հիմա այս բոլորը թուելու իսկ շունչ չկայ հալէպցիին վրայ, միայն՝ no nothing:

Ամէն օր շուկայ կ’երթամ՝ նայիմ ի՞նչ կը գտնեմ. Վերջերս ոչ միայն բան չեմ գտներ, այլ եւ ամէն պահ վախը ունիմ «էշ նահատակ» երթալու. Չես գիտեր ո՛ր վայրկեանին, ուրկէ կու գայ հաուն-ը. Ձայն ալ չունի, որ լսես ու տեղ մը մտնես-պահուըտիս. Բայց ի՞նչ ընես, կրնա՞ս շուկայ չերթալ: Կը նայիմ պարապ խանութներուն, մայթերուն ծայրը կեցած կանաչեղէնի եւ պտուղի պարապ կառքերուն, որոնք հիմա մեռեալի նման լաթերով ծածկուած են, եւ սիրտ կը ճմլուի. Առատութեան ու բարիքի մեր քաղաքը հիմա ինք բարիքի կարիք ունի. ի՜նչ անհեթեթ ես, կեանք:

Նորէն կատղեր են. վերջին քանի մը ժամերուն աւելի քան տասը հաուններ ինկան, ահագին վիրաւորներ եւ մեռեալներ սփռելով: Ազատութիւն. Բայց որմէ՞ է որ կը պահանջեն այս ազատութիւնը, ժողովուրդէ՞ն, եւ որովհետեւ ժողովուրդը չի տար այս ազատութիւնը, ուրեմն … կը պատժե՞ն զինք: Ոչ, երբեք չկրցայ հասկնալ եւ բնաւ ալ պիտի չհասկնամ տրամաբանութիւնն ու իմաստը ժողովուրդը ա՛ս տարողութեամբ տառապեցնելուն: Եւ դեռ մինչեւ ե՞րբ: Յետոյ, ինչո՞ւ օրինակ ճիշդ այսօ՛ր յանկարծ սկսաւ հաունի տեղատարափը, երկար շրջան մը հանգիստ մնալէ ետք:

Ալ կը բաւէ անասունի պէս մեր ապրիլը. Մարդկային հիմնական բոլոր իրաւունքներէն զրկուած ենք՝ ջուր, հոսանք, մարդու պէս աշխատանքային առօրեայ …

Կը տեսնե՞ս, քաղաքին այս ծանր պայմաններուն մէջ որքա՜ն մարդկային ողբերգութիւններ կ’ուռճանան, կը բազմապատկուին. Ոչ ոք կը մտածէ, որ քանի քաղաքին պայմանները գրեթէ անապրելի են, գոնէ զիրար չնեղացնենք, իրարու համար խոչընդոտներ չստեղծենք: Ոչ, ամէն մարդ կրցած չարութիւնը սկսած է ընել եւ ատոր անունը ճարպիկութիւն դնել, պայմաններուն արդիւնք որպէս պատճառաբանել: Ասկէ ալ յոգնեցանք:

Բոլորս ալ սկսեր ենք յարդի հսկայ դէզի մը մէջ ոչ թէ ասեղ, այլ յոյս փնտռել. Պիտի գտնե՞նք: Մինչ այդ ինչպէ՞ս ապրիլ:

Երբ փողոցը ընկերուհիիդ հետ կը քալես ու կը խօսիս երէկուան ճաշի հրաւէրիդ մասին՝ «պանիրով մաքարոն կերանք», երբ քեզ յանկարծ կը կեցնէ անծանօթ երիտասարդ մը եւ կ’ըսէ. -Պանիրով մաքարո՞ն կերաք … ճոխ է եղեր ձեր ճաշը … ուրկէ՞ պանիր գտաք … Այն ատեն է, որ կը հասկնաս թէ ի՜նչ տարողութիւն ստացեր է քաղաքիդ շրջափակումը: Յետոյ աշխարհէն բաներ մը իմանալու համար երբ դիմագիրքը կը բանաս եւ քեզ կը դիմաւորէ «քրիստոնէայ ղպթի մը գլխատուած Սինայի մէջ» լուրը, կ’որոշես մնալ նաեւ քու ներքին, հոգեկան շրջափակումիդ մէջ եւ սպասել փրկութեան: Ասոր ապրի՞լ կ’ըսեն: Դուրսերէն հարց կու տան՝ ուտելիք ունի՞ք, եւ դուն «ոչ» կը պատասխանես, այդ դրսեցիները կը լռեն, որովհետեւ ըսելիք չունին: Ե՞րբ պիտի հասկնան որ հարցում ալ տալու չեն, պարզապէս պէտք է լռեն եւ … փորձեն բան մը ԸՆԵԼ:

Դառնութիւնը այսօր կը խեղդէ, որովհետեւ արդէն ամէն բան շատ եղաւ՝ թէ՛ կացութիւնը, թէ՛ սղաճը, թէ՛ ռմբակոծումը, թէ՛ հաունները, թէ՛ անգործութիւնը, թէ՛ …

Կը թուի թէ ամէն բան նոյնը պիտի մնայ, ոչինչ վերջ պիտի գտնէ այս ժխտականներէն, որոնցմով շրջապատուեր ենք հիմա՝ ոչ մօրս վիճակը, ոչ քաղաքին զարնել-փշրել-սպաննելը, ոչ երկրին քաղաքական ճնշումներն ու շրջափակումները: «Բայց ամէն սկսող բան աւարտ ունի», կ’ըսէ ժողովուրդը: Ատոր յոյսին մնացեր ենք՝ եթէ սկսեր է, ուրեմն օր մըն ալ պիտի աւարտի: Միայն թէ ուշ չըլլայ, Տէր Աստուած, ուշ չըլլայ բոլորին եւ ինծի համար:

Գիտէք, չէ՞, այն պատմութիւնը, որ կը պատմէ թէ դժոխքն ու դրախտը երկու նոյնանման սրահներ են, ուր ընթրիքի երկու ճոխ եւ նոյնանման սեղաններ յարդարուած են եւ ուր մարդիկ երկար կոթեր ունեցող դգալներով կ’ընթրեն: Տարբերութիւնը այն է, որ դժոխքին մէջ մարդիկ ուտելու համար անընդհատ զիրար կը վիրաւորեն իրենց դգալներուն կոթերով, մինչ դրախտի մէջ մարդիկ իրարու կը կերցնեն: Հիմա այսպէս է մեր «ազատ» երկրին մէջ՝ մարդիկ իրարու աչք կը հանեն իրենց կէս պատառին համար, որովհետեւ միւս կէսը արդէն թափած կ’ըլլայ ընդհանուր ծեծկըւուքին մէջ…

Կրկին սառեցաւ մատիտս կարծես. Վախը ա՛յս ալ կ’ընէ ուրեմն՝ կը կենաս, կը դադրիս ամբողջ էութեամբդ եւ կը սպասես երկա՜ր, անհատնում ռոպէներ, միշտ յուսալով որ այս ինկած ռումբը վերջինն է արդէն, որովհետեւ աւելին ա՛լ կարելի չէ տանիլ: Բայց կու գայ յաջորդը կարծես աւելի մօտ, աւելի ուժեղ, եւ կը սկսի նոյն սպասումը, ամէն անգամ աւելի խիտ, աւելի ջիղեր լարող: Պատշգամը ինչ աղուոր, գարնանային ջերմութիւն մը կայ, որ հաճելի է հակառակ փոշիին: Բայց պատշգամ կենալ կարելի չէ, հրացանաձգութեան ձայնը մօտ է այնքան, որ կը թուի թէ փամփուշտները քովէդ պիտի անցնին: Արտօրանքով ներս կը մտնես: Արդէն ոչ իսկ մէկ հոգի պատշգամ կեցած: Ուրիշ տարիներ ինչպէ՜ս ամէն մարդ պատշգամը կ’ըլլար այս եղանակին, եւ զրուցողներուն աղմուկը կը խառնուէր թռչուններու շատախօս ծըււըլոցին: Երբեմն դժուարութիւն կ’ունենամ այդ օրերը յիշելու, կարծես բնաւ եղած չըլլան անոնք:

Հիմա է որ իրապէս սկսայ հասկնալ Գրիգոր Զօհրապի չհաւատալը, ես որ կ’այպանէի զինք, թէ այդքան խելացի, դիւանագէտ եւ այլն, ինչպէ՞ս չէր տեսած մօտեցող անխուսափելի աղէտը: Ազնիւ մարդ, որ չի կրնար պատկերացնել իսկ, թէ ինչերո՜ւ ատակ է մարդը, որ անշուշտ «իր նման» չէ:

Կ’ըսուի թէ այս եկող քանի մը օրերուն շատ ծանր եւ մեծ ձայներ պիտի լսուին – արդէն բոլորս ալ կը հասկնանք՝ պայթումներ, հրացանաձգութիւն եւ այլն – ժողովուրդը թող չի վախնայ կ’ըսուի: Կ’ըսուի … Յերիւրանքներ, յերիւրանքներ … ա՛լ չենք գիտեր ինչի՛ հաւատանք: Կար ժամանակ, երբ աշխարհի չորս կողմէն լուրեր կը լսէինք, եւ կրնայինք սանկ-նանկ ըլլալիքը եզրակացնել: Հիմա՞. Կա՛մ այն է, որ բոլոր կողմերն ալ չեն գիտեր թէ ինչ կ’ըլլայ կամ պիտի ըլլայ, որովհետեւ իրենց հակակշիռէն դուրս եկան դէպքերը, կա՛մ ալ այն, որ դիտումնաւոր կերպով ծածուկ կը պահուի ամէն ինչ, նուազագոյնը՝ անակնկալի գործօնը օգտագործելու համար:

Եղածները բաւարար չըլլային կարծես, երէկ երեք, իսկ առջի օր չորս հոգի մահացեր է, կրկին … օղիէն: -Չխմէին ատ զիպիլը, չէ՞ր ըլլար… Անգործութենէ տառապող մարդիկ ի՛նչ ընեն: Յստակ չկրցայ գիտնալ տակաւին, թէ ճիշդ ի՛նչ է պատճառը այս մահերուն. Ալքոլի փոխարէն մէթանոլ գործածե՞լը – աւելի աժան ըլլալուն – թէ՞ այլ թունաւոր նիւթ մը: Խմողները նախ իրենց տեսողութիւնը կը կորսնցնեն, յետոյ կը մեռնին: Ընդհանրապէս երիտասարդներ: Ափսոս չե՞ն: Այս ի՜նչ ջարդ է, տէր Աստուած:

Ամբողջ գիշերը ռմբակոծումը չկեցաւ: Իրապէ՛ս չեմ հասկնար. Պետութիւնը քաղաքը կը քանդէ՞, թէ թշնամիներու դէմ կը պաշտպանուի: Զինեալներ են. պէ՞տք է ռումբեր գործածել անոնց դէմ: Ժողովուրդը յանձնուեր է, չի հասկնար կացութիւնը, չի հասկնար կողմերուն ռազմավարութիւնը, եւ յոգնած է ալ, մեռնելու չափ յոգնած: Իսկ այս վիճակը վերջ չունի: Երանի կարդացած չըլլայի Եասմինա Խատրայի «Քապուլի Ծիծեռնակները». Այդ ընթերցումին ընթացքին իսկ – որ աւելի քան տարի մը առաջ էր – նախազգացումս սկսեր էր փսփսալ եւ վախցնել զիս՝ Հալէպն ալ կրնայ այսպէս ըլլալ, եւ մտնել մոռցուած պատերազմներու շարքը, այս վիճակը կրնայ անորոշաբար երկարի՜լ, երկարի՜լ … ու եթէ՞ միջոց չմնայ հեռանալու, երթալու … Սղութիւնը տանելի չէ …Ուրեմն այս տարի կեռասի խմիջք, օշարակ եւ անուշ պիտի մոռնանք պատրաստել, ինչպէս որ շատեր վարդը մոռցան. -Վարդին քիլօն երեք հարիւր, քիլոյին երեք քիլօ շաքար պէտք է, շաքարին քիլօն հարիւր, է՞ …,- ըսաւ վերի Մակին եւ մոռացութեան տուաւ վարդի անուշ շինելը:

Գիշերը Քեսապ կը հոտի: Քեսապի կարօտ կ’արթնցնէ: Եւ կարօտ մեր պարզ, սովորական, քաղցր կեանքին, զոր մէկ վայրկեանէն միւսը քանդեցին: Քանդուեր է Բերդը, այրեր, կողոպտուեր եւ քանդուեր է ներսի շուկան՝ աշխարհի հնագոյն եւ մեծագոյն գոց շուկան, նախապապը սուփըրմարքէթներուն: Այրուեր են ու քանդուեր մզկիթներ, եկեղեցիներ, հնավայրեր: Մնացեր է մեզի այս մութ երկինքը եւ այս գիշերը, որ անողորմաբար Քեսապ կը յուշէ: Ռումբերը կը շարունակեն աղմուկով եւ սարսափ սփռելով աջ ու ձախ թռչիլ:

Գիտեմ կեանքը ինչպէ՛ս է, չեմ ուզեր ամէն պահու յիշել ատիկա: Նոյնն է արուեստը. արուեստը պէտք է մարդուն յիշեցնէ ոչ թէ կեանքը ինչպէս է, այլ ինչպէս պարտի ըլլալ, ինչպէս կ’երազենք որ ըլլայ՝ գեղեցիկ ու բարի: Եւ գրականութիւնը: Ուրեմն՝ ինչպէ՞ս ապրիլ պատերազմի, բրտութեան եւ խուժդուժութեան այս առօրեան, եւ յետոյ՝ կրկին ապրիլ զայն, աւելի խիտ, աւելի թունդ, գրելով: Ահա թէ ինչու չեմ ուզեր գրել մեր առօրեան, թէեւ լաւ գիտեմ անոր, այդ առօրեան գրելուն անհրաժեշտութիւնը: Կարծես դէպքերը կրկնելով, ընդունած պիտի ըլլամ որ մարդը, այո, ամենէն վայրենին է գազաններուն, թէկուզ՝ ասուն:

Առտուն հացի գացի եւ ճիշդ կէս ժամ ետք եկայ: Խճողումը չէր պատճառը, պարզապէս փուռը կարծես ուշ սկսեր էր աշխատիլ: Հացը, կանաչեղէնի քանի մը տեսակներու հետ՝ լոլիկ, դդում, վարունգ, սմբուկ, աժնցեր է: Բոլորը ուրախ են՝ գոնէ բան մըն ալ կ’աժննայ եղեր: Ամէն մարդ գալիք ձմեռուան հոգը առեր նստեր է. անցեալ ձմեռ շատեր նախորդէն մնացած մազութ ունէին, ժողովուրդը դեռ դրամ ունէր, կրցաւ ինքզինք պահել: Հիմա՞. Ոչ մազութ մնացեր է տուներուն մէջ, ոչ ալ դրամ, ժողովուրդին գրպանը: Գալիքը ծանր է, մութ:

Առաւօտները կը խաբեն մեզ իրենց քաղցրութեամբ, կը թուի թէ ամբողջը մղձաւանջ է, մեր հիւանդ երեւակայութենէն ծնած, թէ ամէն բան լաւ է, որովհետեւ համոզուած էինք որ Հալէպը, այդ անկիւնը մնացած եւ մոռցուած քաղաքը ոչինչ կը պատահի, որովհետեւ ոչ ոք հետաքրքրուած է անով: Եւ քաղաքը ծաղկեցաւ, բարգաւաճեցաւ ու դարձաւ … կռուախնձոր մեր փակ նայուածքներուն տակ:

Չէ, բան մըն ալ չեմ կրնար գրել, կամ մտածել: Եղածը ԵՒ տակաւին ըլլալիքին սարսափը ջլատեր են մանաւանդ կամքս, թէեւ միշտ ալ մտածեր եմ եւ այս մտածումը շատ վաղուց դարձուցեր իմ նշանաբանս՝ «պէտք է ապրիլ, մինչեւ մեռնիլ»: Ապրիլ գլխագրով անշուշտ: Եւ օրերը կ’անցնին պարապ-անիմաստ, առանց մեզի տալու լաւ բան մը ըրած ըլլալու գոհունակութիւնը: Բայց ի՞նչ լաւ բան այսքան սարսափի, բրտութեան, մահի մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.